14.7 C
Yerevan

«Դաշնակցութիւնը թեւա­կո­խեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱ­Նի դարաշրջա­նը»

Յուշա­պա­տում

Ն․ Պէրպէ­րեան

Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն ասդին, յատկա­պէս 1992ին ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆի կողմէ ընկեր ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի Հայաստա­նէն վտա­րումէն սկսեալ եւ Հ․Հ․ անդրա­նիկ նախա­գա­հի իսկ բերնէն ելած վերագրումով, յաճախ քաշքշուե­ցաւ ինչ-որ քակէ­պէ­յա­կան Քալուկի­նի մը յաւակնոտ այն յայտա­րա­րութիւնը, ըստ որուն՝ խորհրդա­յին «ամե­նա­զօր» պետա­կան անվտանգութեան սպա­սարկութիւնը 1972ին, Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, իբր թէ «թափանցած է» Դաշնակցութեան մէջ եւ իր «սայլին լծած է» մեր կուսակցութիւնը։

Օրին եւ անկէ ետք ժամա­նակ առ ժամա­նակ՝ Դաշնակցութիւնը պաշտօ­նա­պէս թէ անպաշտօն կերպով հերքած է այդ ապա­տե­ղե­կա­տուութիւնը։

Բայց այս նիւթին առնչութեամբ յիշո­ղութեանս մէջ անջնջե­լիօ­րէն արձա­նագրուած է ուսա­նո­ղա­կա­նի՝ զաւա­րեա­նա­կա­նի մեր օրե­րէն եզրա­յանգում մը, որ թէեւ բացարձա­կա­պէս կապ չէ ունե­ցած «խորհրդա­յին» կամ «քակէ­պէ­յա­կան» որեւէ թափանցումի կապուած վարկա­ծի կամ հակա­դաշնակցա­կան որեւէ քարոզչութեան հետ, բայց որ Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վը ըստ ամե­նայնի վճռո­րոշ ԴԱՐՁԱԿԷՏ մը նկա­տած է Դաշնակցութեան կեանքին մէջ։

Ակնարկութիւնը կը վերա­բե­րի խորագրին մէջ բանա­ձեւուած մտա­ծումին, թէ՝
1972ի Ընդհա­նուր Ժողո­վին «Դաշնակցութիւնը թեւա­կո­խեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի դարաշրջա­նը»։

Ահա յիշո­ղութեանս մէջ գամուած յուշի այդ պատա­ռի­կը։

*
* *

1970ին, Հ․Յ․Դ․ «Զաւա­րեան» Ուսա­նո­ղա­կան Միութեան իբրեւ օժանդա­կի անդա­մակցե­լու շրջա­նիս, ճանչցայ այդ ատեն վարչութեան ատե­նա­պետ ընկեր ՎԱՉԷ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆը։

Մեր առա­ջին իսկ ծանօ­թա­ցումէն ստեղծուե­ցաւ կապ մը, որ կուսակցա­կա­նէն անդին անցաւ եւ աւե­լիրն եղաւ՝ գաղա­փա­րա­կան, ընկե­րա­յին ու անձնա­կան մտերմութեան եւ հարա­զա­տութեան յանգե­լով։

Կարճ ժամա­նա­կով Վաչէի Գանա­տա ուսումը ամբողջացնե­լու երթա­լէն եւ Լիբա­նան վերա­դառնա­լէն ետք՝ այն աստի­ճան մտե­րիմ ու անբա­ժան ԸՆԿԵՐՆԵՐ եղանք եւ կուսակցա­կան մեր կեանքը միա­սին՝ կողք-կողքի հարթե­ցինք աւե­լի քան տասը տարի­ներ, որ մեր օրի­նա­կը ի մտի ունե­նա­լով եւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԸ կուսակցա­կան սխալ տնօ­րի­նումնե­րու դէմ պաշտպա­նե­լու ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ու ԸՄԲՈՍՏ մեր ՎԱՐՔԱԳԻԾը դատա­պարտե­լով՝ 1982ին, Ֆրանսա­յի մէջ գումա­րուած Հ․Յ․Դ․ երի­տա­սարդա­կան եւ ուսա­նո­ղա­կան միութիւննե­րու խորհրդա­ժո­ղո­վի մը ընթացքին, օրուան Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցիչ ընկեր Հրայր Մարուխեան ահա­զանգ հնչե­ցուց յեղա­փո­խա­կան եւ ընկերվա­րա­կան մեր երի­տա­սարդութեան կողմէ դրսեւո­րուած զիրար պաշտպա­նե­լու «ԸՆԿԵՐ-Ա-ՎԱՐԻ-ՈՒԹԵԱՆ» դէմ։

Անարդար էր «ընկեր-ա-վար-ութեան» մէջ ինձ մեղադրե­լու մեր ՄԵԾ ԸՆԿԵՐՈՋ այդ մեղադրանքը։ Եւ օրին՝ 1982ի այդ ժողո­վին, բնա­կա­նա­բար չունէի այսօ­րուան իմ կուտա­կած ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ եւ ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ կենսա­փորձս, որպէսզի Ընկեր Մարուխեա­նին իմ տարա­կարծիք ըլլալս ու տեսա­կէտս արտա­յայտէի ու պաշտպա­նէի տեղւոյն վրայ։

Բայց հետա­գայ ամիսնե­րուն եւ յաջորդ երեք տարի­նե­րուն՝ այդ հարցին եւ ընդհանրա­պէս բարո­յա­կան, գաղա­փա­րա­կան եւ կազմա­կերպա­կան մեր աւանդնե­րուն նուի­րուած ամբողջ շարք մը գրե­ցի «ԱԶԴԱԿ ՇԱԲԱԹՕՐԵԱԿ-ԴՐՕՇԱԿ»ի էջե­րուն, ԽԱԺԱԿ ստո­րագրութեամբ հրա­պա­րա­կուած իմ «Ընկե­րա­կան Զրոյցներ»ուս մէջ։

*
* *

Ընկեր Մարուխեա­նի հետ փոխա­դարձ ՀԱՄԱՐՈՒՄի եւ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կապ մը մեզ մօտե­ցուցած էր իրա­րու առա­ջին մեր հանդի­պումէն իսկ՝ 1972ին, Հ․Յ․Դ․ Լիբա­նա­նի Շրջա­նա­յին Ժողո­վի ընթացքին։

Իսկ 1982ի Յունուա­րին հրաւի­րուած էի «ԴՐՕՇԱԿ»ի խմբագրութեան միա­նա­լու, որպէսզի ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի օգնա­կան խմբա­գի­րը ըլլա­լու պատասխա­նա­տուութիւնը ստանձնեմ։

Մինչ հրաւի­րո­ղը ի պաշտօ­նէ ընկեր Զէյթլեանն էր, բայց նաեւ ընկեր Մարուխեա­նը միա­ցած էր Բիւրո­յի ԸՆԿԵՐ ԽՄԲԱԳԻՐին, որպէսզի ես որո­շեմ «Ազդակ»էն բաժնուիլ ու միա­նալ Բիւրո­յի աշխա­տա­կազմին, ինչին ես պատրաստ չէի՝ իմ «կազմաւորման օճախս» եղող ու որո­շա­պէս հրա­պա­րա­կագրի եւ խմբագրի ՊԱՏՈՒԱՆԴԱՆս հանդի­սա­ցած «Ազդակ»ը եւ անոր երեք տարուան անփորձ տնօ­րէն ընկերս՝ Վաչէ Տարագճեա­նը իրենց «իւղով տապկուե­լու» բախտին չլքե­լու տրա­մա­բա­նութեամբ։

Այս բոլո­րը մանրա­մասնութեամբ կը յիշեմ՝ որովհե­տեւ նկա­րագրով ու վարքուբարքով ԱՆՀԱՄԱՏԵՂԵԼԻ այս ԵՐԵՔ անհա­տա­կա­նութեանց միջեւ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ իւրա­յա­տուկ, թերեւս նաեւ ՉԳԻՏԱԿՑՈՒԱԾ ԿԱՊ մը կար։

Ժամա­նակնե­րը բերին այնպէս, որ անոնք‘ երեքն ալ մասնա­կից եղան Դաշնակցութեան մեր ժամա­նակնե­րու շրջա­դարձա­յին ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎին, որ 1972ին Վիեննա­յի մէջ գումա­րուած Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողովն էր։

Մինչ Հրայր Մարուխեան եւ Սարգիս Զէյթլեան ՏԱՐԵԿԻՑՆԵՐ էին՝ յաջորդա­բար 1928ի եւ 1930ի ծնունդ ըլլա­լով, անդին Վաչէ Տարագճեան աւե­լի քան 15 տարիով կրտսեր էր՝ 1945–1946ի ծնունդ ըլլա­լով։

Նաեւ՝ կուսակցա­կան ցենզի ու վաստա­կի առումով, անշուշտ, բաղդա­տա­կան եզր չկար երե­քին միջեւ։

Աւելի՛ն․ մինչ Հրայր Մարուխեան արդէն Հ․Յ․Դ․ Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չի, իսկ Սարգիս Զէյթլեան Հ․Յ․Դ․ Լիբա­նա­նի Կ․Կոմիտէի ներկա­յա­ցուցի­չի ՀԱՍՏԱՏՈՒՆ հանգա­մանքնե­րով կը մասնակցէին ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ ՈՒՂԵԳԻԾ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼՈՒ կոչուած այդ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ժողո­վին, Վաչէ Տարագճեան պարզա­պէս Հ․Յ․Դ․ «Զաւա­րեան» Ուսա­նո­ղա­կան Միութեան կողմէ ընտրուած պատգա­մաւոր էր, որ թէեւ վարչա­կան ալ չէր, բայց այդ տարի­նե­րուն Ուսա­նո­ղա­կա­նը վերա­նո­րո­գած եւ մեծա­մասնութեան կշիռ ստա­ցած պուրճ-համուտցի զաւա­րեա­նա­կաննե­րուս վստա­հութիւնն ու համա­րումը կը վայե­լէր։

*
* *

Ամէն պարա­գա­յի, Հ․Յ․Դ․ 20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին, ընկերներ Հ․ Մարուխեա­նի եւ Ս․ Զէյթլեա­նի միա­ցեալ նախա­ձեռնութեամբ, ամուր հիմե­րու վրայ դրուե­ցաւ 1963ի Հ․Յ․Դ․ 18րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին ճամբայ ելած եւ այդ ժողո­վին ընտրուած Բիւրո­յի ներկա­յա­ցուցի­չին՝ ընկեր բժիշկ ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱ­ՔԵԱ­Նի շուրջ խմբուած երի­տա­սարդ ու մտաւո­րա­կան դաշնակցա­կաննե­րու ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ կեանքի կոչե­լու գաղա­փա­րա­կան շարժումը, որ այդ օրե­րու Բիւրո­յի կազմին մէջ ԲԱԲԳԷՆ ՓԱՓԱ­ԶԵԱ­Նի եւ ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի, ապա 1967ին ընկեր ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆի Բիւրօ ընտրութեամբ իր կտրած ուղին ամբողջա­ցուց եւ ամրագրեց ընկեր ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի Բիւրօ ընտրութեամբ։

(Այլ առի­թով անդրա­դարձի արժա­նի են այս ՔԱՌԵԱԿէն դուրս պահուած անուննե­րը իրե­րա­յա­ջորդ Բիւրո­նե­րու մէջ անոնց գործա­կից ու ուղե­կից ԲԻՒՐՈՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ՝ ընկեր ՎԱՉԻԿ ՂԱՐԱԲԷԿԵԱՆի, ընկեր ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՈՒՐՖԱ­ԼԵԱ­Նի, տոքթ․ ՀՐԱՉ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի, ընկեր ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆի եւ միւս ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ

Յուշա­պա­տումի այս պատա­ռի­կի մեկնա­կէ­տին պարա­գա­յա­բար չէր, որ առանձնա­ցուե­ցաւ անունը հանգուցեալ ընկեր Վաչէ Տարագճեա­նի։

20րդ Ընդհա­նուր Ժողո­վին ան համարձա­կօ­րէն հնչե­ցուցած էր մեր սերունդին բարձրա­ձայնած ԻՆՔՆԱՄԱՔՐՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋը՝ Պուրճ Համուտը ձերբա­զա­տե­լու Դաշնակցութեան դրօ­շին տակ ԾԱՌԱՅԵԼՈՒ զինուո­րագրուած, բայց ժամա­նա­կի ընթացքին ԲԱՐՈՅԱՊԷՍ ԱՅԼԱՍԵՐԱԾ ու ՍԱՅԹԱՔԱԾ վնա­սա­կար տարրե­րէն․․․

Հ․Յ․Դ․ Քսա­նե­րորդ Ընդհա­նուր Ժողո­վէն Պէյրութ վերա­դարձին, ընկերս ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՄԲ կը փոխանցէր, որ այդ ժողո­վին ինք իր ԿՐԱԿԻ ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆը ստա­ցաւ իբրեւ Դաշնակցա­կա­նի, որովհե­տեւ տեսաւ եւ իր փոքր ներդրումով հաստա­տեց, թէ ինչպէ՜ս՝

- «Դաշնակցութիւնը թեւա­կո­խեց ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆի դարաշրջանը»։Իր կարգին ընկեր Հրայր աւե­լի քան չորս տարի՝ 1977էն մինչեւ 1982, աշխարհի չորս ծագե­րուն մեր ընկերնե­րուն եւ մարմիննե­րուն ներկա­յա­ցուց Վաչէ Տարագճեա­նին՝ իբրեւ իր վստա­հութեան արժա­նի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԳՈՐԾԻՉի։

Առնչվող Հոդվածներ