Յեղափոխութիւնը գաղափարներու յարափոփոխ գործընթաց է
Յարութ Գալայճեան
Իրերի հոսանքը աւելի ուժեղ է, քան ամենահզօր բռնակալը։
Երբ ազատ հայրենիքի իդէալը ծնունդ է առնում ու ձեւակերպւում է մարդկանց գիտակցութեան մէջ, նա ձգտում է անդիմադրելի կերպով հարթել իր ճանապարհը, ոչնչացնելով բոլոր հինաւուրց կաղապարները, բոլոր քարացած կաղապարները, բոլոր քարացած “կաստա”ները, բոլոր ազնուականութիւններն ու իշխանութիւնները, որոնք յաւիտեան թագաւորելու տենչանքն ունին։ Երբ գաղափարը կաշկանդւում է իր բնականոն առաջխաղացութեան մէջ, նա դիմում է յեղաշրջումների ու “կատաստրոֆ”ների, նա դիմում է մեծ մարդկանց օգնութեան, բայց աւելի յաճախ նա կոչ է անում ժողովրդային մեծ զանգուածներին, “մասսա”ներին …Նրա յաղթական սլացքի առաջ յետ է նահանջում ամենանրբացած դիւանագիտութիւնը, օդն են ցնդում «հաւասարակշռութեան», “statu quo”-ի “թէորիա”ները…
Ազատ հայրենիքը պէտք է յաղթանակէ՜ր, իբրեւ պահանջ քաղաքակրթութեան, իբրեւ “պոստուլատ” համամարդկային հոգեբանութեան։
Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծագոյն տեսաբանին կը պատկանին վերոյիշեալ տողերը, որոնք այնքա՜ն այժմէական են եւ մեզ՝ դեռեւս կը ներշնչեն իրենց ազգային եւ ընկերվարական գաղափարներով։
Ան, հաւատաւոր այն դաշնակցականն էր՝ որ անտեղիտալիօրէն կը հաւատար թէ “հայ լեզուն ինքնին մեր հայրենիքն է” եւ “յեղափոխութիւնը յարափոփոխ գործընթաց է” գաղափարներուն։