24.7 C
Yerevan

Պատգա­մի Հասա­նե­լիութեան Մասին

Սերոբ Սերայտա­րեան

Հայաստա­նեան քաղա­քա­կան դաշտի կայացման, աւե­լի ճիշտ՝ չկա­յա­նա­լու փաստին երկու կարծիք չկայ մեր հասա­րա­կութեան մէջ։

Հասկնա­լի է թէ համա­կարգա­յին իսկա­կան փոփո­խութեան համար անհրա­ժեշտ է նպա­տա­կա­յին աշխա­տող իշխա­նութիւն և կայա­ցած ընդի­մութիւն, ընդի­մութիւն մը որ ի վիճա­կի ըլլայ իր առա­ջադրանքնե­րով, իր ծրա­գիրնե­րով և իր քաղա­քա­կան պատգա­մով ստեղծել իրմով և իր շուրջը այնպի­սի կշիռ, այնպի­սի ծանրութիւն, որ կարե­նայ դառնալ ճնշող ազդակ ուղղորդե­լու համար իշխա­նութիւննե­րու սխալնե­րը, զսպե­լու, զանոնք սայթա­քումնե­րէ հեռու պահե­լու համար, և ինչո՞ւ չէ նաեւ, որպէս այլընտրանք, ժողո­վուրդի մեծա­մասնութեան վստա­հութիւնը շահած, փոխա­րի­նե­լու զանոնք։

Դժբախտա­բար, այսօր թէ՛ իշխա­նութիւննե­րը և թէ ընդի­մութիւնը հեռու են այդ վիճա­կէն։ Եւ որովհե­տեւ իշխա­նութիւննե­րու և ընդի­մութեան կայացման հոլո­վոյթին անհրա­ժեշտ է երկար անդրա­դառնալ, այս գրութեամբս պիտի սահմա­նա­փա­կուիմ ընդի­մութեան հանդէպ ժողովրդա­յին տրա­մադրութեան դրա­կան աճի բացա­կա­յութեան, կամ աննշան յառա­ջընթա­ցին պատճառնե­րու վերլուծումով։

Արդա­րեւ, փորձ կը կատա­րուի երբեմն քիչ թէ շատ ներդաշնակ ծրագրեր ու գաղա­փարներ հրա­պա­րակ դնել, որով ընդի­մութիւնը ինքզինք կ’ա­ռա­ջադրէ որպէս վստա­հե­լի և վաւե­րա­կան այլընտրանք։ Սակայն այդ առա­ջադրանքը եւ ծրագրե­րը չեն հասնիր ժողո­վուրդին, հաղորդակցութեան միջոցնե­րու անբաւա­րաութեան և անոնց հանդէպ վստա­հութեան պակա­սի պատճա­ռաւ։

Երկրորդ հիմնա­կան դժուա­րութիւնը ընդի­մութեան պատգա­մին ժողո­վուրդին կողմէ չհասկցուի­լը կամ այդ պատգա­մի մերժումն է։ Այս իրո­ղութիւնը հիմնա­կա­նին մէջ արդիւնքն է երկու տուեա­լի.

Առա­ջին․ պատգա­մի բովանդա­կութեան կամ ձեւա­կերպումին
Երկրորդ․ պատգա­մը փոխանցող անձին կամ մարմնին վայե­լած, աւե­լի ճիշտ, չվա­յե­լած հեղի­նա­կութեան։

Հոս նոյնքան կարեւոր է պատգա­մին խմբագրումը որքան պատգա­մը փոխանցո­ղին մասին հանրութեան մօտ ձեւաւո­րուած պատկե­րա­ցումը։ Ահա թէ ինչու անհրա­ժեշտ է պատգա­մը փոխանցող դէմքե­րու փոփո­խութիւնը։

Եզրա­կացնեմ ըսե­լով, թէ կարե­լի չէ հասա­րա­կութիւնը մեղադրել այս կամ այն ուժին պատգա­մին անհա­ղորդ մնա­լուն։ Հարցը վերեւ նշուածնե­րուն մէջ պէտք է փնտռել։

Առնչվող Հոդվածներ