26.4 C
Yerevan

«Ոչ մէկը իրաւունք չունի խախտե­լու կուսակցա­կան կարգա­պա­հութիւնը» — Բայց «չէ՞ որ մենք բոլորս երդում ենք տուել»․․․

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար երդում տուած եւ ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆը կառուցե­լու եւ հզօ­րացնե­լու, այլեւ ՄԱՔՈՒՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ԿԱՌԱՎԱՐՈՂ իշխա­նութիւննե­րով օժտե­լու մերօ­րեայ պայքա­րին ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՄԲ զինուո­րագրուած ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ բոլոր ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ յանուն նոյն այդ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐի վերա­թարմացման եւ նորո­վի ժողովրդա­կա­նացման, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի ցաւա­տանջ սրտե­րա­կին բաբա­խումով ոգո­րող եւ անվե­հեր բազկե­րա­կով կռուի դաշտ նետուող ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ կը հարթեն ու ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ կը հունաւո­րեն, մանաւա՛նդ եւ կը ձերբա­զա­տեն ամէն կարգի ՄՈԼԱԽՈՏԵՐէ ու ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐէ։

Այսօր ուշադրութիւնս գրաւեց Հայաստա­նի մէջ 30 տարուան դաշնակցա­կան կուսակցա­կա­նի ճամբայ անցած գրո­ղի մը ԲԱՐԱՑՈՒՑԱԿԱՆ մէկ ակնարկութիւնը, որ Ազգին ու Հայրե­նի­քին ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ համար ՆՈՐ ՈՒՂԻ որո­նող դաշնակցա­կաննե­րուն դաս կու տայ՝ ըսե­լով․
- «Ոչ մէկը իրաւունք չունի խախտե­լու կուսակցա­կան կարգա­պա­հութիւնը»։

Բարի լոյս՝ ՄԻՋՈՑը ՆՊԱՏԱԿի վերա­ծած այսօ­րի­նակ ԿՈՒՍԱԿՑԱՄՈԼՆԵՐՈՒՆ հայրա­բար նայող ու ԻՆՔՆԱՍՐԲԱԳՐՄԱՆ ուղին ցոյց տուող ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք անկասկած նաեւ մեղաւոր են ու պատասխա­նա­տու՝ այսպի­սի՛ ՄՈԼՈՐԵԱԼՆԵՐու Հ․Յ․Դ․ ՏԱՃԱՐ ՄՈՒՏՔը ատե­նին արտօ­նած ըլլա­լու իրենց ԼԱՅՆԱՍՐՏՈՒԹԵԱՆ համար․․․
Մանաւանդ որ ամէ­նուր ցաւով կը նկա­տենք, թէ Հ․Յ․Դ․ կազմա­կերպութեան ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐԷ պարպուի­լը այսօ­րի­նակ կուսակցա­կաննե­րը ՆԱՐԳԻՍԱԿԱՆՕՐԷՆ կ՚արդարացնեն ըսե­լով՝
- «Չէ՞ որ մենք բոլորս երդում ենք տուել»․․․
Բայց ի՜նչ ԵՐԴՈՒՄի մասին է խօսքը։

Բարի լոյս՝ մոռացման ու մոլո­րումի գրկին մէջ ԵՐՋԱՆԻԿ ՆԻՐՀՈՂ ԵՐԱԶՈՂՆԵՐՈՒՆ։

Մենք երդում տուած ենք մեր ժողո­վուրդին ու հայրե­նի­քին ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ համար, որուն անփո­խա­րի­նե­լի ԵՐԱՇԽԻՔը Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութեան ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐ ՀԶՕՐ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐՏՈՒՄՆ Է՝ ի հարկին առանց հայաստա­նեան այն կուսակցութեան, որ միայն անունով աղերս ունի Հ․Յ․Դ․ի հետ, բայց որուն ըստ երեւոյթին չի՛ յուզեր Հայաստա­նը պահող ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՑԱՒԱՏԱՆՋ ՍԻՐՏԸ։

Առնչվող Հոդվածներ