24.7 C
Yerevan

37 Տարի առաջ այս օրը

Սեպտեմբեր 20, 1983 Պուրճ-Համուտ, Պէյրութ, Լիբա­նան

Զարեհ Եահնիեան

Կղե­րա­կան միջնորդի Օրհնութեամբ վերջին անգամ մատներս դպաւ քեզ բայց այս անգամ ոչ թէ կատա­կով ինչպէս միշտ կընէինք այլ երկու ամիս առաջ նահա­տա­կուած հոգիիդ, անշնչա­ցած մարմնիդ, մոմով կնքուած փակ չոր դագա­ղիդ, 37 տարի առաջ այս օրը կղե­րա­կա­նի օրհնութեամբ հողին յանձնե­ցինք քեզ սիրե­լի եղբայրս, քեզ եւ 4 ընկերնե­րուդ․

Հաւա­նա­բար Մօրդ Արգանդին մէջ արդէն գիտէիր որ ծնունդ կառնէս հողէն որպէսզի հողին վերա­դառնաս բայց դուն ուրիշ տեսակ հողի երթալ կուզէիր, կուզէիր հող մտնել յանուն Մայր Հողի եւ կատա­րե­ցիր խոստումդ, կատա­րե­ցիր Երդումդ, կատա­րե­ցիր Իղձդ, Յանուն Մայր Հողի, Յանուն Հայաստա­նի երա­զին, յանուն Ազգա­յին Հայաստա­նի, Յանուն Ազատ Անկախ Միա­ցեալ Հայաստա­նի տեսլա­կա­նի, Յանուն միլիո­նաւոր անմեղ հոգի­նե­րու, Յանուն ընտա­նի­քիդ, քեզ ծնող Մօր եւ Հօր, Եղբօր ու Քրոջ, մտար հող 37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը․

21 Տարի ապրե­ցար օտար հողի վրայ, նահա­տա­կուե­ցար Օտար հողի վրայ, 37 տարի է կը ննջես օտար հողի մէջ, 58 Տարի օտա­րութեան մէջ երբ կ’ե­րա­զէիր միայն եւ միայն Հայաստան։

Հանգչիր խաղա­ղութեամբ ընկերնե­րուդ հետ միա­սին օտար հողի մէջ, երեւի ձեր ճակա­տա­գիրն ալ այս էր եղբայրս, ծնիլ, ապրիլ, նահա­տա­կուիլ, եւ թաղուիլ օտար հողի մէջ․․․

Բայց իմա­ցիր որ քո փափաքնե­րը, քու երազնե­րը, ինքս նաեւ ուրիշ ընկերներ կը փորձենք կոր մեր ուսե­րուն վերցնել եւ հոսանքին հակա­ռակ լողա­լով գոյա­տեւել քո այնքան պաշտած, այնքան փառա­բա­նած Ազատ անկախ միա­ցեալ Հայաստա­նի մի փոքր հատուա­ծի մէջ ապրե­լով այն յոյսով որ պիտի գայ օրը եւ երազդ պիտի իրա­կա­նութիւն դառնայ, դուն ընկերնե­րուդ հետ միա­սին պիտի միա­նաք Անդրա­նի­կին Դրօ­յին Սօսէին եւ միւսնե­րուն որպէսզի վերա­կանգնէք այն Սրբութիւննե­րը որոնք այսօր մէկ առ մէկ արմա­տա­խիլ ըլլա­լու եւ իսպառ ջնջուե­լու վտանգի առջեւ կանգնած են․․․

37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը․․․

Ամբողջությամբ՝

Առնչվող Հոդվածներ