սոց ցանց

37 Տարի առաջ այս օրը

Սեպտեմբեր 20, 1983 Պուրճ-Համուտ, Պէյրութ, Լիբանան

Զարեհ Եահնիեան

Կղերական միջնորդի Օրհնութեամբ վերջին անգամ մատներս դպաւ քեզ բայց այս անգամ ոչ թէ կատակով ինչպէս միշտ կընէինք այլ երկու ամիս առաջ նահատակուած հոգիիդ, անշնչացած մարմնիդ, մոմով կնքուած փակ չոր դագաղիդ, 37 տարի առաջ այս օրը կղերականի օրհնութեամբ հողին յանձնեցինք քեզ սիրելի եղբայրս, քեզ եւ 4 ընկերներուդ․

Հաւանաբար Մօրդ Արգանդին մէջ արդէն գիտէիր որ ծնունդ կառնէս հողէն որպէսզի հողին վերադառնաս բայց դուն ուրիշ տեսակ հողի երթալ կուզէիր, կուզէիր հող մտնել յանուն Մայր Հողի եւ կատարեցիր խոստումդ, կատարեցիր Երդումդ, կատարեցիր Իղձդ, Յանուն Մայր Հողի, Յանուն Հայաստանի երազին, յանուն Ազգային Հայաստանի, Յանուն Ազատ Անկախ Միացեալ Հայաստանի տեսլականի, Յանուն միլիոնաւոր անմեղ հոգիներու, Յանուն ընտանիքիդ, քեզ ծնող Մօր եւ Հօր, Եղբօր ու Քրոջ, մտար հող 37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը․

21 Տարի ապրեցար օտար հողի վրայ, նահատակուեցար Օտար հողի վրայ, 37 տարի է կը ննջես օտար հողի մէջ, 58 Տարի օտարութեան մէջ երբ կ’երազէիր միայն եւ միայն Հայաստան։

Հանգչիր խաղաղութեամբ ընկերներուդ հետ միասին օտար հողի մէջ, երեւի ձեր ճակատագիրն ալ այս էր եղբայրս, ծնիլ, ապրիլ, նահատակուիլ, եւ թաղուիլ օտար հողի մէջ․․․

Բայց իմացիր որ քո փափաքները, քու երազները, ինքս նաեւ ուրիշ ընկերներ կը փորձենք կոր մեր ուսերուն վերցնել եւ հոսանքին հակառակ լողալով գոյատեւել քո այնքան պաշտած, այնքան փառաբանած Ազատ անկախ միացեալ Հայաստանի մի փոքր հատուածի մէջ ապրելով այն յոյսով որ պիտի գայ օրը եւ երազդ պիտի իրականութիւն դառնայ, դուն ընկերներուդ հետ միասին պիտի միանաք Անդրանիկին Դրօյին Սօսէին եւ միւսներուն որպէսզի վերականգնէք այն Սրբութիւնները որոնք այսօր մէկ առ մէկ արմատախիլ ըլլալու եւ իսպառ ջնջուելու վտանգի առջեւ կանգնած են․․․

37 տարի առաջ ճիշդ այս օրը․․․

Ամբողջությամբ՝

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *