Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս Հայաստանի մէջ ներդրում մը ընելու գաղափարը խարսխուեցաւ ձեր մէջ։
— 2000 թուականին առաջին անգամ ըլլալով ես ու կինս` Նայիրին այցելեցինք Հայաստան եւ ուղղակի սիրահարուեցանք անոր։ Շատ լաւ տպաւորութիւններով վերադարձանք Գանատա ու քանի մը անգամ եւս այցելելէ ետք որոշեցի, որ Հայաստանը առօրեայ կեանքիս մէջ պէտք է աւելի ներկայ ըլլայ, ուստի զբօսաշրջիկ ըլլալու հանգամանքը շրջանցեցի եւ ծրագիր մը մշակելով հայրենիքիս հետ աւելի առընչուեցայ։ 2002-ին նորաշէն շէնքէ մը բնակարան գնեցինք ու այդ տունը մեզի յանձնուեցաւ 2004-ին։ Մինչ այդ աշխատանքային մի քանի ծրագիրներով վերադարձայ Երեւան։ Առաջին անգամ Արմաւիրի մարզէն հողաշերտ մը գնեցի ու ինծի խրախուսող գիւղատնտես տեղացի ընկերոջս խորհուրդին ականջ տալով պտղատու ծառեր ցանեցինք։ Երկու տարի անցաւ ի զուր եւ գումարներ ծախսուեցան առանց արդիւնք ստանալու։ Յուսախաբութիւն ապրեցայ, սակայն չյանձնուեցայ ու որոշեցի ուրիշին առաջնորդութեամբ ծրագիրներ չմշակել, այլ իմ մասնագիտութեանս ծիրէն ներս մնալ ու անպայման յաջողիլ։
Հարցում։ Ի՞նչ էր այդ նոր ներդրումը եւ ինչպի՞սի հանգրուաններէ անցաք յաջողութեան հասնելու համար։
— Ես մասնագիտութեամբ ակնագէտ եմ, Թորոնթոյի մէջ ունիմ ակնաբուժային կեդրոններ, որոնք նախնական հոգատարութիւն primary care կ’ապահովեն հիւանդներուն եւ որոնց մէջ կ’աշխատին վեց ակնաբուժներ, իւրաքանչիւր կեդրոնի մէջ կայ optic-ական ակնոցներ վաճառելու եւ contact lense պատրաստելու բաժին ու տարալուծարան։ Ուզեցի ասոր միեւնոյն պատճենը ձեռնարկել Հայաստանի մէջ եւ 2004-ին ձմրան Հայաստան մեկնեցայ ու զանազան պրպտումներէ ետք անդրադարձայ, որ հոն արեւմտեան չափանիշներով արդիական ակնաբուժարաններ եւ ակնային ախտորոշման կեդրոններ չկան։ Ծրագրի իրականացման նախնական աշխատանքները մշակած ժամանակ, Թորոնթոյի ակնաբոյժ ընկերներէս մէկը, հանգուցեալ ակնաբոյժ` Նատիա Ինճէեան, խանդավառուած ուզեց մաս կազմել անոր եւ 2005-ի ամրան OPTOMED CANADA ակնային ախտորոշման կեդրոնի բացումը կատարեցինք Երեւանի Ալեք Մանուկեան փողոցին վրայ, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի business կեդրոնին երկրորդ յարկին մէջ, ուր պաշտօնավարող ակնաբուժները վերապատրաստած էինք Գանատական չափանիշներով, նոյնիսկ հարկ եղած պարագային Ամերիկա ուղարկեցինք զանոնք՝ վերապատրաստման նպատակով։ 2005-էն սկսեալ ակնաբուժարանը սկսաւ գործել եւ մենք սկսանք համագործակցիլ տեղւոյն ակնաբուժական հիւանդանոցներուն հետ։
Արդեօ՞ք հեզասահ կ’ընթանար այդ համագործակցութիւնը եւ ինչպի՞սի պայմաններ կը պահաջնուէր ձեզմէ։
— Ախտորոշում կայացնելէ ետք հիւանդանոց մտնելու կարիք ունեցողները կը ղրկէինք հոն, եւ փոխադարձաբար, հիւնդանոցին մէջ ախտորոշում պահանջող պարագաները մեզի կ’ուղարկէին անոնք։ Սկիզբի շրջանը հեզասահ անցաւ, սակայն հետզհետէ դադրեցուցին համագործակցութիւնը, որովհետեւ «տակից» գումարներ, այսինքն՝ կաշառք կը պահանջէին հիւանդ ուղարկող բժիշկները եւ այդ մէկը շատ խոտոր էր ինծի համար ու դէմ էր սկզբունքներուս, երբ որ մերժեցի, սկսան հարցերու տեղ տալ, հիւանդ չուղարկել եւ իսկոյն մեր ակնաբուժական կենդրոնը դարձաւ ամայի։ Չյանձնուեցանք եւ հակառակ այդ դժուարութիւններուն շատ ուժեղ գովազդային արշաւ մը սկսանք` հեռուստացոյցի, ռատիոյի եւ թերթերու միջոցաւ ու քանի մը ամիսէն վերականգնեցաւ մեր աշխատանքը։ Երկու տարիներու ընթացքին շարունակեցինք գովազդել։ Հայաստանի ժողովուրդին եկամուտին համեմատ պէտք էր յարմարցնէինք ախտորոշման սակագիները, հետեւաբար մեր ըրած ծախսերը, արդի եւ նորաոճ գործիքներու գիները եւ ընդհանրապէս գործարկը շահ չէր ապահովեր, հետեւաբար առաջին չորս-հինգ տարին բաւական դժուար եղաւ մեզի համար ու անընդհատ ներդրումներ ընելով եւ համբերատարութեամբ յաղթահարեցինք այդ դժուարութիւնները։
Որքա՞ն ժամանակ եւ ճիգ պահանջուեցաւ ձեզմէ մինչեւ եկամտաբեր դարձնէք այս գործարքը։
—Անցեալին, բժշկուհի Նատիա Ինճէեանին մահուան առթիւ, Թորոնթոյի մէջ մի քանի անգամ նշուեցաւ, որ մեր հիմնարկը բարեգործական էր. այդ ժամանակ յարմար չէր սրբագրութիւններ ընելը, սակայն հիմա առիթն է յայտնելու, թէ մեր հիմնարկը առաջին իսկ օրէն վճարովի եղած է եւ ոչ բարեգործական։ Առաջին հինգ տարիները անցնելէ ետք Նատիան, որ 50% տոկոսով գործընկեր էր, դուրս եկաւ ընկերութենէն եւ ես շարունակեցի առանձին պայքար մղել եւ սասունցիի կէներովս ու վճռակամութեամբս չյանձնուեցայ դժուարութիւններուն։ Բարեբախտաբար, երկու տարի անցնելէ ետք ու նոր ծրագիրներ մշակելու արդիւնքով ցած եկամուտ ունեցող ու վնասող ընկերութիւնը սկսաւ շահաբեր դառնալ եւ ատիկա մեզի հնարաւորութիւն տուաւ յաւելեալ ներդրումներ ընելու։ Ահաւասի՛կ, այսօր, 15 տարին անցած է եւ փառք Աստուծոյ, ընդալայնած գործարքը շահաբեր է եւ քլինիքի կողքին ունինք optic-ական ծառայութիւններ, որոնց արտադրութիւնը կ’ըլլայ Թորոնթոյի մէջ եւ կ’ուղարկուի Հայաստան։ Այսօրուան դրութեամբ, մեր հիւանդները մէկուկէս-երկու ամիս պէտք է սպասեն մինչեւ, որ ախտորոշման համար իրենց կարգը գայ։ Ունինք երեք մասնագէտ բժիշկներ, որոնք հոյակապ աշխատանք կը տանին եւ բարձր աշխատավարձ կը ստանան։ Անցեալ տարի արդիականացուցինք կեդրոնին գործիքները՝ նորաոճ ու այժմէական սարքերով։ Արդիականացնելու որոշումիս միակ խթանը եղաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, երբոր նոր իշխանութիւնը գործի անցաւ եւ նոր հնարաւորութիւններ ստեղծուեցան մեզի համար։
Նախքան նոր հնարաւորութիւն ստեղծուիլը ինչպի՞սի դժուարութիւններ ունեցաք։
— Գործը շահ ապահովելէ ետք կառավարական ճնշումներ սկսան բանեցնել մեր վրայ։ Հարկային բաժնի պաշտօնեաներ, տարբեր պատճառաբանութիւններով, կաշառք վերցնել կը ջանային եւ մեր մերժումներուն արդիւնքով տեղի ունեցած ճնշումները կը շարունակուէին։ Մեր տնօրէնին եւ աշխատակիցներուն շեշտած էի, որ որեւէ կաշառք չըլլայ տան անոնց, իսկ եթէ իսկապէս խախտում ըրած ենք, ապա՝ այդ խախտումին համապատասխան տուգանքը ստացագիրներով եւ օրինաւոր ձեւով վճարենք։ Այդպէս ալ եղաւ, պատկերացուցէք, որ օր մը $30, 000 գումարի խախտում ներկայացուցին անոնք, այն ակնկալիքով, որ մենք իրենց գրպանները կաշառքով լեցնենք ու զերծ մնանք այդ հսկայ գումարը վճարելէ, բայց մենք գումարը վճարեցինք օրինաւոր ձեւով, սակայն դատավարութեան դիմելով վերստացանք զայն։ Օր մըն ալ առողջապահութեան նախարարը, որուն կինը տէրն էր հանրածանօթ հիւանդանոցի մը, ինծի իր պետական գրասենեակը կանչեց եւ յայտնեց, որ ժամանակը եկած է քլինիքս իրենց փոխանցելու եւ իրենց հետ աշխատելու։ Բուժկեդրոնս փակել պիտի տային, հիւանդներուն թղթածրարները ստանձնէին եւ իբրեւ թէ ինծի ալ հոն տեղ մը պիտի յատկացնէին (մինչեւ որ շրջան մը վերջ դուրս հանէին զիս հոնկէ)։ Չհամաձայնեցայ, ուստի քանի մը անգամ հեռաձայնով կապուեցան տնօրէնութեան հետ ու անհաճոյ խօսակցութիւնններով ուզեցին սպառնալ, սակայն ինծի միակ փրկողը այն եղաւ, որ OPTOMED CANADA կեդրոնը առաջին իսկ օրէն գրանցած էինք, որպէս Գանատայի մասնաճիւղ, հետեւաբար երբոր տեղեկացան ուշադիր եղան եւ հեռաւորութիւն պահեցին, որովհետեւ գիտակցեցան, թէ այս անգամ իրենց գործը Գանատական ընկերութեան մը հետ է։ Ուրիշ դժուարութիւն մը եւս կար` ամէն անգամ (ամիսը մէկ կամ երկու), որ ապրանք ուղարկէին Թորոնթոյէն, մաքսային ահաւոր հարցեր կը ստեղծէին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ եւ մեծ գումարներ կը պահանջէին մեզմէ, եւ մենք ալ այլ ընտրանք չունենալով կը վճարէինք այդ գումարները։ Յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք կառավարաական գրասենեակներէն ու հարկային տեսչութենէն մեզի պարտադրուած ճնշումները եւ կաշառքի փորձերը ակնյայտ վերացան ու յանկարծ դիւրացաւ Գանատայէն եկած ապրանքներուն ներմուծելը, գիները իջան, որուն արդիւնքով սկսանք յաճախակի ձեւով աւելի շատ ապրանք ներմուծել եւ անորմով օգտակար դառնալ հիւանդներուն, ուստի մեր կեդրոնին համար լաւ անդրադարձ ունեցան այս ամէնը, որովհետեւ մատչելի գիներով շարունակեցինք մեր աշխատանքը, ինչպէս նաեւ տրուած պատուէրներուն աւելի շուտ ստանալը խրախուսեց հիւանդները։
Իսկ ապագայի ծրագիրներ ունի՞ք։
— Մենք բժշկական անհրաժեշտ ծառայութիւններ կու տանք հիւնադներուն, ուստի համավարակի պատճառով միայն երկու ամիս փակեցինք մեր կեդրոնը եւ այժմ շատ լաւ ձեւով կ’ընթանայ մեր աշխատանքը։ Ապագայի համար կը մտածենք ընդլայնել բուժկեդրոնը, որպէսզի մէկ կամ մէկուկէս ամիս սպասելու եւ դժկամելու փոխարէն՝ հիւանդները մէկ շաբթուան ընթացքին ընդունինք քննութեան։ Այս ուղղութեամբ նոր բժիշկ մը եւս կը պատրաստենք, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ ընթանայ այս գործընթացը։ Այլ ծրագիր մըն ալ կայ, որուն համար տակաւին գործնական քայլեր չենք առած, սակայն մեր մտքին մէջ ունինք երկրորդ բուժկեդրոն մը հաստատելու ծրագիրը Արցախի մէջ։
Ի՞նչ կ’ըսէք այն սփիւռքահայերուն, որոնք կը փափաքին նախաձեռնութիւն մը կատարել Հայաստանի մէջ։
— Նախ շատ լաւ ծրագրուած պիտի ըլլայ նախաձեռնութինը, միեւնոյն ժամանակ ձեր սպասումները չըլլան շուտ շահ ապահովելու ուղղութեամբ, որովհետեւ բնակչութեան թիւը եւ եկամուտը քիչ է։ Երկարաշունչ ծրագիրներ պիտի ըլլան անոնք, բարձր սպասումներ պիտի չակընկալէք եւ պիտի գիտակցիք, որ ամէն ինչ շատ դանդաղ պիտի ընթանայ։ Ամենէն կարեւորը, որ մեծ համբերութիւն պիտի ունենաք։ Ես, հակառակ անոր, որ մեծ յաջողութեան հասած եմ, սակայն մինչեւ այսօր մեծ շահոյթի սպասումներ չունիմ։ Հիմնական նպատակս եղաւ հայրենիքի հետ կապ ստեղծելն ու պահելը, որպէսզի յաճախ հայրենիք այցելեմ եւ գործ հայթայթեմ տեղի բնակչութեան։ Ժամանակին աջ ու ձախ նուիրատուութիւն կու տայի Հայաստանի համար, սակայն գործերս դասաւորելէ ետք որոշեցի, որ իմ նուիրատուութիւնը պիտի ըլլայ գործիս միջոցաւ եւ մշտական եկամուտի առիթ ստեղծելով տեղացի հայրենակիցներուս ու իրենց ընտանիքներուն։ Փառք Տիրոջ, նպատակս յաջողցնելով հասայ Հայրենիքիս օգտակար դառնալու նպատակիս եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ կը շարունակեմ եւ պիտի շարունակեմ այս ճամբուն վրայ քալելու։
Աղբյուրը՝ torontohye.ca