Աւօ Պօղոսեան
Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք ” Դէպի Երկիր” լոզունքը մոգական ազդեցութիւն ձգեց սփիւռքահայ զանգուածներուն վրայ, շատերուն գուցէ եւ վախ, զարմանք ու սարսուր պատճառեց, բայց շատերուն ալ ոգեւորեց , գոտեպնդեց, որ ահա երկար տասնամեակներէ ետք միայն հեռաւոր եւ ռոմանթիկ բառակապակցութիւն մը ըլլալէ ետք իրականութիւն դառնալու մեկնարկը տրուած էր, որուն առաջին իրագործման ականատեսը եղանք, ՀՅԴ ի Հայրենիք վերադարձով ու վերընձիւղմամբ։
Այդ օրերէն անցած են ահա երեսուն տարիներ ու ցաւ ի սիրտ, այդ կարգախօսը տակաւին հեռու է իրականութիւն դառնալէ։ Ճիշտ է որ երեսուն տարիներուն Հայրենիք վերադարձած են հազարաւոր հայեր սակայն անոնք մեծամասնութեամբ աղետեալ հայեր են որոնք փախուստ տուած են Իրաքէն, Իրանէն, Սուրիայէն ու ահա վերջերս ալ Լիբանանէն։ Կան նաեւ Ամերիկաներէն ու Եւրոպայէն ներգաղթածներ։ Այսպէս` եկողները անձնական նախաձեռնութեամբ եկած են այստեղ ու ոչ մէկ կազմակերպուած ծրագրով, ըլլայ այդ սփիւռքեան ղեկավարութեան կամ հայրենի իշխանութեանց։ Աւելին` մենք տեսած ենք որ թէ Սուրիոյ պատերազմի պարագային ու թէ վերջերս, Լիբանանի աղետի եւ տնտեսական սուր տագնապի, սփիւռքի տեղական, թէ աշխարհիկ եւ թէ հոգեւոր ղեկավարութիւնը, մեղմ ասած դէմ արտայայտուեցաւ գաղութներու պարպումին եւ հայրենադարձութեան, այդ արտայայտութիւնը գողարկելով ” Նախ կարիքաւորներուն օգնենք” ի շղարշի ներքոյ։ Միւս կողմէ Հայրենի իշխանութիւններն ալ գրեթէ լոզունքի եւ խօսքի սահմանը չանցան այս հարցի կապակցութեամբ , երբ Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը հասած է ներկայ շատ մտահոգիչ մակաևդակին ու 2050 ին հինգ միլիոն բնակջութիւն ունենալու պատրանքը, միայն Տոն Կիշոտեան երեւակայութիւն կը թուի ըլլալ։
Ուրեմն հարց. Երբ՞լուրջ պետութիւն եւ ազգ պիտի դառնանք…։