13.5 C
Yerevan

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ․- «Արգա­հա­տե­լի են անոնք, որոնք կ՚ուզեն․․․ շագա­նա­կը ուրի­շի ձեռքով կրա­կէն հանել»

Յուշա­պա­տում

Ն․ Պէրպէ­րեան

2020 թուա­կա­նին շատ բաներ գլխի­վայր շրջուած են երկրա­գունտի երե­սին, յատկա­պէս ՀԱՄԱՎԱՐԱԿի աշխարհա­սա­սան ՑՆՑՈՒՄի պայմաննե­րուն մէջ։

Իսկ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի տարածքին, համա­ցանցի եւ դիմա­տետրի նման հաղորդա­մի­ջոցնե­րու սանձարձակ գործա­ծութեան հետեւանքով, մեր կեանքը աւե­լի խորը մխրճուած է ԱՐՇԱ­ԿԱՒԱ­Նի ՏՂՄՈՒՏ ոլո­րապտոյտին մէջ։

Խելքը հասնողն ու չհասնո­ղը մտքին փչա­ծը գրա­ռումի կը վերա­ծէ եւ երբեմն ալ ամէ­նէն փողո­ցա­յին հայհո­յանքնե­րով ՀԱՅԵՐԷՆԸ ՊՂԾԵԼՈՎ՝ իբրեւ ԱՆՑԱԳԻՐ կը գործա­ծէ աջ ու ձախ թոյն թափե­լու եւ սիրտը իբր թէ պաղեցնե­լու համար․․․

Չէ՞ որ կ՚ապրինք ԴԱՐԱՇՐՋԱՆը մտքի եւ կարծի­քի, տեղա­կա­տուութեան ու հաղորդակցութեան, այլեւ գաղա­փա­րա­կան պայքա­րի եւ քաղա­քա­կան շարժումի․․․ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ։Այսքա­նը թերեւս հասկնա­լի նկա­տուէր եւ յատուկ ուշադրութեան արժա­նի չ՚ըլլար, եթէ ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ արգա­հա­տե­լի «մշա­կոյթ» մը չհե­տեւէր այս նորե­լուկ ալի­քին։

Փաստօ­րէն հրա­պա­րակ թափուած եւ աջ ու ձախ արձա­կուած իրենց լուտանքնե­րով հասա­րա­կա­կան մեր միջա­վայրը թունաւո­րողնե­րուն գերակշիռ մասը ԾԱՌԱՅԱՄԻՏՆԵՐ են, որոնք թութա­կա­բար եւ միա­բե­րան կը կրկնեն իրենց բերնին մէջ դրուած՝ «ՇԷՖ»երու կողմէ ծամծմուած յանկերգներ։

«ՇԷՖ»երը մութին մէջ պահուը­տած եւ Հայաստանն ու Հայութիւնը ՅԱՉՍ ՍՓԻՒՌՔի ՍԵՒՑՈՒՑԱԾ անուա­նի ԵՐԿՉՈՏՆԵՐն են, որոնք ամէ­նուր եւ ԲՈԼՈՐԷՆ ԼՔՈՒԱԾ՝ դաւեր կ՚որոճան եւ կը փորձեն իրենց ծառա­յող անարժաննե­րու ձեռամբ կրա­կէն շագա­նակ հանել եւ յագուրդ տալ գետնա­քարշ սողունի իրենց․․․ գոյութեան։

Հասա­րա­կա­կան, գաղա­փա­րա­կան եւ քաղա­քա­կան ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ մասին ՄԵՐ ՍԵՐՈՒՆԴին դաստիա­րակչա­կան անմո­ռա­նա­լի ուղղութիւն ջամբած է ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ, որ մուսա-լեռցիի իր նկա­րագրով ու ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ կազմաւո­րումով՝ իր ԳԱՂԱՓԱՐԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ առա­ջին շարքե­րուն ԱՆՍԱՍԱՆ ու ԽՐՈԽՏ կանգնած ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐը եղաւ մինչեւ վերջին շունչ։

Ընկեր Զէյթլեան ԱԶԳԱՅԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐի ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ այն ՏԻՊԱՐն է, որ 1976ի Լիբա­նա­նի քաղա­քա­ցիա­կան պատե­րազմի ծանրա­գոյն պայմաննե­րուն մէջ, երբ կեանքի ապա­հո­վութեան սիրոյն մէկ տարուան մէջ հայօ­ճա­խը շուրջ 300 հազար համրանքէն նուա­զե­ցաւ գրե­թէ 200 հազա­րի, Պուրճ Համուտի հայ կաթո­ղի­կէ­նե­րու «ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ» վարժա­րա­նի ընդարձակ բակին մէջ ի լուր Հայաշխարհին ԱՊԱՀՈՎԵՑՈՒՑ, որ Պուրճ Համուտի ամէն մէկ թաղ նոր ԶԷՅԹՈՒՆ ու ՀԱՃԸՆ, նոր ՍԱՍՈՒՆ ու ՎԱՆ պիտի դառնայ եւ պահէ ու պահպա­նէ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ԱՄՐՈՑը ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ։

Եւ 1976ի այդ օրը ես կողքիս տեսայ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՐՑՈՒՆՔը աչքին մէջ ՄՈՆԹԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի, որ արեան կանչին անսա­լով եկած էր Լիբա­նան՝ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏը պաշտպանելու․․․Այդ ատե­նէն մինչեւ Մարտ 1985ի իր ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ու ԱՆՀԵՏԱՑՄԱՆ անարգ ՈՃԻՐը, ընկեր Ս․ Զէյթլեան ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ առաջնորդուե­լու ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը եղաւ մեր ժողո­վուրդի եւ որո­շա­պէս ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ կեանքին մէջ։

Իր բոլոր ճիգե­րով պահեց ու պաշտպա­նեց ԱՆՁԵՌՆՄԽԵԼԻՈՒԹԻՒՆը գաղա­փա­րի բոլոր ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ՝ նոյնիսկ երբ այս կամ այն պատասխա­նա­տու ընկե­րոջ ՄԵՂԿՈՒԹԻՒՆը ծանր ճնշեց իր վրան եւ հիասթա­փութեան իր պահե­րուն մտե­րիմնե­րուն մօտ պոռթկաց, որ՝«Արգահատելի են անոնք, որոնք կ՚ուզեն․․․ շագա­նա­կը ուրի­շի ձեռքով կրա­կէն հանել»։

Այսինքն՝ Ի՞ՆՉ․․․

Եթէ մերօ­րեայ «ՇԷՖ»երուն մէջ կաթիլ մը ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ կայ՝ փոխա­նակ խեղճուկրակ այսօ­րուան նորե­լուկնե­րը փճացնե­լու եւ անոնց ձեռքե­րը այրե­լու գնով շագա­նա­կը կրա­կէն հանել փորձե­լու, լաւ կ՚ընեն, որ ներկա­յա­նան ԺՈՂՈՎՈՒՐԴի դատ ու դատաստանին։Անշուշտ՝Եթէ ՎԱՐԱԿՈՒԱԾ ՉԵՆ ԵՐԿՉՈՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂՑԿԵՂով։

Առնչվող Հոդվածներ