28.6 C
Yerevan

ՊԱՏԵՐԱԶՄ Է ԵՒ ԱԶԳԸ՝ ԲԱՆԱԿ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն

Անկա­րե­լի է բառե­րով բացատրութիւնը տալ Հայաստա­նի մէջ տիրող մթնո­րո­տին: Պատե­րազմ է եւ ազգը ամբողջութեամբ՝ դարձած է բանակ:

Երեւա­նի փողոցնե­րուն վրայ երի­տա­սարդներ Արցա­խի տուժած ընտա­նիքնե­րուն համար օգնութիւն կը հաւա­քեն, ոմանք ծածկոցներ կը բերեն, ուրիշներ՝ սննդե­ղէն, շատեր դեղօ­րայք կը նուի­րեն, ուրիշներ՝ ալիւր, կամ գումար:

Երի­տա­սարդ ու նոյնիսկ տարեց քաղա­քա­ցի­ներ հաւա­քուած են զինկո­մի­սա­րիատնե­րուն առջեւ եւ կամաւոր գրանցուե­լու համար հերթի կանգնած են ու համբե­րութեամբ կը սպա­սեն, թէ երբ իրենց անունը պիտի կանչուի…

Անհատներ, գործա­րար մարդիկ, ընկե­րութիւններ, մանր ու միջին բիզնէսներ նուի­րատւութիւն կը կատա­րեն Համա­հայկա­կան Հիմնադրա­մին եւ Զինուած Ուժե­րու կարիքնե­րուն, իւրա­քանչիւրը իր կարո­ղութեան կամ սրտէն բխա­ծին չափով: Ընկե­րութիւններ հասկա­ցո­ղութեամբ եւ ըմբռնումով կը մօտե­նան կամաւոր ռազմա­ճա­կատ մեկնող պաշտօ­նեայ երի­տա­սարդնե­րուն:

Ռազմա­կան իրա­վի­ճակ է Հայաստա­նի մէջ բառին բուն եւ իսկա­կան առումով: Ամէն մարդ, մեծով-փոքրով, իր մարմնին վրայ, իր հոգւոյն խորքը, իր գիտակցութեան ընդմէ­ջէն կը զգայ ու կ’ապրի պատե­րազմա­կան իրա­վի­ճա­կը: Պատե­րազմ է եւ հայաստանցին այսօր այլ օրա­կարգ չունի, այլ մտա­հո­գութիւն եւ այլ խնդիր չունի, պատե­րազմը կը սկսի երբ ան կը բանայ իր աչքե­րը, եւ կը շարունա­կուի իր գիշե­րա­յին երա­զին մէջ: Պատե­րազմը, պարզա­պէս, իւրա­քանչիւրի էութեան մաս կը կազմէ այս օրե­րուն:

Կառա­վա­րութիւնը ընդհա­նուր զօրա­կոչ յայտա­րա­րած է եւ հազա­րաւոր մարդիկ կը սպա­սեն, թէ երբ պիտի հնչէ հայրե­նի­քին նուի­րուե­լու զանգը: Շատեր նոյնիսկ չեն սպա­սէր հրա­մա­նա­տա­րի կանչին եւ պատասխա­նատւութեան ամե­նա­բարձր գիտակցութեամբ առանց տատամսե­լու կը ներկա­յա­նան զինկո­մի­սա­րիատ:

Մայրե­րը տխուր են ու… սակաւա­խօս: Քոյրեր, կիներ, ընկե­րուհի­ներ մտա­հոգ են եւ յուզուած: Հայրերն ու Պապե­րը չեն կրնար ցոյց տալ իրենց անհանգստութիւնը, զաւակ կամ եղբայր կորսնցնե­լու վախի առթած սարսա­փը: Պատե­րազմ է, եւ տղա­մարդիկ իրենք իրենց կը զրկեն յոյզ եւ տագնապ ցոյց տալու իրաւունքէն: Պատե­րազմ է, տղա­մարդիկ ուժեղ պիտի մնան, եւ պատրաստ պիտի ըլլան գերա­գոյն զոհո­ղութեան: Սա՛ է Հայաստա­նի անգիր օրէնքը:

Օրս կը սկսի արտա­սահմա­նէն եկող անդադրում հեռա­խօ­սա­զանգե­րով: Զօհրապն է, Ամե­րի­կա­յէն, մտա­հոգ է եւ «ի՞նչպէս օգնենք», կը հարցնէ: Յետոյ Յակո­բը՝ ԱՄԷ-էն, գումար կ’ուզէ փոխանցել բանա­կի կարիքնե­րուն, քիչ ետք՝ «Թուֆէնքեան» հիմնադրա­մի գործընկերս է, Յուսի­կը, «Ռուսաստա­նից եւ ԱՄՆից մեր հետ են կապնուել, ուզում են գումար նուի­րել», կ’ը­սէ: Եւ այսպէս՝ շարունակ:

Եւ այս բոլո­րի ընթացքին՝ հեռուստա­ցոյցի պաստա­ռին վրայ լուրե­րը կը հաղորդեն մեր նահա­տակնե­րուն անուննե­րը: Վիշտն ու չմա­րող ցաւը նոր բոյներ կը գտնեն հայկա­կան ընտա­նիքնե­րու մէջ… Քիչ յետոյ, հերո­սա­կան լուրեր՝ հայրե­նի­քի իւրա­քանչիւր թիզ հողը առիւծի կռիւով պաշտպա­նող մեր զինուորնե­րու սխրանքնե­րէն: Սիրտդ կ’ուզէ պայթիլ հպարտութե­նէն եւ ուրա­խութե­նէն: Եւ այսպէս՝ մահն ու կեանքը կը բռնկին հայկա­կան էութեանդ մէջ, վիշտն ու հրճուանքը զիրար գրկած, կրա­կի բոցե­րու նման կը ճաթրտին հոգիիդ մէջ:

Օրս մօտե­ցած է իր աւարտին: Հեռա­խօ­սա­զանգ կը ստա­նամ: Միհրան Ասատրեանն է, երի­տա­սարդ, կտրիճ ընկերնե­րէս մին: «Ես վաղը գնում եմ Արցախ», կ’ը­սէ սարնասրտութեամբ եւ կը բացատրէ, որ իր ընկերնե­րը կը շարունա­կեն օգնութիւններ հաւա­քե­լու աշխա­տանքը: Կը խնդրէ, որ օգտա­կար ըլլամ: Կը խոստա­նամ օգնել եւ կը զգամ, թէ որքան քիչ է իմ ըրածս՝ իր նման տղոց նուի­րումին բաղդա­տած: Աւե­լորդ խօսքեր ըսե­լու ժամա­նա­կը չէ: «Բարի ծառա­յութիւն, Աստուած պահա­պան», կ’ը­սեմ, կարճ, կտրուկ եւ սրտա­բուխ:

Գիշե­րը դիմա­տետր կը բանամ եւ պատե­րազմը կը շարունա­կուի այնտեղ: Լրա­հոսքին եւ գրա­ռումնե­րուն մէջ աչքիս կը զառնէ Միհրա­նի գրա­ռումը: Միայն մէկ բառ՝ «գնա­ցինք»…

Օրը հասած է իր աւարտին, պատե­րազմը՝ աւարտե­լէ շատ հեռու կը թուի: Հիմա արդէն պիտի շարունա­կուի երազնե­րուս մէջ: Իսկ գիշե­րը, Արցա­խի ճակատնե­րուն վրայ, իրա­կան պատե­րազմը կրակ պիտի տեղայ անձրեւի պէս: Մայրեր անքուն գիշերներ պիտի անցնեն, տղա­քը կրա­կին պիտի պատասխա­նեն կրա­կով եւ հայրե­նի իւրա­քանչիւր թիզ հողի համար մինչեւ վերջին կաթիլ արիւն՝ կռիւ պիտի մղեն, ու պիտի հարուա­ծեն ուժգին, ահարկու, վստահ, աննա­հանջ…

Րաֆֆի Տուտագլեան

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10224810102062472

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ