28.6 C
Yerevan

ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԵՒ ԱՄԷՆ ԲԱՆ՝ ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Հայաստա­նի դէմ թուրք-ադրբե­ջա­նա­կան պատե­րազմի 6‑րդ օրը արդէն հասաւ իր աւարտին: Վեց օր շարունակ, թրքա­կան բանա­կին պատկա­նող ամե­րի­կեան F‑16 ռազմա­կան օդա­նաւե­րով, թրքա­կան «պայրաքտար» եւ իսրա­յէ­լեան «հարոբ» եւ այլ անօ­դա­չու թռչող սարքե­րով, իսրա­յէ­լա­կան ռատիո­հա­ղորդիչնե­րով, թրքա­կան բանա­կի զէնքե­րով, ռուսա­կան Սու-25 ռազմա­կան օդա­նաւե­րով, Սմերչ եւ ՏՈՍ հրթիռնե­րով, հրե­տա­նիով, ակա­նա­նե­տե­րով ու աւանդա­կան ու գերարդիա­կան տեսնուած ու չտեսնուած զէնքե­րով՝ ադրբե­ջա­նա­կան բանա­կը կը յարձա­կի Արցա­խի ամբողջ սահմա­նին երկայնքով, Արաքսի ափէն բարձրա­նա­լով դէպի հիւսիս, հասնե­լով Մռա­վի լեռնաշղթայ, Օմա­րի լեռնանցք ու մինչեւ՝ հայաստա­նեան Վարդե­նի­սի շրջա­նի գիւղե­րը…

Ադրբե­ջա­նա­կան բանա­կին եւ թուրք ռազմա­կան մասնա­գէտնե­րու եւ բարձրա­գոյն սպա­նե­րուն հետ, հայ ժողո­վուրդի ՄԻԱԿ եւ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ հայրե­նի­քին դէմ պատե­րազմե­լու բերուած են ճիհա­տիսթներ եւ վարձկաններ Սուրիա­յէն, Իրա­քէն, Լիպիա­յէն եւ Աստուած գիտէ ուրիշ ուրկէ: Տեղե­կութիւններ կան նոյնիսկ փաքիստա­նեան ուժե­րու ներկա­յութեան եւ մասնակցութեան մասին:

Ադրբե­ջանն ու Թուրքիան իրենց զինա­նո­ցէն դուրս հանած են ամե­նա­կործա­նիչ զէնքե­րը եւ մէկանգա­մընդմիշտ կ’ուզեն լուծել ոչ միայն Արցա­խի խնդի­րը, այլեւ հայ ժողո­վուրդի ինքնուրոյն գոյութեան իրաւունքի խնդի­րը՝ պատմա­կան Հայաստա­նի այս վերջին կտո­րին վրայ: Մենք պէտք չունինք կրկնե­լու, ոչ ալ փաստե­լու, որ այս պատե­րազմը Արցա­խի դէմ չէ, այս պատե­րազմը հայ ժողո­վուրդի քաղա­քակրթա­կան ներկա­յութեան դէմ է, հայ ժողո­վուրդի գոյութեան իրաւունքին դէմ է:

Արցա­խի ռազմա­ճա­կա­տին վրայ կրակ կը տեղայ օրա­կան 24 ժամ:

Առաջնա­գի­ծի վրայ ձախո­ղած թշնա­մին արդէն փոխած է իր մարտա­վա­րութիւնը եւ սկսած է ռմբա­կո­ծել նաեւ արցա­խեան եւ հայաստա­նեան քաղաքներն ու գիւղե­րը, հայկա­կան մարտնչող բանա­կի թիկունքը տկա­րացնե­լու եւ ժողո­վուրդին մէջ խուճապ ստեղծե­լու յստակ մտադրութեամբ: Յարձակման ենթարկուած են ու կ’ենթարկուին Ստե­փա­նա­կերտը, Մարտունին, Հադրութը, Վարդե­նի­սը, բազմա­թիւ գիւղեր եւ աւաններ:

Հայաստա­նի եւ հայութեան ինքնուրոյն գոյութեան, հայ ժողո­վուրդի քաղա­քակրթա­կան ներկա­յութեան դէմ շղթա­յա­զերծուած պատե­րազմի 6‑րդ օրը աւարտին կը հասնի արդէն:

Այս վեց օրե­րուն ընթացքին հայե­րը կործա­նած եւ ոչնչա­ցուցած են թշնա­մի­նե­րու պատկա­նող աւե­լի շատ թանկ եւ զինտեխնի­կա՝ քան 1990–94 տարի­նե­րու պատե­րազմի ընթացքին, խոցած ու զգետնած են աւե­լի շատ ուղղա­թիռ եւ ռազմա­կան օդա­նաւ, կրա­կած աւե­լի շատ փամփուշտ եւ թնդա­նօթ, արձա­կած են աւե­լի շատ հրթիռ ակա­նա­նէտ… Եւ նոյնպէս՝ թշնա­մին այսքան զօրք, այսքան զէնք, այսքան կրակ եւ այսքան գերարդիա­կան զէնքեր չէ գործա­ծած մեր ժողո­վուրդին դէմ, Հայաստա­նի պատմութեան ամբողջ ընթացքին:

Սա Հայաստա­նի եւ հայութեան դէմ շղթա­յա­զերծուած թրքա­կան ցեղասպան պետութիւնե­րու ամե­նա­մեծ պատե­րազմն է, որ տեղի կ’ունե­նայ ոչ միայն ռազմա­ճա­կա­տի վրայ մահասփիւռ զինա­նո­ցի, ճիհա­տիսթնե­րու եւ իսրա­յէ­լա­կան տեխնո­լո­գիա­յի օգտա­գործումով, այլեւ՝ Հայաստա­նի դէմ համա­կարգուած դիւա­նա­գի­տա­կան պայքա­րով, քարոզչա­կան ճակա­տի վրայ համա­տեղ արշաւով, բիզնէսնե­րու, կառա­վա­րա­կան կայքե­րու, հաղորդակցա­կան միջոցնե­րու եւ այլ ռազմա­վա­րա­կան նշա­նա­կութեամբ կառոյցնե­րու վրայ hacker-ներու անդադրում յարձա­կումնե­րով:

Եւ այս բոլո­րին դէմ՝ մի բուռ ժողո­վուրդ է, որ միա­ձուլուած է իր բանա­կին ու դարձած ազգ-բանակ: Մի բուռ հայութիւն, որ ոտքե­րը ամուր խրած իր լեռնե­րուն մէջ՝ դարձած է անխորտա­կե­լի ժայռ, ու կատա­ղի մարտե­րով եւ հուժկու հակա­հա­րուածնե­րով կը դիմադրէ drone-ներով, ճիհա­տիսթնե­րով եւ ժամա­նա­կա­կից զէնքե­րով՝ ալիք առ ալիք, շարունա­կա­բար յարձա­կող թուրք յորդա­նե­րուն…

6 օր անցած է արդէն պատե­րազմէն եւ հայը կանգուն է իր սարե­րուն պէս, որովհե­տեւ ռազմա­ճա­կա­տի զինուո­րի թիկունքին ամուր կանգնած է Հայաստա­նի քաղա­քա­ցին եւ ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան, ամէն ժամ եւ արդէն 6 օր շարունակ իր ամբողջ կարո­ղա­կա­նութիւնն ու ներուժը տրա­մադրած է Հայաստա­նի Զինուած Ուժե­րուն: Մեր դիրքե­րը ամուր են մեր լեռնե­րուն պէս, որովհե­տեւ Հայաստա­նի կողքին կանգնած է նաեւ Սփիւռքը՝ իր քաղա­քա­կան կազմա­կերպութիւննե­րով, իր լոպպիստա­կան աշխա­տանքնե­րով, իր ցոյցե­րով, իր նիւթա­կան եւ այլ օգնութիւնով:

Սա ԱՄԲՈՂՋ հայ ժողո­վուրդի պատե­րազմն է, որովհե­տեւ այստեղ խնդրոյ առարկայ է ոչ թէ Արցա­խի ինչ որ շրջան, Արցա­խի մէջ, շուրջ թէ Արցա­խէն դուրս գտնուող ինչ որ տարածք, այլ այստեղ խնդրոյ առարկայ է հայութեան եւ Հայաստան աշխարհի ինքնութիւնը, մշա­կոյթը, ինքնիշխա­նութիւնը, անկա­խութիւնը, պատմութիւնը, անցեա­լը, ներկան եւ մանաւանդ՝ ԱՊԱԳԱՆ:

Եւ ահա այս գիտակցութեամբ եւ այս համո­զումով է, որ մեր զինուորնե­րը արեան մինչեւ վերջին կաթիլ առիւծա­բար կը կռուին առաջնա­գի­ծին վրայ: Այս գիտակցութեամբ եւ այս համո­զումով է, որ հայ ժողո­վուրդը իր Զինուած Ուժե­րուն, հրա­մա­նա­տարնե­րուն եւ իր իշխա­նութիւննե­րուն հետ դարձած է մէկ մարմին եւ մէկ հոգի, ու իր մեծով, իր փոքրով, իր քոյրով, եղբայրով, տատի­կով, հայրով, մայրով, պապի­կով, աշխա­տաւո­րով, պաշտօ­նեա­յով, վաճա­ռա­կա­նով, արուեստա­գէ­տով ու բանուո­րով, իր ամբողջ էութեամբ այսօր ունի միայն մէկ գերխնդիր՝ ՅԱՂԹԵԼ այս պատե­րազմը:

Եւ ուրեմն, ամէն ինչ եւ ամէն բան՝ հայրե­նա­կան այս պատե­րազմին համար: Ամէն ինչ եւ ամէն բան՝ յանուն յաղա­թա­նա­կի, յանուն մեր գոյութեան, յանուն մեր ինքնիշխա­նութեան, յանուն մեր արժա­նա­պա­տիւ ապա­գա­յի:

Եւ այո, կասկած չունե­նաք, ՅԱՂԹԵԼՈՒ ԵՆՔ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

https://www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10224853634030744

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ