20 C
Yerevan

ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂՆ ՈՒ ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐՆ․

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

8 Հոկտեմբեր 2020

Բարի լոյս՝ ռազմա­գի­տա­կան ու ռազմա­վա­րա­կան մտքի այն բոլոր յառա­ջա­պահնե­րուն, որոնք Carl von Clausewitzի հետեւո­ղութեամբ կը յուշեն բոլո­րիս, թէ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ՝ պարզա­պէս տարբեր ձեւե­րով․․․

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք Արցա­խի եւ ընդհանրա­պէս Հայաստա­նի դէմ ծաւա­լած այս օրե­րու ծանրա­ղէտ ՊԱՏԵՐԱԶՄին մէջ կը տեսնեն ու ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ կը դիմագրաւեն Թուրքիոյ հակա­հայ քաղա­քա­կա­նութեան ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆը։

Բարի լոյս՝ թուրքեւատրպէյճա­նա­կան անարգ ոսո­խի նախա­յարձակման դէմ ինքնա­պաշտպա­նութեան կռիւէ մը աւե­լին՝ ուղղա­կի 21րդ դարու զէնքե­րով ՊԱՏԵՐԱԶՄ մղող ու ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ իր վճռո­րոշ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻՆ համար մաքա­ռող ՀԱՅՈՑ ԱՇԽԱՐՀԻՆ՝ հայրե­նի ոստաննե­րէն մինչեւ Հայաշխարհի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափե­րը։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի այն բոլոր ջահա­կիրնե­րուն, որոնք մեր ժողո­վուրդի ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻՆ՝ ՀԱՅՐԵՆԻ ՀՈՂՆ ու ՊԵՏԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ կը դաւա­նին ԳԵՐԻՎԵՐ ամէն կարգի ընկե­րա­յին թէ քաղա­քա­կան, գաղա­փա­րա­կան թէ դաւա­նա­կան պատկա­նե­լութե­նէ բխող արժէքնե­րէ։

Թուրքեւատրպէյճա­նա­կան ՀԱԿԱՀԱՅ ՍԱԴՐԱՆՔին դէմ ոչ միայն ՄԷԿ ու ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԲՌՈՒՆՑՔի վերա­ծուած է ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը, այլեւ իբրեւ ՄԷԿ ու ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ԸՆՏԱՆԻՔի զաւակնե­րը ՏԷՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ հարիւրաւոր մեր ԶՈՀԵՐՈՒՆ, հազա­րաւոր մեր ՎԻՐԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ եւ անտունի մնա­ցած ու տեղա­հան՝ ԳԱՂԹԱԿԱՆ դարձած հայ բազմութիւննե­րուն, առանց խտրութիւն դնե­լու աջին եւ ձախին, իւրա­յի­նին եւ մրցա­կի­ցին միջեւ։

Բարի լոյս՝ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐը ամէն բանէ վեր ԴԱՒԱՆՈՂՆԵՐՈՒՆ, ընդհա­նուր ԹՇՆԱՄԻԻՆ սպառնա­լի­քը յաղթա­հա­րե­լու եւ յանուն ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻՔԻՆ ԲՌՆՑՔՈՒԵԼՈՒ հրա­մա­յա­կա­նին տէր կանգնող ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ։

Բարի լոյս՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՉԱՐԻՔի մերօ­րեայ ՄՈԼԵԳՆՈՒԹԵԱՆ արժա­նի ՀԱՐՈՒԱԾ հասցնող, ԴԻՄԱԳՐԱՒՈՂ ու ԵՏ ՎԱՆՈՂ հայոց պետա­կա­նութեան ՌԱԶՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ, որուն ընդհա­նուր հրա­մա­նա­տա­րը Կ՚ԱՀԱԶԱՆԳԷ աշխարհով մէկ, թէ Հայաստա­նի ու Հայութեան կործա­նումէն շատ աւե­լիին կը սպառնայ ԷՐՏՈՂԱՆի գլխաւո­րած նորօ­րեայ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆը։

Մերձաւոր Արեւելքի հինաւուրց, այլեւ ԻՐԱՒԱՏԷՐ բոլոր ժողո­վուրդնե­րու ԳՈՅԱՏԵՒՄԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ համաթրքութեան նորա­գոյն այս ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆը, որու պատճա­ռած ԱՒԵՐԻՆ ու ՍՊԱՆԴԻՆ համար ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԵՆ եւ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ պիտի կանչուին ոչ միայն ԱՆԳԱՐԱՅԻ ու ՊԱՔՈՒԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ, այլեւ ու որո­շա­պէս ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀը ՂԵԿԱՎԱՐՈՂ այն ՈՒԺԵՐը՝ Ռուսաստա­նէն մինչեւ Եւրո­պա, այլեւ Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րէն մինչեւ Չինաստան․․․ որոնք կամայ թէ ակա­մայ եւ գիտութեամբ թէ անգի­տութեամբ ԿԱՆԱՉ ԼՈՅՍ բացած են ՑԵՂԱՍՊԱ­Նի ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐՈՒՆ առջեւ։

Բարի լոյս՝ ԱՆՍԱԿԱՐԿ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ հայրե­նի դիրքե­րը անխորտակ պահող, ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ ՀԱՐԹՈՂ եւ հայոց պատմութեան անիւը ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺՈՂ բոլոր ԱՆԿԵՂԾ ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐԵԱԼՆԵՐՈՒՆ։

Առնչվող Հոդվածներ