Վիգէն Յովսէփեան
Արդէն տասներկու օր է որ Արցախեան պատերազմը հարիւրաւոր բանակի տղոց եւ անմեղ Արցախցիներու կեանքերը խլած է: Վստահ եմ թէ այսօր չկայ հայ մը, որ անմիջական հարազատ մը, ընկեր մը, ծանօթ մը չ’ունենայ որ նահատակուեցաւ այս մի քանի օրը, մեր ազգային գոյամարտին մէջ:
Կը ծանօթանանք հերոսութեան եւ սխրանքներու լուրերուն, կը ստանանք զոհուած տղոց անուններն ու կը տխրինք, կը խոնարհինք, բայց մեր վրայէն անմիջապէս թօթափելով տխրութեան եւ յուսալքութեան զգացումները՝ կը վերակեդրոնանանք պայքարին վրայ, կը լծուինք կենդանի գործի:
Կը լծուինք գործի, որովհետեւ կը հասկնանք թէ ինչքան սուղ է ամէն մէկ րոպէն պատերազմի ընթացքին:
Ամէն մէկս իր սրտին եւ հոգւոյն խորքէն լա՛ ւ հասկցած է թէ այսօր ձեռնածալ չի կրնար մնալ, եւ թէ մեր զոհուածներու վրէժն ու հայրենիքի հողի պաշտպանութեան հրամայականը նաեւ մե ՛ր բոլորի ուսերուն դրուած է:
Հետեւաբար՝
Տխրութիւնը վերածել զայրոյթի եւ վճռակամութեան, վերածել գործի:
Նուիրել, ու անգամներ նուիրաբերել:
Յորդորել մարդոց – հայ թէ օտար – նուիրաբերել Հիմնադրամին:
Բողոքի եւ պահանջքի ձայն բարձրացնել որ թնդացնէ շրջապատը:
Մինչեւ յաղթանակ: