14.7 C
Yerevan

Մեր Բոլո­րի Ուսե­րուն՝ Մինչեւ Յաղթա­նակ

Վիգէն Յովսէ­փեան

Արդէն տասներկու օր է որ Արցա­խեան պատե­րազմը հարիւրաւոր բանա­կի տղոց եւ անմեղ Արցախցի­նե­րու կեանքե­րը խլած է: Վստահ եմ թէ այսօր չկայ հայ մը, որ անմի­ջա­կան հարա­զատ մը, ընկեր մը, ծանօթ մը չ’ունենայ որ նահա­տա­կուե­ցաւ այս մի քանի օրը, մեր ազգա­յին գոյա­մարտին մէջ:

Կը ծանօ­թա­նանք հերո­սութեան եւ սխրանքնե­րու լուրե­րուն, կը ստա­նանք զոհուած տղոց անուններն ու կը տխրինք, կը խոնարհինք, բայց մեր վրա­յէն անմի­ջա­պէս թօթա­փե­լով տխրութեան եւ յուսալքութեան զգա­ցումնե­րը՝ կը վերա­կեդրո­նա­նանք պայքա­րին վրայ, կը լծուինք կենդա­նի գործի:

Կը լծուինք գործի, որովհե­տեւ կը հասկնանք թէ ինչքան սուղ է ամէն մէկ րոպէն պատե­րազմի ընթացքին:

Ամէն մէկս իր սրտին եւ հոգւոյն խորքէն լա՛ ւ հասկցած է թէ այսօր ձեռնա­ծալ չի կրնար մնալ, եւ թէ մեր զոհուածնե­րու վրէժն ու հայրե­նի­քի հողի պաշտպա­նութեան հրա­մա­յա­կա­նը նաեւ մե ՛ր բոլո­րի ուսե­րուն դրուած է:

Հետեւա­բար՝

Տխրութիւնը վերա­ծել զայրոյթի եւ վճռա­կա­մութեան, վերա­ծել գործի:

Նուի­րել, ու անգամներ նուի­րա­բե­րել:

Յորդո­րել մարդոց — հայ թէ օտար — նուի­րա­բե­րել Հիմնադրա­մին:

Բողո­քի եւ պահանջքի ձայն բարձրացնել որ թնդացնէ շրջա­պա­տը:

Մինչեւ յաղթա­նակ:

#ՀԱՂԹԵԼՈՒԵՆՔ#ArtsakhStrong

Առնչվող Հոդվածներ