14.7 C
Yerevan

Թշնա­միի Արարքնե­րը ոչ Կուսակցութիւն կը Ճանչնան, ոչ ալ Քաղա­քա­կան Ճաշակնե­րու Մէջ Տարբե­րութիւն կը Դնեն

Վիգէն Յովսէ­փեան

Արցա­խեան պատե­րազմի առա­ջին օրէն իսկ ազգի բոլոր խաւե­րը, բոլոր հոսանքներն ու ուժե­րը հասկցան թէ յաջո­ղե­լու, եւ թշնա­միին պարտութեան մատնե­լու կարեւո­րա­գոյն ազդակնե­րէն մին ազգի ուժե­րու միասնա­կա­նութիւնն է: Ազգա­յին միասնա­կա­նութիւն եւ ուժե­րու համադրում՝ տարբեր ուղղութիւննե­րով:

Հայաստա­նի եւ Արցա­խի քաղա­քա­կան ուժերն ու դերա­կա­տարնե­րը հասկցան թէ պատե­րազմա­կան պարտադրուած իրա­վի­ճա­կին մէջ, պէտք է բոլո­րուիլ պետա­կան կառոյցնե­րուն եւ բանա­կին շուրջ, ու պէտք է ամէն գնով նպաստել հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան գործին: Վերջա­պէս, թշնա­միի արարքնե­րը ոչ կուսակցութիւն կը ճանչնան, ոչ ալ քաղա­քա­կան ճաշակնե­րու մէջ տարբե­րութիւն կը դնեն: Թշնա­մին ծրագրած է ծունկի բերել համակ հայ ազգը, եւ կարե­լիութեան պարա­գա­յին բնաջնջել իւրա­քանչիւր հայ որ իր ճամբին կը հանդի­պի:

Սփիւռքեան համայնքնե­րուն մէջ ալ տարբեր չէ պարա­գան: Երբեմն հաւա­քա­կան բնազդի թելադրանքով, երբեմն ալ տարբեր համայնքնե­րու մէջ գործող կազմա­կերպութիւննե­րու եւ դերա­կա­տարնե­րու անմի­ջա­կան ճիգե­րու շնորհիւ, հայեր զիրար գտան ու աշխա­տանքներ համա­կարգե­ցին հաւա­քա­կան օրա­կարգնե­րու շուրջ, ու պետա­կան կառոյցնե­րու առաջնա­հերթութիւննե­րուն համա­պա­տասխան:

Այս բոլո­րը շատ լաւ է:

Այսուհանդերձ, միասնա­կա­նութեան դրսեւորման գլխաւոր հետեւանքնե­րէն մին անպայման պէտք է որ ըլլայ նպա­տակնե­րու եւ պատգամնե­րու համա­կարգումը: Պատե­րազմա­կան իրա­վի­ճա­կի մէջ, ամե­նէ կենսա­կան գործօ­նը կռուող բանա­կի նպա­տակնե­րու յստա­կութիւնն է, եւ այն կարգա­պա­հութիւնը որ բոլո­րի ջանքե­րը սեւե­րած կը պահէ նպա­տա­կա­կէ­տին վրայ: Տուեալ պարա­գա­յի մէջ ինքնա­գործութիւնը (որքալ ալ հնա­րա­միտ) ուժե­րու ջլատման կ՛առաջնորդէ, ինչը պարտութեան տանող ամե­նա­կարճ ուղին է:

Վերո­յի­շեա­լը կ՛արձանագրեմ յատկա­պէս երբ կը նկա­տեմ ճապա­ղումներ որ մեր հաւա­քա­կան ուժը կը ջլա­տէ: Այսօր հայ ազգը ունի մէկ թշնա­մի, եւ այդ թշնա­մին մեր հայրե­նի ազգա­կիցնե­րուն եւ մեր հայրե­նի­քին սպառնա­ցող թուրք-ատրպէյճա­նա­կան ոսոխն է: Հիմա ժամա­նա­կը չէ ներքին կամ արտա­քին այլ թշնա­մի­ներ որո­նե­լու, մանաւանդ ժամա­նա­կը չէ երրորդ կողմեր մեր դէմ լարե­լու:

Մենք ակա­նա­տես ենք, օրի­նակ, թէ ինչպէս մեր բողո­քի ալի­քի որոշ արտա­յայտութիւննե­րը մեր դէմ կը հանէ տեղւոյն հանրա­յին կարծի­քը: Իւրա­քանչիւր քայլ որ կը ծրագրուի, իւրա­քանչիւր բողո­քի միջո­ցա­ռում որ կը կազմա­կերպուի — որքան ալ հնարսմիտ կամ նորա­րա­կան թուի — առա­ջին հերթին պէտք է որ նպաստէ ընդհա­նուր քարոզչութեան ու պատգա­մին, եւ պէտք չէ որ հակա­ռակ ազդե­ցութիւննե­րու դուռ բանայ: Առնուազն պէտք է բացա­սա­կան հետեւանքնե­րու չափէն աւե­լիով դրա­կան արդիւնքներ ապա­հո­վել: Պարզա­պէս բողո­քե­լու համար բողո­քե­լը — առանց խելա­միտ թիրախնե­րու — անի­մաստ է եւ երբեմն ալ վնա­սա­կար ընդհա­նուր գործին: Հնա­րամտութիւնը եւ նորա­րա­րութիւնը շատ լաւ բաներ են, պայմա­նաւ որ անոնք հունէն չհա­նեն քարոզչա­կան հոսանքը: Այո, երբեմն աւե­լի լաւ է որեւէ բան չ’ընել, քան թէ գործին վնա­սել։

Մենք տեսած ենք, օրի­նակ, թէ ինչպէս յաջո­ղութեան ուղղուած բողո­քի միջո­ցա­ռում մը կրնայ սադրանքի զոհ երթա­լով շեղել լրա­տուա­մի­ջոցնե­րու ուշադրութիւնը քաղա­քա­կան բուն պատգա­մէն: Ակա­նա­տես կ՚ըլլանք թէ ինչպէս լաւ չծրագրուած ձեռնարկ մը իր վրայ կրնայ հրաւի­րել անբաղձա­լի քարոզչութիւն, հայե­րուս մօտ տեղի տալով անի­մաստ կասկածնե­րու՝ թէ լրա­տուա­մի­ջոցնե­րը թշնա­մա­կա­նօ­րէն տրա­մադրուած են հայե­րուս հանդէպ, կամ առաջնորդե­լով անհե­թեթ ինքնա­խա­րա­զումի՝ թէ հայերս բաւա­րա­րա­չափ ազդե­ցութիւն չունինք մետիա­յի աշխարհին մէջ:

Այլ ճակա­տի վրայ, առա­ջին օրէն իսկ, գրե­թէ ամբողջա­կան կարգա­պա­հութեամբ, ազգո­վին յաջո­ղե­ցանք նուի­րա­հաւաքնե­րը կեդրո­նացնել Հիմնադրա­մի շուրջ: Բացի անկէ որ այս ճիգը առաջքը կ՛առնէ անբաղձա­լի շահա­գործումնե­րու, ան աննա­խընթաց դրսեւո­րում մըն է հաւա­քա­կան կարգա­պա­հութեան: Դեռ կան ինքնա­գործութեան կարգով որոշ հանգա­նա­կութիւններ. մարդիկ ԱՄՆի մէջ ոչ այնքան կենսա­կան ապրանքնե­րու գնումներ կ՛ընեն մեր բանա­կին համար (բոլորն ալ «յատուկ աղբիւրնե­րէ» ստա­նա­լով իրենց յանձնա­րա­րա­կա­նը), առանց առաքման ձեւի եւ ծախսի հաշուարկ ընե­լու: Պարզ է թէ հազա­րաւոր մղոններ հեռուէն ապրանքներ Արցախ ուղղարկե­լը անի­մաստ է, երբ նոյնը կը ճառուի Հայաստա­նի շուկայնե­րէն: Այսպէս, սկիզբի օրե­րու կարգա­պա­հութիւնը սկսած է թուլա­նալ. սակայն վստահ եմ ժամա­նա­կը այս ճիգե­րը եւս կը լրեցնէ, երբ մարդիկ հասկնան իրենց արարքնե­րու վնա­սը, եւ ընկա­լեն պատե­րազմա­կան րէժի­մով գործե­լու կարեւո­րութիւնը:

Մեր գոյա­մարտը հարիւր միլիո­նէն աւե­լի բնակչութիւն հաշուող, հսկա­յա­կան զինուո­րա­կան եւ տնտե­սա­կան ուժ ներկա­յացնող զոյգ թշնա­մի պետութիւննե­րու դէմ է: Այսպի­սի հզօր կարո­ղութիւննե­րով թնա­միի դէմ յաղթե­լու համար, ամէն բանէ աւե­լի կարի­քը ունինք ազգա­յին բարձր գիտակցութեան ու ոգիի, բայց նաեւ անկոտրում կարգա­պա­հութեան: Իսկ կարգա­պա­հութիւնը կը պահանջէ տարե­րա­յին րոմանթիզմէ հեռու՝ նպա­տա­կաուղղուած, համա­կարգուած, կարգա­պահ գործունէութիւն որ անհա­տա­կան թէ հաւա­քա­կան եսեր չի ճանչնար:

Եթէ պատե­րազմի թիկունքը կազմողներս ազգի երկրորդ բանակն ենք, պէտք է հասկնանք թէ բանա­կի գործը համա­կարգուած կ՛ըլլայ, եւ կարգա­պա­հութեամբ կը յատկանշուի: Հերո­սա­նա­լու եւ փայլա­տա­կե­լու վայրը առաջնա­գիծն է. մնա­ցածներս, դասա­կի զինուորներ ենք՝ տրուած ուղղութիւննե­րու հետեւող:

Առնչվող Հոդվածներ