28.6 C
Yerevan

Պատե­րազմ եւ բանա­վէճ. Թեման ճիշդ ընտրենք

Րաֆֆի Տուտագլեան 

Անցնող տասնա­մեա­կին Ադրբե­ջա­նը Ռուսաստա­նէն, Իսրա­յէ­լէն, Թուրքիա­յէն, Բելա­ռուսէն, Ուքրաի­նաէն եւ այլ երկիրնե­րէ գնած է աւե­լի քան 10 միլիառ տոլա­րի զէնք-զինամթերք: Միայն Իսրա­յէ­լէն ադրբե­ջա­նա­կան գնումնե­րը, գլխաւո­րա­բար գերարդիա­կան ԱԹՍներ, գերճշգրիտ հրթիռներ, գերժա­մա­նա­կա­կից հետա­խուզա­կան սարքեր եւ զէնքեր, կը հասնին 7 միլիառ տոլա­րի:

Հիմա շատեր սկսած են կարծիք յայտնել, որ Ադրբե­ջա­նը Թուրքիա­յի հետ միա­սին Հայաստա­նի դէմ յարձա­կե­ցաւ՝ Հայաստա­նի նոր իշխա­նութիւննե­րու կարծր կեցուածքին պատճա­ռով, անոնց չափա­զանց անզի­ջո­ղա­կան եւ ազգայնա­կան հռե­տո­րա­բա­նութեան պատճա­ռով, Հայաստա­նի մէջ որոշ շրջա­նակնե­րու հակա­ռուս յայտա­րա­րութիւննե­րուն պատճա­ռով, բանակցութիւննե­րու ոեւէ փաստա­թուղթ չստեղծե­լու պատճա­ռով, «Արցա­խը Հայաստան է ու վերջ» յայտա­րա­րութեան պատճա­ռով, եւ այլն եւայլն…

Լաւ, եթէ այդպէս է, Ադրբե­ջան ինչո՞ւ 2016-ին յարձա­կե­ցաւ Հայաստա­նի վրայ: Չէ՞ք յիշեր Մատրի­տի եւ Կազա­նի պայմա­նագրե­րը ընդունե­լու եւ հողեր վերա­դարձնե­լու Սերժ Սարգսեա­նի կեցուածքը: Չէ՞ք յիշեր զիջումնե­րու մասին Սերժ Սարգսեա­նի եւ իշխող կուսակցութեան բազմա­թիւ յայտա­րա­րութիւննե­րը: Չէ՞ք յիշեր Ռուսաստա­նին ամէն ինչ յանձնե­լու Ռոբերտա­սերժա­կան քաղա­քա­կա­նութիւնը…

Միայն կոյր եւ խուլ, քիչ մըն ալ միա­միտ պէտք է ըլլալ, չտեսնե­լու համար Ալիեւի յայտա­րա­րութիւններն ու արարքնե­րը անցնող տարի­նե­րուն: Մարդը օր ցերե­կով, աբաշկա­րա յստակ յայտա­րա­րած է, բազմիցս եւ շարունա­կա­բար մեր ու աշխարհի երե­սին յայտա­րա­րած է, որ երբ խնդի­րը կը վերա­բե­րի իր երկրի տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութեան, իրեն համար փոխզի­ջում չկայ, ինք զէնքով պիտի լուծէ Արցա­խի խնդի­րը, չընդունիր Արցա­խի ինքնո­րոշման իրաւունքը, եւ կը մերժէ ստո­րագրել որեւէ փաստա­թուղթ, ուր Արցա­խի ինքնո­րոշման մասին կը խօսուի, ու դեռ զէնքով իր կամքը պիտի պարտադրէ ոչ միայն Արցա­խի, այլեւ Հայաստա­նի ժողո­վուրդին, եւ համայն աշխարհին պիտի ստի­պէ համա­կերպիլ իր որո­շումին:

Այդպէս ալ փորձած է ընել, ոչ միայն մէկ, այլ առնուազն մի քանի անգամ: Օր մը պատե­րազմով, օր մը դիվերսիոն գործո­ղութիւնով, ուրիշ օր մը՝ ռմբա­կո­ծումնե­րով, դիպուկա­հարնե­րով, եւ այսպէս շարունակ…

Հայաստա­նը, ի դէմս նախա­գահներ Լեւոն Տէր Պետրո­սեա­նի, Ռոբերտ Քոչա­րեա­նի եւ Սերժ Սարգսեա­նի, ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ներկա­յա­ցուցած գրե­թէ ԲՈԼՈՐ առա­ջարկնե­րը, եւ բոլո­րին մէջ ալ ԱՆԽՏԻՐ Ադրբե­ջա­նին ազա­տագրուած հողե­րու վերա­դարձ նախա­տե­սուած է: Ադրբե­ջանն է, որ ՄԵՐԺԱԾ է գրե­թէ բոլոր խաղա­ղութեան առա­ջարկնե­րը, մանաւանդ անոնք, որոնք հողա­յին զիջումով հանդերձ, նշած են Արցա­խի ժողո­վուրդի կամարտա­յայտութեամբ՝ սեփա­կան ճակա­տա­գիր որո­շե­լու իրաւունքը:

Ուրեմն, պարզ է, չէ՞, Ադրբե­ջա­նը զէնքե­րը չէր գնած, որպէսզի Նոր Տարուան գիշերնե­րը Պաքուի վրայ հրա­վա­ռութիւն կազմա­կերպէ: Զէնքե­րու վրայ ծախսած է մեծ գումարներ՝ իր յստակ եւ բացա­յայտ նպա­տա­կին համար՝ Արցա­խի վերակցում Ադրբե­ջա­նին, բանակցութեամբ կամ պատե­րազմով…

Եթէ այսքան բան չենք ուզած տեսնել, ուրեմն մենք պարզա­պէս այս մոլո­րա­կին վրայ չենք ապրիր, չենք գիտեր ովքեր են մեր հարեւաննե­րը, չենք գիտեր ո՛չ քաղա­քա­կա­նութիւն, ոչ ալ պատմութիւն…

Մեր առջեւ դրուած է մէկ մեծ ԳԵՐԽՆԴԻՐ, աւե­լի ճիշդ՝ ադրբե­ջա­նա­կան նախա­պայման, համաձա՞յն ենք առանց Արցա­խի ինքնո­րոշման իրաւունքին՝ հողեր զիջիլ Ադրբե­ջա­նին, թէ ոչ

Հիմա ուրեմն մենք մեր ներքին քաղա­քա­կան խօսակցութիւնը, բանա­վէ­ճը, դիսկուրսը պէտք է յստա­կացնենք: Խնդի­րը ոչ թէ մեր մեր հռե­տո­րա­բա­նութեան, Ռուսաստա­նի հանդէպ չփո­խուած կամ փոխուած քաղա­քա­կա­նութեան, զիջումնե­րէ հրա­ժա­րիլ-չհրա­ժա­րե­լու մէջ պէտք է դիտարկենք, այլ յստակ հասկնանք, թէ մեր առջեւ դրուած է մէկ մեծ ԳԵՐԽՆԴԻՐ, աւե­լի ճիշդ՝ ադրբե­ջա­նա­կան նախա­պայման, համաձա՞յն ենք առանց Արցա­խի ինքնո­րոշման իրաւունքին՝ հողեր զիջիլ Ադրբե­ջա­նին, թէ ոչ: Ադրբե­ջա­նը տարի­ներ շարունակ մեր հետ կը խօսի կա՛մ պատե­րազմ, կամ հողա­յին զիջում՝ առանց ինքնո­րոշման իրաւունքի սպառնա­լի­քով: Պատրա՞ստ ենք Ադրբե­ջա­նի պահանջնե­րը բաւա­րա­րե­լու, թէ՞ ոչ: Սա է գերխնդի­րը, եւ այս հարցն է, որ պէտք է քննարկուի քաղա­քա­կան մեր ղեկա­վա­րութեան եւ հանրութեան միջեւ: Եթէ պատրաստ չենք, ապա դիւա­նա­գի­տա­կան, քաղա­քա­կան, զինուո­րա­կան եւ ռազմա­կան մակարդակնե­րու վրայ ազգո­վին ի՞նչ պէտք է ընենք, պատե­րազմը դիմագրաւե­լու եւ մեր նպա­տա­կը իրա­գործե­լու համար:

Սա է մեր գլխաւոր մարտահրաւէ­րը, եւ ազգո­վին այս հարցին պատասխան պէտք է տանք: Մնա­ցա­ծը՝ ստո­րո­գե­լի­ներ են պարզա­պէս, որոնք ակա­դե­մա­կան քննարկումնե­րու առատ նիւթ կրնան հայթայթել: Պատրա՞ստ ենք իրա­կա­նութիւնը տեսնե­լու այնպէս, ինչպէս կայ, ուրեմն պատրաստ կ’ըլլանք նաեւ յաջորդ պատե­րազմին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Աղբյուրը՝ Civilinet.am

Առնչվող Հոդվածներ