28.6 C
Yerevan

Քի Ուէսթէն Մատրիտ, Մատրի­տէն Մինչեւ Կազան Եւ… Լաւրո­վեան Ծրա­գիր

Րաֆֆի Տուտագլեան

Արցա­խի տագնա­պի լուծման համար այսօր Հայաստա­նի առջեւ դարձեալ դրուած է «խաղա­ղութեան» ծրա­գիր մը, որ իրա­կա­նութեան մէջ շատ տարբեր չէ տարի­ներ առաջ կողմե­րուն հրամցուած «Լաւվո­րեան ծրագիր»էն: «Նամակ երկրէն»ի Սփիւռքա­հայ բազմա­թիւ ընթերցողներ Վարչա­պե­տի այսօ­րուան ուղերձէն ետք ե‑նամակներով գրե­ցին ինծի եւ յաւե­լեալ տեղե­կութիւններ ուզե­ցին Արցա­խի խնդրի լուծման այս առա­ջարկին մասին:

Լաւրո­վի ծրա­գի­րը նորութիւն չէ: Ան առա­ջին անգամ հակա­մարտող կողմե­րուն ներկա­յա­ցուած է 2016-ին, ապրի­լեան պատե­րազմէն քանի մը ամիս անց: Այդ օրե­րուն, հայկա­կան կողմը կը պնդէր, թէ առանց զինա­դա­դա­րը վերահսկող մեխա­նիզմնե­րու տեղադրման, կարե­լի չէ բանակցիլ Արցա­խի լուծման տարբե­րակնե­րու վրայ եւ կրա­կի տակ իմաստ չունի ոեւէ քննարկումի մասնակցի­լը: Ռուսա­կան կողմը, սակայն, անտե­սե­լով զինա­դա­դա­րի ամրապնման եւ վերահսկման մեխա­նիզմնե­րու տեղադրման կարեւո­րութիւնը, 2016‑ի ապրի­լեան պատե­րազմէն մօտ երեք ամիս յետոյ կողմե­րուն ներկա­յա­ցուց Լաւրո­վեան ծրա­գի­րը: 

Ի՞նչ կ’ը­սէ այս տխրահռչակ ծրա­գի­րը: Ըստ այս առա­ջարկութեան, հայկա­կան կողմե­րը Ադրբե­ջա­նին պիտի վերա­դարձնեն «գրաւուած» 5 շրջան՝ Աղդամ, Ֆիզուլի, Ջերբա­յիլ, Զանգե­լան եւ Կուբաթլի: Արցա­խը պիտի ունե­նայ «միջանկեալ կարգա­վի­ճակ», բայց (ուշա­դիր եղեք այստեղ) ապա­գա­յին ինչ կարգա­վի­ճակ ալ ստա­նայ, Արցա­խը պէտք է մնայ Ադրբե­ջա­նի կազմին մէջ: Այսինքն, պարզ խօսքով, Արցա­խի հայութիւնը հանրա­քուէով իր սեփա­կան ճակա­տա­գի­րը որո­շե­լու իրաւունք պիտի չունե­նայ: Ալիեւ ողջունեց եւ անմի­ջա­պէս ընդունեց այս առա­ջարկը իսկ հայկա­կան կողմը բնա­կա­նա­բար հաւա­նութիւն չկրցաւ յայտնել այս ծրագրին, մանաւանդ երբ այդ օրե­րուն տեղի ունե­ցաւ Սասնայ Ծռե­րու զինեալ ըմբոստութիւնը եւ Սերժ Սարգսեա­նի իշխա­նութիւնը տեսաւ, թէ հանրութիւնը ի՞նչ վերա­բերմունք ունի իր եւ իր կառա­վա­րութեան հանդէպ… Ի դէպ, քանի որ այս ծրա­գի­րը հրամցուե­ցաւ քառօ­րեայ պատե­րազմէն անմի­ջա­պէս յետոյ, անի­կա որա­կուե­ցաւ «խաղա­ղութիւն՝ տարածքնե­րու փոխա­րէն» ծրա­գիր: Այսինքն, Ադրբե­ջան կը դադրեցնէ պատե­րազմա­կան կամ ռազմա­կան գործո­ղութիւննե­րը Հայաստա­նի եւ Արցա­խի դէմ, եթէ հայկա­կան կողմը ընդունի ռուսա­կան այս առա­ջարկը:

Լաւրո­վեան ծրա­գիրնե­րէն առաջ հակա­մարտող կողմե­րուն առա­ջարկուած էին Արցա­խի տագնա­պի լուծման մի քանի ծրա­գիրներ: Կային Կազա­նի եւ Մատրի­տեան ծրա­գիրնե­րը: Այս երկու ծրա­գիրներն ալ տարբեր ձեւե­րով Ադրբե­ջա­նին կը վերա­դարձնէին 7 շրջան, փոխա­րէ­նը, տարի­ներ յետոյ, եւ (դարձեալ ուշա­դիր եղեք) ադրբե­ջանցի գաղա­թա­կաննե­րու վերա­դարձէն ետք, Արցա­խը կը ստա­նար ինքն իր կամքը արտա­յայտե­լու իրաւունք, կամ՝ ինքնո­րոշման իրաւունք: Մատրի­տէն առաջ կար Քի Ուէսթի ծրա­գի­րը, որ տարածքնե­րու փոխա­նա­կում կ’ա­ռա­ջարկէր կողմե­րուն: Հայկա­կան կողմը, ի դէմս նախա­գահներ Քոչա­րեա­նի եւ Սարգսեա­նի, ընդունած է թէ՛ Քի Ուէսթը, թէ՛ Մատրի­սը եւ թէ Կազա­նը: Այսինքն, հայկա­կան կողմը բացա­յայտ ընդունած է 7 շրջաննե­րու յանձնումը Ադրբե­ջա­նին, Արցա­խի ինքնո­րոշման իրաւունքի դիմաց: Ադրբե­ջանն է, որ ՄԵՐԺԱԾ է այս ծրա­գիրնե­րը եւ համա­ձայնութիւն տուած է միայն Լաւրո­վեան ծրագրին, որովհե­տեւ ռուսա­կան այս առա­ջարկութեան մէջ ոչ միայն հողեր է որ կը վերա­դարձուի Ադրբե­ջա­նին, այլ նաեւ Արցա­խը կը մնայ Ադրբե­ջա­նի կազմին մէջ, յատուկ կարգա­վի­ճա­կով… 

Այսօր, Ադրբե­ջա­նը դարձեալ հայութեան առջեւ կը դնէ Լաւրո­վեան կամ՝ «խաղա­ղութիւն՝ տարածքնե­րու դիմաց» ծրա­գի­րը: Այսինքն, Ադրբե­ջան հայ ժողո­վուրդին յստակ կ’ը­սէ, թէ այն ինչ չկա­րո­ղա­ցայ իրա­գործել 2016‑ի պատե­րազմէն յետոյ, այսօր պիտի պարտադրեմ Թուրքիոյ, Փաքիստա­նի եւ ահա­բե­կիչնե­րու օգնութեամբ: Մէկ խօսքով, Ադրբե­ջան կ’ը­սէ՝ եթէ կ’ուզէք դադրի պատե­րազմը, ուրեմն կը վերա­դարձնէք 5 շրջաննե­րը եւ կ’ընդունիք, որ Արցա­խը պիտի մնայ Ադրբե­ջա­նի կազմին մէջ: 

Վարչա­պետ Փաշի­նեան այսօր յայտա­րա­րեց, որ «խաղա­ղութիւն՝ տարածքներ վերա­դարձնե­լու դիմաց» տարբե­րա­կը ընդունե­լի չէ հայութեան համար: Արցախն ու Հայաստա­նը չեն կրնար ընդունիլ Լաւրո­վեան ծրա­գի­րը, որովհե­տեւ անի­կա ոչ միայն չ’ե­րաշխաւո­րեր Արցա­խի ժողո­վուրդին ինքնո­րոշման իրաւունքը, այլեւ տարածքնե­րու վերա­դարձով լրջօ­րէն հարցա­կա­նի տակ կը դնէ Արցա­խի եւ Հայաստա­նի անվտանգութիւնը: 

Ընտրութիւնը յստակ է: Կա՛մ հրա­ժա­րիլ Արցա­խի ժողո­վուրդի ինքնո­րոշման եւ անկա­խութեան իրաւունքէն, կամ՝ համախմբուիլ մեր բանա­կին, մեր զինուած ուժե­րուն եւ Արցա­խի եւ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն շուրջ եւ ամէն ինչ ընել՝ ձախո­ղութեան մատնե­լու թուրք-ադրբե­ջա­նա­կան այս չափա­զանց վտանգաւոր ծրա­գի­րը:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Առնչվող Հոդվածներ