Րաֆֆի Տուտագլեան
Արցախի տագնապի լուծման համար այսօր Հայաստանի առջեւ դարձեալ դրուած է «խաղաղութեան» ծրագիր մը, որ իրականութեան մէջ շատ տարբեր չէ տարիներ առաջ կողմերուն հրամցուած «Լաւվորեան ծրագիր»էն: «Նամակ երկրէն»ի Սփիւռքահայ բազմաթիւ ընթերցողներ Վարչապետի այսօրուան ուղերձէն ետք ե-նամակներով գրեցին ինծի եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ուզեցին Արցախի խնդրի լուծման այս առաջարկին մասին:
Լաւրովի ծրագիրը նորութիւն չէ: Ան առաջին անգամ հակամարտող կողմերուն ներկայացուած է 2016-ին, ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս անց: Այդ օրերուն, հայկական կողմը կը պնդէր, թէ առանց զինադադարը վերահսկող մեխանիզմներու տեղադրման, կարելի չէ բանակցիլ Արցախի լուծման տարբերակներու վրայ եւ կրակի տակ իմաստ չունի ոեւէ քննարկումի մասնակցիլը: Ռուսական կողմը, սակայն, անտեսելով զինադադարի ամրապնման եւ վերահսկման մեխանիզմներու տեղադրման կարեւորութիւնը, 2016-ի ապրիլեան պատերազմէն մօտ երեք ամիս յետոյ կողմերուն ներկայացուց Լաւրովեան ծրագիրը:
Ի՞նչ կ’ըսէ այս տխրահռչակ ծրագիրը: Ըստ այս առաջարկութեան, հայկական կողմերը Ադրբեջանին պիտի վերադարձնեն «գրաւուած» 5 շրջան՝ Աղդամ, Ֆիզուլի, Ջերբայիլ, Զանգելան եւ Կուբաթլի: Արցախը պիտի ունենայ «միջանկեալ կարգավիճակ», բայց (ուշադիր եղեք այստեղ) ապագային ինչ կարգավիճակ ալ ստանայ, Արցախը պէտք է մնայ Ադրբեջանի կազմին մէջ: Այսինքն, պարզ խօսքով, Արցախի հայութիւնը հանրաքուէով իր սեփական ճակատագիրը որոշելու իրաւունք պիտի չունենայ: Ալիեւ ողջունեց եւ անմիջապէս ընդունեց այս առաջարկը իսկ հայկական կողմը բնականաբար հաւանութիւն չկրցաւ յայտնել այս ծրագրին, մանաւանդ երբ այդ օրերուն տեղի ունեցաւ Սասնայ Ծռերու զինեալ ըմբոստութիւնը եւ Սերժ Սարգսեանի իշխանութիւնը տեսաւ, թէ հանրութիւնը ի՞նչ վերաբերմունք ունի իր եւ իր կառավարութեան հանդէպ… Ի դէպ, քանի որ այս ծրագիրը հրամցուեցաւ քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս յետոյ, անիկա որակուեցաւ «խաղաղութիւն՝ տարածքներու փոխարէն» ծրագիր: Այսինքն, Ադրբեջան կը դադրեցնէ պատերազմական կամ ռազմական գործողութիւնները Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, եթէ հայկական կողմը ընդունի ռուսական այս առաջարկը:
Լաւրովեան ծրագիրներէն առաջ հակամարտող կողմերուն առաջարկուած էին Արցախի տագնապի լուծման մի քանի ծրագիրներ: Կային Կազանի եւ Մատրիտեան ծրագիրները: Այս երկու ծրագիրներն ալ տարբեր ձեւերով Ադրբեջանին կը վերադարձնէին 7 շրջան, փոխարէնը, տարիներ յետոյ, եւ (դարձեալ ուշադիր եղեք) ադրբեջանցի գաղաթականներու վերադարձէն ետք, Արցախը կը ստանար ինքն իր կամքը արտայայտելու իրաւունք, կամ՝ ինքնորոշման իրաւունք: Մատրիտէն առաջ կար Քի Ուէսթի ծրագիրը, որ տարածքներու փոխանակում կ’առաջարկէր կողմերուն: Հայկական կողմը, ի դէմս նախագահներ Քոչարեանի եւ Սարգսեանի, ընդունած է թէ՛ Քի Ուէսթը, թէ՛ Մատրիսը եւ թէ Կազանը: Այսինքն, հայկական կողմը բացայայտ ընդունած է 7 շրջաններու յանձնումը Ադրբեջանին, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի դիմաց: Ադրբեջանն է, որ ՄԵՐԺԱԾ է այս ծրագիրները եւ համաձայնութիւն տուած է միայն Լաւրովեան ծրագրին, որովհետեւ ռուսական այս առաջարկութեան մէջ ոչ միայն հողեր է որ կը վերադարձուի Ադրբեջանին, այլ նաեւ Արցախը կը մնայ Ադրբեջանի կազմին մէջ, յատուկ կարգավիճակով…
Այսօր, Ադրբեջանը դարձեալ հայութեան առջեւ կը դնէ Լաւրովեան կամ՝ «խաղաղութիւն՝ տարածքներու դիմաց» ծրագիրը: Այսինքն, Ադրբեջան հայ ժողովուրդին յստակ կ’ըսէ, թէ այն ինչ չկարողացայ իրագործել 2016-ի պատերազմէն յետոյ, այսօր պիտի պարտադրեմ Թուրքիոյ, Փաքիստանի եւ ահաբեկիչներու օգնութեամբ: Մէկ խօսքով, Ադրբեջան կ’ըսէ՝ եթէ կ’ուզէք դադրի պատերազմը, ուրեմն կը վերադարձնէք 5 շրջանները եւ կ’ընդունիք, որ Արցախը պիտի մնայ Ադրբեջանի կազմին մէջ:
Վարչապետ Փաշինեան այսօր յայտարարեց, որ «խաղաղութիւն՝ տարածքներ վերադարձնելու դիմաց» տարբերակը ընդունելի չէ հայութեան համար: Արցախն ու Հայաստանը չեն կրնար ընդունիլ Լաւրովեան ծրագիրը, որովհետեւ անիկա ոչ միայն չ’երաշխաւորեր Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը, այլեւ տարածքներու վերադարձով լրջօրէն հարցականի տակ կը դնէ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութիւնը:
Ընտրութիւնը յստակ է: Կա՛մ հրաժարիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման եւ անկախութեան իրաւունքէն, կամ՝ համախմբուիլ մեր բանակին, մեր զինուած ուժերուն եւ Արցախի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն շուրջ եւ ամէն ինչ ընել՝ ձախողութեան մատնելու թուրք-ադրբեջանական այս չափազանց վտանգաւոր ծրագիրը:
Գրեցէ՛ք ինծի: