26.7 C
Yerevan

Կեղծաւոր Արեւմուտք, թուլա­ցած Ռուսաստան

Րաֆֆի Տուտագլեան

Եթէ ուզենք ոչ անպայման նոր, բայց կրկնուող դասեր քաղել հայ ժողո­վուրդի դէմ շղթա­յա­զերծուած թուրք-ադրբե­ջա­նա­կան պատե­րազմէն եւ այս առի­թով՝ շրջա­նա­յին եւ միջազգա­յին արձա­գանքնե­րէն (կամ անոնց բացա­կա­յութե­նէն), անվա­րան կրնանք հաստա­տել հետեւեա­լը.

1.     Արեւմուտքը, ինչպէս միշտ, եթէ շահ չունի, ուրեմն թքած ունի իր յայտա­րա­րած արժէքնե­րուն վրայ, ինչպի­սին օրի­նակ՝ ժողովրդա­վա­րութիւն, մարդկա­յին իրաւունքներ, ազգե­րու ինքնո­րոշման իրաւունքի յարգում, պատե­րազմա­կան ոճիրնե­րու արգե­լում եւ պատիժ, եւայլն: Արեւմուտքին այս բոլո­րը ընդունե­լի են միայն իրենց երկիրնե­րուն մէջ եւ իրենց շահե­րուն համար: Ատկէ անդին, եթէ շահ չկայ, եթէ վտանգուա­ծութիւն չկայ, ով ինչ կ’ուզէ թող ըլլայ… Կրնան կարեկցանքի թովիչ խօսքեր ըսել, բայց ատկէ անդին չեն անցնիր: Ուրեմն, իրենց դաւա­նած արժէքնե­րը լաւ են ու կարեւոր են միայն իրենց համար, իրենց շահե­րուն համար: Սա նորութիւն չէ ի հարկէ, սա պարզա­պէս վերա­հաստա­տումն է տիե­զե­րա­կան յայտնի ճշմարտութեան, սակայն մենք պէտք է յիշենք, որ թէ՛ ժողովրդա­վա­րա­կան, թէ՛ մարդկա­յին իրաւանց եւ թէ անկախ արդա­րա­դա­տա­կան բարե­փո­խումնե­րը կը կատա­րենք եւ այդ ճանա­պարհով կ’երթանք ոչ թէ արեւմուտքէն «բրաւօ»ներ լսե­լու, այլ՝ մեր սեփա­կան ժողո­վուրդի եւ մեր սեփա­կան հայրե­նի­քի բարօ­րութեան, զարգացման եւ հզօ­րացման համար: Մէկ-մէկ արեւմուտքին պէտք է յիշեցնենք, որ 1918-ին Հայաստա­նի Հանրա­պե­տութիւնը աշխարհի առա­ջին երկիրնե­րէն էր, որ կինե­րուն քուէարկե­լու իրաւունք տուաւ, անջա­տեց եկե­ղե­ցին պետութե­նէն եւ ժողովրդա­վա­րա­կան արժէքնե­րու կիրա­ռումը օրի­նա­կե­լու կերպով իրա­կա­նա­ցուց տնտե­սա­կան մեծ դժուա­րութիւններ եւ մարդկա­յին մեծ ողբերգութիւն դիմագրաւող նորանկախ երկրին մէջ: 

2.     Ռուսաստա­նը իբրեւ գերտէ­րութիւն՝ օրէ օր իր դիրքը կը զիջի կայսե­րա­կան ձգտումներ Թուրքիոյ պէս երկրի մը առջեւ: Ռուսաստա­նը այսօր ոչ միայն համաշխարհա­յին, այլ նոյնիսկ շրջա­նա­յին առումով չունի ինքն իր կամքը, ինքն իր քաղա­քա­կա­նութիւնը եւ ինքն իր երբեմնի անդի­մադրե­լի ազդե­ցութիւնը հարիւր տոկո­սով պարտադրե­լու հնա­րաւո­րութիւն: Թուրքիա այսօր ոչ միայն կը դիմադրէ Ռուսաստա­նին, այլեւ իր կամքը ինչ որ չափով կը պարտադրէ Սուրիոյ, Լիպիա­յի եւ Անդրկովկա­սի մէջ, ի հեճուկս ռուսա­կան դժգո­հութեան եւ նոյնիսկ անոր ռազմա­կան միջամտութիւննե­րուն: Ռուսա­կան ազդե­ցութեան աւանդա­կան գօտիին մէջ Թուրքիա իր քիթը օրէ օր աւե­լի կը մխրճէ, նոյնիսկ տարա­ծաշրջա­նի ռազմա­կան հաւա­սա­րակշռութիւնը ի նպաստ իրեն թեքե­լու յստակ մտադրութեամբ եւ նպա­տա­կով: Ադրբե­ջա­նի մէջ թրքա­կան ազդե­ցութիւնը համարձա­կօ­րէն տարա­ծե­լու եւ ռազմա­կան ու քաղա­քա­կան ամբողջա­կան տիրա­կա­լութիւն հաստա­տե­լու կողքին, Թուրքիա այսօր Ուքրա­նիոյ հետ ճակատ կը բանայ Ռուսաստա­նի դէմ՝ աննա­խընթաց մարտահրաւէ­րի մը առջեւ դնե­լով Քրեմլի­նը կամ Ռուսաստա­նի ռազմա­քա­ղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը: Ռուսաստան փաստօ­րէն կորսնցուցած է տարա­ծաշրջա­նա­յին գերակշիռ ուժ ըլլա­լու իր հանգա­մանքը եւ չունի Թուրքիան զսպե­լու մեխա­նիզմներ: Հաւա­նա­բար, կրնան պնդել շատեր, Ռուսաստան դեռ եւս չի տեսներ թրքա­կան ծաւա­լա­պաշտութեան վտանգը եւ զօրաւոր հակազդե­ցութիւն ցուցադրե­լու կարիք չըզգար, մանաւանդ երբ ան տնտե­սա­կան բազմա­տե­սակ շահեր ունի Թուրքիոյ եւ Ադրբե­ջա­նի հետ: Եթէ Թուրքիան իր տնտե­սա­կան շահե­րը վտանգե­լով հանդերձ, Ուքարնիոյ եւ Ադրբե­ջա­նի հետ զինակցութիւն կը ստեղծէ ի հեճուկս Ռուսաստա­նին, ուրեմն պարզ է, որ ոչ թէ տնտե­սա­կան շահերն են Ռուսաստա­նի ձեռքե­րը կապո­ղը, այլ՝ այդ վտա­գաւոր դաշինքը կանխե­լու անկա­րո­ղութիւնը:

Այս իրա­կա­նութիւննե­րը տեսնե­լով է, որ հայութիւնը այսօր իր յոյսը կը դնէ նախ եւ առաջ ինք իր վրայ, առանց անտե­սե­լու, սակայն, իր շրջա­նա­յին եւ միջազգա­յին յարա­բե­րութիւններն ու դաշնակցա­յին կապե­րը: Ի վերջոյ, դաս քաղել չի նշա­նա­կեր հայհո­յել արեւմուտքին եւ անոր քարո­զած արժէքնե­րուն (որոնք, իմաստակնե­րուն յատուկ յիշեցնեմ, արեւմուտքի­նը չեն ընդհանրա­պէս, այլ համա­մարդկա­յին են), ոչ ալ կը նշա­նա­կէ ողբալ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցին պահուածքին կամ սահմա­նա­փակ կարո­ղութիւննե­րուն համար: Մեզմէ զատ ոչ ոք պատրաստ է գալու եւ կռուե­լու Հայաստա­նի սահմաննե­րուն վրայ: Այդպէս էր անցեա­լին, այդպէս է այսօր: Թէ՛ արեւմուտքի, թէ Ռուսաստա­նի եւ թէ թուրքադրբե­ջա­նա­կան ճակա­տի կեցուածքը կախեալ է ոչ միայն իրենց շահե­րէն, հնա­րաւո­րութիւննե­րէն կամ սահմա­նա­փա­կումնե­րէն, այլ նաեւ հայկա­կան կողմի վճռա­կա­մութե­նէն՝ ռազմա­դաշտի վրայ, եւ քաղա­քա­կան ճիշդ հաշուարկնե­րէն ու կողմնո­րո­շումէն:

Ռուսաստա­նը, իր բոլոր խնդիրնե­րով հանդերձ, կը մնայ մեր ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցը, արեւմուտքը իր կեղծաւո­րութեամ ու շահա­դի­տա­կան քաղա­քա­կա­նութեամբ հանդերձ՝ կը մնայ մեր բարե­կա­մը, Իրանն ու Վրաստա­նը կը մնան մեր հարեւաննե­րը: Սակայն մեր ճակա­տագրի տէրը մե՛նք ենք, ուրիշ ոչ ոք:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected] 

Առնչվող Հոդվածներ