14.7 C
Yerevan

Ո՞վ է մեզ կռնա­կէն հարուա­ծո­ղը…

Խաժակ Այնթա­պեան

Այսօր շատ ըսե­լիք չունիմ, բայց շատ կարեւոր մաղթանք մը ունիմ.
գիտեմ որ պիտի յաղթենք, սակայն կը մաղթեմ որ յաղթա­նա­կը այս անգամ մինչեւ վերջ պահենք:

Առա­ջին անգա­մը չէ որ մենք պիտի յաղթենք: Մենք Տիգրան մեծ ունե­ցած ազգ ենք… Սարդա­րա­պատ կերտած ենք, Մուսա լեռ բարձրա­ցած ենք, իսկ Արցա­խեան առա­ջին ազա­տա­մարտը փառքով ու յաղթա­նա­կով աւարտած ենք: Մեր ամբողջ ուժը մենք միշտ առաջնա­գի­ծին նուի­րած ենք ու շատ ճիշդ ըրած ենք, սակայն յաղթա­նա­կէն ետք թիկունքը մաքուր պահած չենք այդ պատճա­ռով ալ հարուա­ծը միշտ կռնա­կէն ստա­ցած ենք:

Ո՞վ է մեզ կռնա­կէն հարուա­ծո­ղը… Ամերիկացի՞ն Եւրոպացի՞ն թէ ռուսը… Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը, Մեր թիկունքը տկա­րացնո­ղը միշտ եղած է հայու այն տեսա­կը, որ չէ կրցած հանդուրժել յաղթա­նա­կը: Այս տեսա­կը որ միշտ փորձած է նսե­մացնել Սարդա­րա­պա­տը, վաղը միւս օր պիտի փորձէ վարկա­բե­կել նաեւ այս օրե­րուն կերտուող մեր փառա­պանծ յաղթա­նա­կը…

Մի ըսէք թէ չկան այդպի­սի հայեր, նայե­ցէք ձեր շուրջը… Հայրե­նի­քի եւ սփիւռքի փողոցնե­րուն մէջ կամ ֆէյսպուքի էջե­րուն մէջ այս տեսակնե­րը օձե­րու պէս կը վխտան ու կը փորձեն թունաւո­րել մեր ազգա­յին մթնո­լորտը… Ի՞նչ կ’ուզեն ապա­ցուցել արդեօք.. Իրենց թոյնին զօրութի՞ւնը…

Հանգստա­ցէք բարե­կամներ, հիմա ժամա­նա­կը չէ: Ան որ կ’ուզէ իր թոյնին ազդե­ցութիւնը ուսումնա­սի­րել, թող սրուակ մը առնէ, իր թոյնը անոր մէջ լեցնէ ու ազգա­յին բժիշկին յանձնէ: Յաղթա­նա­կէն ետք ազգա­յին բժիշկը ձեր թոյնե­րը լաւ մը կը զննէ ու բարձրա­ձայն կը յայտա­րա­րէ թէ մեր ազգին մէջ ամէ­նէն թունաւոր կենդա­նին ով է, այդպէս կը հանգստանա՞ք…

Հիմա ժամա­նա­կը չէ, հիմա նախ յաղթե­լու ենք, հայոց հզօր բանա­կը վկայ …
Իսկ յետոյ թիկունքը լաւ մը մաքրե­լու ենք, ու այս անգամ յաղթա­նա­կը մինչեւ վերջ պահե­լու ենք, ազգա­յին բժիշկը վկայ…

Առնչվող Հոդվածներ