Խաժակ Այնթապեան
Այսօր շատ ըսելիք չունիմ, բայց շատ կարեւոր մաղթանք մը ունիմ.
գիտեմ որ պիտի յաղթենք, սակայն կը մաղթեմ որ յաղթանակը այս անգամ մինչեւ վերջ պահենք:
Առաջին անգամը չէ որ մենք պիտի յաղթենք: Մենք Տիգրան մեծ ունեցած ազգ ենք… Սարդարապատ կերտած ենք, Մուսա լեռ բարձրացած ենք, իսկ Արցախեան առաջին ազատամարտը փառքով ու յաղթանակով աւարտած ենք: Մեր ամբողջ ուժը մենք միշտ առաջնագիծին նուիրած ենք ու շատ ճիշդ ըրած ենք, սակայն յաղթանակէն ետք թիկունքը մաքուր պահած չենք այդ պատճառով ալ հարուածը միշտ կռնակէն ստացած ենք:
Ո՞վ է մեզ կռնակէն հարուածողը… Ամերիկացի՞ն Եւրոպացի՞ն թէ ռուսը… Ոչ մէկը եւ ոչ ալ միւսը, Մեր թիկունքը տկարացնողը միշտ եղած է հայու այն տեսակը, որ չէ կրցած հանդուրժել յաղթանակը: Այս տեսակը որ միշտ փորձած է նսեմացնել Սարդարապատը, վաղը միւս օր պիտի փորձէ վարկաբեկել նաեւ այս օրերուն կերտուող մեր փառապանծ յաղթանակը…
Մի ըսէք թէ չկան այդպիսի հայեր, նայեցէք ձեր շուրջը… Հայրենիքի եւ սփիւռքի փողոցներուն մէջ կամ ֆէյսպուքի էջերուն մէջ այս տեսակները օձերու պէս կը վխտան ու կը փորձեն թունաւորել մեր ազգային մթնոլորտը… Ի՞նչ կ’ուզեն ապացուցել արդեօք.. Իրենց թոյնին զօրութի՞ւնը…
Հանգստացէք բարեկամներ, հիմա ժամանակը չէ: Ան որ կ’ուզէ իր թոյնին ազդեցութիւնը ուսումնասիրել, թող սրուակ մը առնէ, իր թոյնը անոր մէջ լեցնէ ու ազգային բժիշկին յանձնէ: Յաղթանակէն ետք ազգային բժիշկը ձեր թոյները լաւ մը կը զննէ ու բարձրաձայն կը յայտարարէ թէ մեր ազգին մէջ ամէնէն թունաւոր կենդանին ով է, այդպէս կը հանգստանա՞ք…
Հիմա ժամանակը չէ, հիմա նախ յաղթելու ենք, հայոց հզօր բանակը վկայ …
Իսկ յետոյ թիկունքը լաւ մը մաքրելու ենք, ու այս անգամ յաղթանակը մինչեւ վերջ պահելու ենք, ազգային բժիշկը վկայ…