Հայաստան

Այցելեցէք Միայն Մէ՛կ Անգամ․․․

Րաֆֆի Տուտագլեան

«Բոլոր թերահաւատներուն, յուսահատներուն, յոռետեսներուն, կասկածամիտներուն եւ ողբերգակներուն կ՚առաջարկեմ գոնէ մէկ անգամ այցելել Արցախ, խօսիլ այնտեղի զինուորներուն եւ ղեկավարներուն հետ, զգալ ոգին, շփուիլ այնտեղի բժիշկներուն, հաց թխողներուն, ելեկտրական լարերը նորոգողներուն, պետպաշտօնեաներուն, ռմբակոծումներու հետքերը մաքրողներուն եւ այնտեղ մնացած բնակիչներուն հետ։

Արժէ երթալ միայն մէկ անգամ եւ շնչել, զգալ, շօշափել, ապրիլ Արցախը, նայիլ արցախցիի աչքերուն մէջ, սեղմել այնտեղ ծառայող զինուորին ուժեղ ձեռքը եւ գրկել զինուորի կողքին կանգնած կամաւորը։

Այցելեցէք Արցախ միայն մէ՛կ անգամ եւ պիտի հասկնաք, որ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ մերն է։

Այցելեցէք միայն մէկ անգամ եւ պիտի հասկնաք, որ Երեւանի սրճարաններու մէջ նստած անկեալ «ասպետները», յուսալքութիւն ու թուլութիւն սերմանողները կապ չունին այս հողին հետ, անառակ որդիներ են անոնք, որոնց համար յոյսի Աստուածները մահացած են, կեանքի լոյսերը՝ խամրած։

Այցելեցէ՛ք Արցախ, միայն մէկ անգամ, թէկուզ եւ հպանցիկ՝ մէկ անգամ անցէք հայ հողը պաշտպանող մարտիկին կողքով, զգացէք անոր երակներուն մէջ լաւայի պէս հոսող արեան ուժը, եւ պիտի համոզուիք, որ Յաղթանակի կրակը անմար է, Յաղթանակի Աստուածը անմահ է, Յաղթանակը ՄԵՐՆ Է…»

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *