16.5 C
Yerevan

Պատասխա­նատւութեան Մեր Բաժի­նը

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մեզի կը պարտադրուի ռուս-թրքա­կան չափա­զանց վտանգաւոր համա­ձայնա­գիր մը:

Խօսքը ոչ միայն արդէն իսկ Ադրբե­ջա­նի կողմէ վերջին մէկուկէս ամսուն գրաւած հողե­րու՝ 4 շրջաննե­րու մասին է:

Խօսքը ոչ միայն Աղդա­մի, Քարվա­ճա­ռի եւ Լաչի­նի շրջաննե­րը վերա­դարձնե­լու մասին է:Խօսքը ոչ միայն Շուշիի եւ Հադրութի կորուստին մասին է:

Ասոնք բոլորն ալ մեծ աղէտներ են անկասկած, չափա­զանց մեծ կուրուստներ:Խօսքը նաեւ կը վերա­բե­րի Ադրբե­ջա­նի եւ Նախի­ջեւա­նի միջեւ ուղղա­կի ճանա­պարհ ստեղծե­լուն: Այսինքն՝ 10 միլիոն բնակչութիւն ունե­ցող Ադրբե­ջա­նի ու 80 միլիո­նա­նոց Թուրքիոյ միջեւ ուղղա­կի կապ հաստա­տե­լուն:

Ռուս թուրքա­կան այս նոր պայմա­նա­գի­րը Հայաստա­նի ինքնիշխա­նութեան հասցուած հերթա­կան հարուածն է, որուն տակէն շատ դժուար պիտի ըլլայ դուրս ելլել:

Այո, կարե­լի է մեղաւոր համա­րել Ռուսաստա­նը՝ իր շահե­րուն հերթա­կան անգամ մեզ զոհե­լուն համար: Կարե­լի է մեղադրել Թուրքիան ու Ադրբե­ջա­նը՝ իրենց ցեղասպա­նա­կան ծրա­գիրնե­րուն համար: Կարե­լի է մեղաւոր համա­րել արեւմուտքն ու արեւելքը, հարաւն ու հիւսի­սը, Սադա­յէլն ու Գաբրիէ­լը, ամբողջ աշխարհը:

Բայց հասկնանք այլեւս, մենք ունինք նաեւ պատասխա­նատւութեան մեր բաժի­նը: Պատասխա­նա­տու է առա­ջին հերթին գործող ռազմա­քա­ղա­քա­կան ղեկա­վա­րութիւնը, որովհե­տեւ իրեն վտա­հուած էր Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ինքնիշխա­նութիւնը փրկե­լու առա­քե­լութիւնը եւ հակա­ռակ ժողո­վուրդի բացարձակ մեծա­մասնութեան աջակցութեան, չկրցաւ նուա­զա­գոյն վնասնե­րով դուրս գալ այս պարտադրուած պատե­րազմէն:

Պատասխա­նա­տու են նախկին իշխա­նութիւննե­րը, բոլո­րը անխտիր, իրենց կոա­լի­ցիոն եւ միա­կուսակցա­կան կառա­վա­րութիւննե­րով, որովհե­տեւ 28 տարի իրենք եւս ոչ միայն չկրցան բարւոք լուծում տալ Արցա­խի հարցին, այլեւ վատնե­ցին Հայաստա­նի սահմա­նա­փակ հնա­րաւո­րութիւննե­րը եւ նոյնիսկ 2016‑ի Ապրի­լի քառօ­րեայ պատե­րազմէն ետք, փոխա­նակ դասեր քաղե­լու, լկտիա­բար շարունա­կե­ցին իրենց կործա­նա­րար ներքին քաղա­քա­կա­նութիւնը:

Պատասխանտու ենք բոլորս, որովհե­տեւ թերագնա­հա­տե­ցինք թշնա­մին, գերագնա­հա­տե­ցինք դաշնա­կի­ցը եւ մինչեւ այսօր կը զբա­ղինք ներքին դաւա­ճաններ որո­նե­լով, փոխա­նակ մեր ուժե­րը կեդրո­նացնե­լու պետա­կան կառոյցնե­րու հզօ­րացման եւ առա­ջին հերթին՝ տնտե­սա­կան եւ ռազմա­կան մեր զարգա­ցումը 21-րդ դարուն համա­պա­տասխա­նեցնե­լու վրայ:

Պատասխա­նա­տու եմ ես, պատասխա­նա­տու ես դուն, պատասխա­նա­տու ենք բոլորս: Եւ պատասխա­նատւութե­նէն խուսա­փե­լու ամենկարճ եւ ամե­նա­դիւրին ճամբան այլոց մէջ դաւա­ճաններ որո­նել է, աւե­լի հայրե­նա­սէր եւ աւե­լի նուի­րուած ձեւա­նալն է, յանցանքն ու մեղքը ուրի­շին վրայ բարդելն է…

Մենք հիմա կը գտնուինք Հայաստա­նի եւ Արցա­խի ինքնիշխա­նութիւնը ազգո­վին փրկե­լու մեր կեանքի ամե­նա­մեծ ազգա­յին մարտահրաւէ­րին առջեւ:

Մեզի պարտադրուող ռուս-թրքա­կան այս պարտուո­ղա­կան համա­ձայնա­գի­րը աւե­լի քան խայտա­ռա­կութիւն է: Սա մեր պետութեան ինքնիշխա­նութեան հասցուած մեծա­գոյն հարուած է:

Գոնէ անգա­մուան մը համար իւրա­քանչիւրս, ինչ դիրքի վրայ որ ըլլանք, ընդունինք պատասխա­նատւութեան մեր բաժի­նը եւ հաւա­քա­բար գտնենք այն ելքը, որ յաջորդող սերունդնե­րը զերծ պիտի պահէ խայտա­ռակ այս համա­ձայնագրի ծանր բեռը դաժա­նօ­րէն կրե­լու պարտաւո­րութե­նէն:

Առնչվող Հոդվածներ