Ազատ բեմ

Ստորագրուած է պարտուողական փաստաթուղթ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Անմարսելի, անընդունելի….Իւրաքանչիւր երկրի ղեկավար պատասխանատու է իր ստորագրածին համար։ Փաշինեանի պարագային՝ նոյնպէս։ Քաղաքական պատասխանատւութիւն կրելը անխուսափելի է։

Ճգնաժամ է Հայաստանի մէջ եւ այս տագնապէն դուրս գալու միակ ելքը Սահմանադրական ճանապարհն է։

Նախ, իբրեւ խորհրդարանական պետութիւն, Ազգային Ժողովը պէտք է վերադառնայ իր աշխատանքներուն եւ դառնայ այն բեմը, ուր տեղի կ՚ունենան քաղաքական քննարկումները, եւ սա թէ’ խորհրդարանական եւ թէ արտախորհրդարանական ուժերու մասնակցութեամբ։ Իմ Քայլը խմբակցութեան առաջնահերթութիւնը սա պէտք է ըլլայ։

Զուգահեռ՝ պէտք է խուսափիլ փողոցային բախումներէ։ Ոեւէ քաղաքացիական բախում երկիրը կրնայ դէպի քաոս տանիլ։Ելքեր գտնելու համար շարունակել խորհրդակցութիւնները նախագահի մօտ, խորհրդարանէն ներս եւ քաղաքական բաց ու փակ հարթակներով։

Վարչապետի եւ կառավարութեան հրաժարականի պահանջը իւրաքանչիւր հայ մարդու իրաւունքն է, բայց ասոր պէտք է ընկերանայ ճգնաժամէն դուրս գալու խելամիտ առաջարկներ։

Պէտք է յստակ յայտարարել նպատակ եւ միջոց։ Իշխանափոխութիւնը նպատակ չի կրնար ըլլալ, իսկ եթէ միջոց է, ի՞նչ քայլեր պիտի առնուին՝ ստորագրուած փաստաթուղթէն հրաժարելու, կամ առնուազն անոր մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու համար։ Ստորագրուած փաստաթուղթը պիտի մերժուի՞, ռուս խաղաղապահները տու՞ն պիտի ղրկուին, ու պատերա՞զմ պիտի սկսինք։ Հանրութեան պէտք է յստակ ըսել, թէ ուրիշ ի՞նչ կարելի է ընել, ի՞նչ են քայլերն ու հնարաւորութիւնները… Զինուած Ուժերու հրամանատարութիւնը ընդունեց, որ մենք պարտուեցանք այս պատերազմին, սպառած են մեր ուժերը, չունինք բաւական զէնք ու զինամթերք՝ թուրք-ադրբեջանական բանակին դիմադրելու եւ հակայարձակողականի անցնելու։

Այս վիճակը ինչպէ՞ս կարելի է փոխել, ի՞նչ է յստակ ծրագիրը, ու՞ր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս։

Հարցեր, որոնց պատասխանները կը մնան առնուազն անյստակ…

Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, թէ նախկին իշխանութիւնները այս առիթը պէտք չէ օգտագործեն վերադարձ կատարելու եւ իրենց յանցագործութիւններէն խուսափելու համար։ Արցախի տագնապը աւելի քան 30 տարուայ կեանք ունի եւ բոլորն ալ, հինով ու նորով, պատասխանատւութիւն ունին թէ անցեալի եւ թէ այսօրուան մեծ ու փոքր սխալներուն համար։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *