20 C
Yerevan

Ստո­րագրուած է պարտուո­ղա­կան փաստա­թուղթ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Անմարսե­լի, անընդունելի.…Իւրաքանչիւր երկրի ղեկա­վար պատասխա­նա­տու է իր ստո­րագրա­ծին համար։ Փաշի­նեա­նի պարա­գա­յին՝ նոյնպէս։ Քաղա­քա­կան պատասխա­նատւութիւն կրե­լը անխուսա­փե­լի է։

Ճգնա­ժամ է Հայաստա­նի մէջ եւ այս տագնա­պէն դուրս գալու միակ ելքը Սահմա­նադրա­կան ճանա­պարհն է։

Նախ, իբրեւ խորհրդա­րա­նա­կան պետութիւն, Ազգա­յին Ժողո­վը պէտք է վերա­դառնայ իր աշխա­տանքնե­րուն եւ դառնայ այն բեմը, ուր տեղի կ՚ունենան քաղա­քա­կան քննարկումնե­րը, եւ սա թէ’ խորհրդա­րա­նա­կան եւ թէ արտա­խորհրդա­րա­նա­կան ուժե­րու մասնակցութեամբ։ Իմ Քայլը խմբակցութեան առաջնա­հերթութիւնը սա պէտք է ըլլայ։

Զուգա­հեռ՝ պէտք է խուսա­փիլ փողո­ցա­յին բախումնե­րէ։ Ոեւէ քաղա­քա­ցիա­կան բախում երկի­րը կրնայ դէպի քաոս տանիլ։Ելքեր գտնե­լու համար շարունա­կել խորհրդակցութիւննե­րը նախա­գա­հի մօտ, խորհրդա­րա­նէն ներս եւ քաղա­քա­կան բաց ու փակ հարթակնե­րով։

Վարչա­պե­տի եւ կառա­վա­րութեան հրա­ժա­րա­կա­նի պահանջը իւրա­քանչիւր հայ մարդու իրաւունքն է, բայց ասոր պէտք է ընկե­րա­նայ ճգնա­ժա­մէն դուրս գալու խելա­միտ առա­ջարկներ։

Պէտք է յստակ յայտա­րա­րել նպա­տակ եւ միջոց։ Իշխա­նա­փո­խութիւնը նպա­տակ չի կրնար ըլլալ, իսկ եթէ միջոց է, ի՞նչ քայլեր պիտի առնուին՝ ստո­րագրուած փաստա­թուղթէն հրա­ժա­րե­լու, կամ առնուազն անոր մէջ փոփո­խութիւններ մտցնե­լու համար։ Ստո­րագրուած փաստա­թուղթը պիտի մերժուի՞, ռուս խաղա­ղա­պահնե­րը տու՞ն պիտի ղրկուին, ու պատերա՞զմ պիտի սկսինք։ Հանրութեան պէտք է յստակ ըսել, թէ ուրիշ ի՞նչ կարե­լի է ընել, ի՞նչ են քայլերն ու հնա­րաւո­րութիւննե­րը… Զինուած Ուժե­րու հրա­մա­նա­տա­րութիւնը ընդունեց, որ մենք պարտուե­ցանք այս պատե­րազմին, սպա­ռած են մեր ուժե­րը, չունինք բաւա­կան զէնք ու զինամթերք՝ թուրք-ադրբե­ջա­նա­կան բանա­կին դիմադրե­լու եւ հակա­յարձա­կո­ղա­կա­նի անցնե­լու։

Այս վիճա­կը ինչպէ՞ս կարե­լի է փոխել, ի՞նչ է յստակ ծրա­գի­րը, ու՞ր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս։

Հարցեր, որոնց պատասխաննե­րը կը մնան առնուազն անյստակ…

Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, թէ նախկին իշխա­նութիւննե­րը այս առի­թը պէտք չէ օգտա­գործեն վերա­դարձ կատա­րե­լու եւ իրենց յանցա­գործութիւննե­րէն խուսա­փե­լու համար։ Արցա­խի տագնա­պը աւե­լի քան 30 տարուայ կեանք ունի եւ բոլորն ալ, հինով ու նորով, պատասխա­նատւութիւն ունին թէ անցեա­լի եւ թէ այսօ­րուան մեծ ու փոքր սխալնե­րուն համար։

Առնչվող Հոդվածներ