Հայաստան

«Իմ քայլը» Խմբակցութիւնը Պատասխանատւութիւն Պէտք է Ստանձնէ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Պատերազմ պարտուած ու հող կորսնցուցած իշխանութիւն մը չի կրնար քաղաքական պատասխանատւութենէ խուսափիլ, որքան ալ արդարացուցիչ հանգամանքներ փորձէ ի յայտ բերել։

Քաղաքական պատասխանատւութիւն կրելը անխուսափելի է։ Բայց առաջին հերթին երկրին մէջ կայունութիւն է պէտք։ Ի գին ամէն ինչի պէտք է խուսափիլ փողոցային բախումներէն, եւ քննարկումները, խորհրդակցութիւններն ու բանավէճը անհրաժեշտ է իրականացնել խորհրդարանին եւ այլ քաղաքական գրասենեակներու մէջ։

Կայունութիւնը չափազանց կարեւոր է մանաւանդ այս օրերուն։ Այս առումով, վայրկեան առաջ խորհրդարանը պէտք է վերադառնայ իր աշխատանքներուն։

Յաջորդ քայլը արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումն է։ Սա անխուսափելի է եւ անշրջանցելի։

Բայց հիմա, կայունութիւն է հարկաւոր։ Ոչ ցոյցերը, ոչ ձերբակալութիւնները, ոչ ալ ջարդուխուրդը տեղ կը հասցնեն այս օրերուն։ Շատ արագ խորհրդարանը պէտք է վերսկսի իր աշխատանքներուն եւ քաղաքական գործընթացները պէտք է տեղափոխուին այնտեղ։ Ի վերջոյ, մեր պետութիւնը խորհրդարանական է եւ Ազգային Ժողովն է այն վայրը, ուր տեղի կ՚ունենան քաղաքական բանավէճերը։

«Իմ քայլը» խմբակցութիւնը այս առումով պատասխանատւութիւն պէտք է ստանձնէ։ Շատ շտապ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի Փաշինեանի ստորագրած փաստաթուղթին, եկեք զիրար չխաբենք, այդ փաստաթուղթին հեղինակը Մոսկուան է, Անգարան ալ անոր համախոհը։ Բոլորս ալ կ՚ուզենք հրաժարիլ այդ փաստաթուղթէն, բայց մեզմէ ոչ ոք դեռ չյստակացուց, թէ ինչպէս…

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *