13.5 C
Yerevan

Հայկա­կան Մանկա­պարտէ­զա­յին Քաղա­քա­կա­նութիւն

Րաֆֆի Տուտագլեան

Եկեք բառե­րով չխա­ղանք։
Իրա­կա­նութիւնը ըսենք այնպէս, ինչպէս որ կայ։

Ադրբե­ջան, 9 տարի առաջ, մերժեց Կազա­նի մէջ կողմե­րուն հրամցուած համա­ձայնա­գի­րը, ըստ որուն 5+2 շրջաննե­րու դիմաց Արցա­խը պիտի ստա­նար ազատ կամարտա­յայտութեան իրաւունք։

Ադրբե­ջան յստակ կ՚ըսեր, այդ օրե­րուն ալ, ատկէ առաջ ալ, ատկէ վերջ ալ, թէ ինք չընդունիր Արցա­խի անկա­խութիւնը, եւ անոր կարգա­վի­ճա­կի յստա­կա­ցումէն առաջ պէտք է վերա­դարձուին իրեն «պատկա­նող» 7 շրջաննե­րը։

Կազա­նէն ետք բանակցութիւննե­րը գրե­թէ սառե­ցան եւ 2016 Ապրի­լին, Ադրբե­ջան փորձեց արագ յարձա­կումով ճեղքել Արցա­խի ռազմա­ճա­կատնե­րը, բայց չյա­ջո­ղա­ցաւ, կամ ունե­ցաւ սահմա­նա­փակ յաջո­ղութիւն: Այդ օրե­րուն ռազմա­դաշտէն բացա­կայ էին Թուրքիա­յի ռազմա­կան ուժերն ու ջիհա­տիսթնե­րը…

Դարձեալ բանակցութիւններ ու սեղա­նին վրայ դրուե­ցաւ Լավրո­վեան ծրա­գի­րը, ըստ որուն հայկա­կան կողմը Ադրբե­ջա­նին կը վերա­դարձնէ 5+2 շրջան եւ յետոյ կը քննուի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կը։ 2016-ին հայկա­կան կողմը մերժեց այս ծրա­գի­րը, ըսե­լով, թէ առանց Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կի յստա­կեցման, ոեւէ տարածք կարե­լի չէ վերա­դարձնել։

Ատկէ ետք ուրիշ ծրա­գիր չէ մշա­կուած, Արցա­խի խնդրի լուծման այլ ծրա­գիր չէ ներկա­յա­ցուած կողմե­րուն։ Բայց Ադրբե­ջան շարունա­կեց յայտա­րա­րել, որ զէնքի ուժով պիտի «ազա­տագրէ» իր հողե­րը… Հայկա­կան կողմի պատասխանն ալ այս էր՝ զէնքի ուժով Արցա­խի հարցը չի լուծուիր, քանի որ Հայաստանն ու Արցա­խը ի վիճա­կի են դիմադրե­լու եւ հակա­դարձե­լու ոեւէ յարձակման։

2016‑ի ապրի­լեան եւ 2020‑ի յուլի­սեան քառօ­րեայ կռիւնե­րէն ետք, Ադրբե­ջա­նի համար արդէն յստակ էր, որ առանձինն ի վիճա­կի չէ յաղթա­նակ տանե­լու Հայաստա­նի եւ Արցա­խի դէմ։ Թուրքիոյ հետ տարի­ներ շարունակ ռազմա­կան համա­գործակցութիւնը, միա­ցեալ ռազմա­փորձե­րը, թրքա­կան նոր զէնքե­րը, թրքա­կան բանա­կի ուղղա­կի մասնակցութիւնը՝ պատե­րազմը յաղթե­լու միակ միջոցն էր Ադրբե­ջա­նի համար։ Եւ յստակ է, Հայաստան պարտուե­ցաւ հայ-թրքա­կան այս պատե­րազմին։ Կրնա՞ր յաղթել։ Դժուար։

Իսկ ի՞նչ ըրին միջազգա­յին հանրութիւնը, Մինսկի խումբի երկիրնե­րը, Հայաստա­նի դաշնա­կից Ռուսաստա­նը։ Անոնց հետա­խուզա­կան ծառա­յութիւննե­րը չէի՞ն տեսած, որ մեծ քանա­կութեամբ զինուո­րա­կան շարժ կայ Ադրբե­ջա­նի մէջ։ Չէի՞ն տեսած, որ թրքա­կան ռազմա­կան ներկա­յութիւն եւ թրքա­կան օդուժ կայ Ադրբե­ջա­նի։ Չէի՞ն տեսած ռազմա­ճա­կա­տի ամբողջ երկայնքով տեղի ունե­ցած ռազմա­կան ուժե­րու տեղա­շարժե­րը։ Տեսած էին ու գիտէին։ Գիտէին բոլո­րը։

Ռուսաստա­նը ինչու՞ չկանխեց պատե­րազմը, երբ գիտեր թէ դէպի ուր կ՚երթան Ադրբե­ջանն ու Թուրքիան։ Հայաստա­նի իշխա­նութիւննե­րուն պատժե­լու՞ համար չկանխեց թրքա­կան յարձա­կումը: Իրա՞ւ։ Ուրեմն կարե­լի է ՆԱԹՕի երկիր մը բերել Անդրկովկաս, օսմա­նա­կան ծաւա­լա­պաշտա­կան նկրտումներ ունե­ցող Թուրքիան իր ջիհա­տիսթնե­րով «բաց թողնել» տարա­ծաշրջա­նին մէջ, փոքր երկրի մը չարաճճի ղեկա­վա­րին դա՞ս տալու համար: Այդքան պարզունա՞կ է Ռուսաստա­նի արտա­քին քաղա­քա­կա­նութիւնը։

Մանկա­պարտէ­զի մակարդա­կով քաղա­քա­կան մեկնա­բա­նութիւննե­րէ հրա­ժա­րինք եւ աւե­լի խորը դիտենք խնդիրնե­րը։ Հայաստանն ու Արցա­խը ընդա­մէ­նը ճատրա­կի քարեր են ռուսա­կան աշխարհա­քա­ղա­քա­կան խաղա­սե­ղա­նին վրայ։ Այդպէս էր անցեա­լին եւ այդպէս է այսօր։ Ահաւա­սիկ մտաւո­րա­կան եւ հրա­պա­րա­կա­գիր Նազա­րէթ Պէրպէ­րեա­նի մեկնա­բա­նութիւնը՝ «Լրա­գիր» կայքին տուած իր հարցազրոյցէն, որ ամբո­խա­յին տրա­մա­բա­նութեամբ շարժողնե­րուն քիչ մը մտա­ծե­լու առիթ պէտք է տայ.

«Սա հայ-թուրքա­կան պատե­րազմ էր Ռուսաստա­նի օրհնությամբ, իրենց միջև ներքին պայմա­նա­վորվա­ծությամբ: Մենք արե­ցինք այն, ինչ կարող էինք: Ո՞վ է մեղա­վոր՝ Փաշինյա­նը, Քոչարյա­նը, Սերժ Սարգսյա­նը: Սերժ Սարգսյա­նը, որ իշխա­նությունն ինչ-որ ձևով փոխանցեց իր հաջորդին, այդ օրվա­նից գիտեր, որ այս օրը գալու է: Նա իր համար ավե­լի ապա­հով անկյուն գտավ»:Եւ Ռուսաստան ի վերջոյ հասաւ իր նպա­տա­կին՝ «ԼՂԻՄ‑ը ռուսա­կան ազդե­ցության տակ ինքնա­վար դարձնե­լուն, որն իրեն հնա­րա­վո­րություն կտա Ադրբե­ջա­նի և Հայաստա­նի վրա իր ազդե­ցությունը բանեցնել՝ մեկ այս կողմ, մեկ մյուս կողմ թեքե­լով, մեկ մեկին զինե­լով, մեկ մյուսին զինե­լով: Այս խաղը Ռուսաստանն ուրիշ տեղեր էլ է խաղա­ցել: Մեզ դրա­նով ճնշե­լու է, քանի որ սա մեր ճակա­տագրի հարցն է»:

Ռուսաստան ոչ միայն չկանխեց, այլ առիթ տուաւ, որ Ադրբե­ջանն ու Թուրքիան պատե­րազմի ճամբով պարտադրեն տարի­ներ առաջ իր մշա­կած եւ միջազգա­յին օրհնութիւն ստա­ցած Լավրո­վեան ծրա­գի­րը։ Միա­ժա­մա­նակ, սակայն, Մոսկուան պատե­րազմը օգտա­գործեց իր շահե­րը լաւա­գոյնս սպա­սարկե­լուն՝ ռուսա­կան զօրքե­րու տեղադրումով Արցա­խի եւ միա­ժա­մա­նակ Ադրբե­ջա­նի յանձնուած տարածքնե­րու մէջ։

Ռուսաստան տիրա­նա­լով նախկին ԼՂԻ­ՄԻն, Հայաստան-Արցախ հաղորդակցութեան ճանա­պարհնե­րուն, Եւ հակակշիռ հաստա­տե­լով Նախի­ջեւան-Ադրբե­ջան Մեղրիով անցնող ճանա­պարհի վրայ, կարո­ղա­ցաւ մէկ քարով մի քանի թռչուն զառնել՝

1. Ամբողջա­կա­նօ­րէն իրեն ենթարկեց ինքնիշխա­նութեան ձգտումներ ցուցա­բե­րող Հայաստանն ու Արցա­խը։

2. ԼՂԻ­Մի մէջ եւ շուրջ զինուո­րա­կան ներկա­յութեամբ եւ Արցա­խի տագնա­պի մէջ գերա­կայ դեռ ստանձնե­լով, նոր լծակներ ձեռք բերաւ տարա­ծաշրջա­նին մէջ, Ադրբե­ջա­նի դէմ գործա­ծե­լու կամ անոր իր հակակշռին տակ պահե­լու համար։

3. Յաջո­ղե­ցաւ սահմա­նա­փա­կել Թուրքիոյ կովկա­սեան եւ տարա­ծաշրջա­նա­յին ծաւա­լա­պաշտա­կան փառա­սի­րութիւննե­րը, որոնք արդէն Ռուսաստա­նի շահե­րուն համար գլխա­ցաւանք դարձած էին Միջերկրա­կա­նի մէջ՝ Սուրիա­յէն մինչեւ Լիպիա եւ հիմա՝ Անդրկովկաս։

4. Եւ վերջա­պէս բայց ոչ վերջի­նը, խաղէն ժամա­նա­կաւո­րա­պէս դուրս մղեց արեւմուտքը, եւ իր դիրքե­րը ամրա­ցուց այնպի­սի տարա­ծաշրջա­նի մը մէջ, ուր իրար կը հանդի­պին կամ կը բախին չինա­կան եւ արեւմտեան առեւտրատնտե­սա­կան-քաղա­քա­կան բազմա­շերտ շահեր եւ մրցակցութիւններ։ Ցաւոք, այսպի­սի մեծ խաղե­րու մէջ, հայկա­կան քաղա­քա­կան միտքը, ու դեռ՝ քաղա­քա­կան ուժե­րու միջեւ ծաւա­լած բանա­վէ­ճը մանկա­պարտէ­զա­յին, եւ նոյնիսկ՝ փողո­ցա­յին լեզուակռիւի մակարդա­կէն անդին չանցնիր, նոյնիսկ երբ այս պայմաննե­րուն տակ վտանգուած է հայաշխարհի այս վերջին բեկո­րին ինքնուրոյն գոյութիւնը։ Հայ քաղա­քա­կան միտքն ու քաղա­քա­կան պայքա­րը երբեք այսքան մերկ եւ այսքան խղճուկ, այսքան դատարկ չեն եղած։ Հիմա, ամէն ժամա­նա­կէ աւե­լի, կարի­քը կը զգա­ցուի հայ քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան պայծառ միտքի գոյա­ռումին ու գործունէութեան։ Եւ ցաւոք, ոչ փողո­ցը ողո­ղած ընդդի­մա­դիրնե­րու, ոչ ալ իշխա­նա­կան գրա­սե­նեակնե­րու մէջ, քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան պայծա­ռամտութիւն կ՚երեւի։ Ողբա­լի է, բայց յոյսով ենք՝ ոչ երկար ժամա­նա­կի համար։

Առնչվող Հոդվածներ