24.7 C
Yerevan

Կորուստի Ահաւո­րութեան Անհա­մա­չափ Ընդվզումի Լոյսին Տակ

Աբօ Պողի­կեան

Մեր կորուստը ահաւոր է:

Կորսնցուցինք հող, արժա­նա­պա­տուութիւն:

Կորուստի ահագնութիւնը պէտք է փողոց հանէր ամբողջ ժողո­վուրդը, հայաշխարհի բոլոր տարածքնե­րու բնա­կիչնե­րը պէտք է ոտքի կանգնէին, ողո­ղէին հրա­պա­րակնե­րը, ճանա­պարհնե­րը, արտա­յայտէին իրենց ընդվզումը, բողո­քը, հաշուե­տուութիւն պահանջէին իշխա­նաւոր պատասխա­նա­տունե­րէն:

Այդպէս չեղաւ:

Բողոք արտա­յայտե­ցին ընդդի­մա­դիր կուսակցութիւններ, որոնք չկրցան իրենց անմի­ջա­կան շրջա­նակնե­րէն դուրս ամբողջ ժողո­վուրդի ընդվզումն ու ցասումը ուղորդել:

Ինչո՞ւ:

Թող այդ կուսա­կա­ցութիւննե­րու ղեկա­վարնե­րը եւ շարքե­րը մտա­ծեն, վերլուծեն պատճառնե­րը, եւ ինքնասրբագրման քայլեր առնեն, կամ, ինչպէս ընդհանրա­ցած սովո­րութիւն է, շարունա­կենմե­ղադրել ամէ­նուն՝ բացի իրենցմէ եւ թող ինքնա­գոհ շարունա­կեն իրենց բռնած ճանա­պարհը ուր որ ալ տանի ան:

Իշխա­նութիւննե­րը՝ վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեա­նի ղեկա­վա­րութեամբ, որուն առաջնորդութամբ իրա­կա­նա­ցած յեղա­փո­խութիւնը շատե­րու յոյս ներշնչեց՝ արդար Հայաստան կերտե­լու, յանձնա­ռու քաղա­քա­ցի­նե­րով, որոնք պիտի լծուէին երկի­րը շէնացնե­լու, արժա­նա­պա­տիւ կեանք ապա­հո­վե­լու, պետութիւնը եւ Հայոց Բանա­կը ուժե­ղացնե­լու գործին այսօր կորսնցուած է երկի­րը ղեկա­վա­րե­լու բարո­յա­կան իրաւունքը: Ի միջ այլոց, ես ալ այդ շատե­րու շարքին էիեւ տակաւին կը հաւա­տամ, որ յեղա­փո­խութեան հետապնդած նպա­տակնե­րը կարե­լի էր իրա­կա­նացնել, եթէ բաւա­րար ժամա­նակ ունե­նա­յինք, եթէ յեղա­փո­խութեան ղեկա­վարնե­րը, յատկա­պէս վարչա­պետ Նիկոլ Փաշի­նեա­նը կարե­նար իր շուրջ հաւա­քել որա­կաւոր մարդիկ, եթէ կարե­նար իր յախուռնութիւնը զսպել, եթէ կարե­նար ճիշդ գնա­հա­տել տարա­ծաշրջա­նա­յին զարգա­ցումնե­րը:

Եթէ­նե­րու շարքը տակաւին կրնայ երկա­րիլ: Հակա­ռակ այս թերա­ցումնե­րուն, թէ մահասփիւռ վարա­կի դէմպայքա­րի, թէ պատե­րազմի օրե­րուն ես հաւա­տա­ցի պաշտօ­նա­կան լրա­տուութեան, մերժե­ցի եւ նոյնիսկ դատա­պարտե­ցի ամէն քննա­դա­տութիւն, վիրաւո­րե­ցի մարդոց:

Հիմա ինչ: Ոչ պատմա­բաննե­րը, ոչ լրագրողնե­րը, ոչ հրա­պա­րա­կա­գիրնե­րը, ոչ հասա­րա­կա­կան գործիչնե­րը ‚ոչ քաղա­քա­կան գիտութեանց վկա­յա­կաննե­րու տէրե­րը, ոչ վերլուծա­բաննե­րը առանձին մեզ այս մեծ փոսէն դուրս բերե­լու ճանա­պարհ չեն կրնար գտնել: Միակ ճիշդ եւ յաջո­ղութիւն երաշխաւո­րող ճանա­պարհը­հաւա­քա­կան քննարկումնե­րու արդիւնաւէտ ձեւա­չափ մը գտնե­լով մեր ժողո­վուրդի վերապրե­լու դարաւոր փորձէն կուտա­կուած իմաստութիւնը վկա­յա­կո­չե­լով լուծման բանա­ձեւը մշա­կելն է: Նման միտում դժբա­խա­տա­բար տակաւին չերեւիր հորի­զո­նին վրայ:

Յոյս պէտք չէ կորսնցնել: Փրկա­րար ուժը կրնայ ծնիլ որեւէ պահու, տարե­րայնօ­րէն, հաւա­քե­լով, համախմբելով,կազմակերպելով ազգի զաւակնե­րը մեր վերելքի ծրա­գիրնե­րու շուրջ:

Առնչվող Հոդվածներ