⚙️

Կորուստի Ահաւորութեան Անհամաչափ Ընդվզումի Լոյսին Տակ

Աբօ Պողիկեան

Մեր կորուստը ահաւոր է:

Կորսնցուցինք հող, արժանապատուութիւն:

Կորուստի ահագնութիւնը պէտք է փողոց հանէր ամբողջ ժողովուրդը, հայաշխարհի բոլոր տարածքներու բնակիչները պէտք է ոտքի կանգնէին, ողողէին հրապարակները, ճանապարհները, արտայայտէին իրենց ընդվզումը, բողոքը, հաշուետուութիւն պահանջէին իշխանաւոր պատասխանատուներէն:

Այդպէս չեղաւ:

Բողոք արտայայտեցին ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, որոնք չկրցան իրենց անմիջական շրջանակներէն դուրս ամբողջ ժողովուրդի ընդվզումն ու ցասումը ուղորդել:

Ինչո՞ւ:

Թող այդ կուսակացութիւններու ղեկավարները եւ շարքերը մտածեն, վերլուծեն պատճառները, եւ ինքնասրբագրման քայլեր առնեն, կամ, ինչպէս ընդհանրացած սովորութիւն է, շարունակենմեղադրել ամէնուն՝ բացի իրենցմէ եւ թող ինքնագոհ շարունակեն իրենց բռնած ճանապարհը ուր որ ալ տանի ան:

Իշխանութիւնները՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ, որուն առաջնորդութամբ իրականացած յեղափոխութիւնը շատերու յոյս ներշնչեց՝ արդար Հայաստան կերտելու, յանձնառու քաղաքացիներով, որոնք պիտի լծուէին երկիրը շէնացնելու, արժանապատիւ կեանք ապահովելու, պետութիւնը եւ Հայոց Բանակը ուժեղացնելու գործին այսօր կորսնցուած է երկիրը ղեկավարելու բարոյական իրաւունքը: Ի միջ այլոց, ես ալ այդ շատերու շարքին էիեւ տակաւին կը հաւատամ, որ յեղափոխութեան հետապնդած նպատակները կարելի էր իրականացնել, եթէ բաւարար ժամանակ ունենայինք, եթէ յեղափոխութեան ղեկավարները, յատկապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարենար իր շուրջ հաւաքել որակաւոր մարդիկ, եթէ կարենար իր յախուռնութիւնը զսպել, եթէ կարենար ճիշդ գնահատել տարածաշրջանային զարգացումները:

Եթէներու շարքը տակաւին կրնայ երկարիլ: Հակառակ այս թերացումներուն, թէ մահասփիւռ վարակի դէմպայքարի, թէ պատերազմի օրերուն ես հաւատացի պաշտօնական լրատուութեան, մերժեցի եւ նոյնիսկ դատապարտեցի ամէն քննադատութիւն, վիրաւորեցի մարդոց:

Հիմա ինչ: Ոչ պատմաբանները, ոչ լրագրողները, ոչ հրապարակագիրները, ոչ հասարակական գործիչները ,ոչ քաղաքական գիտութեանց վկայականներու տէրերը, ոչ վերլուծաբանները առանձին մեզ այս մեծ փոսէն դուրս բերելու ճանապարհ չեն կրնար գտնել: Միակ ճիշդ եւ յաջողութիւն երաշխաւորող ճանապարհըհաւաքական քննարկումներու արդիւնաւէտ ձեւաչափ մը գտնելով մեր ժողովուրդի վերապրելու դարաւոր փորձէն կուտակուած իմաստութիւնը վկայակոչելով լուծման բանաձեւը մշակելն է: Նման միտում դժբախատաբար տակաւին չերեւիր հորիզոնին վրայ:

Յոյս պէտք չէ կորսնցնել: Փրկարար ուժը կրնայ ծնիլ որեւէ պահու, տարերայնօրէն, հաւաքելով, համախմբելով,կազմակերպելով ազգի զաւակները մեր վերելքի ծրագիրներու շուրջ:

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *