20.4 C
Yerevan

Ով Որ Քաջ Է՝ Ինչ Կը Սպա­սէ

Նախա­պատրաստուիլ մեր բոլոր իրաւունքնե­րուն եւ հողե­րուն վերա­տի­րա­նա­լու ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ պատե­րազմա­կան ծանր պարտութեան մէջ անգամ իր ՀՈՂԻՆ ու ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ անտե­ղի­տա­լիօ­րէն պահանջա­տէր կանգնած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ թշնա­միին դէմ իր մղած ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿՌՈՒԻՆ անփո­խա­րի­նե­լի արիւն եւ հող կորսնցնե­լով ու, աւելի՛ն, կործա­նա­րար պայմաննե­րով զինա­դա­դար կնքե­լու ՄԵԾԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՐԿԻՆ տակ դրուե­լով հանդերձ, ԱԶԳՈՎԻՆ ու ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ վերա­կանգնե­լու եւ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՅՔԱ­Րը վերա­նո­րոգ թափով շարունա­կե­լու ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷ­Րը կը դիմագրաւէ։

Բարի լոյս՝ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ԱԶԱՏ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ պահպանման եւ պաշտպա­նութեան ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳը միակ ու առաջնա­հերթ ՕՐԱ­ԿԱՐԳի վերա­ծած Ազգի եւ Հայրե­նի­քի բոլոր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք կը դատա­պարտեն եւ ամօ­թանքի կ՚արժանացնեն ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ այս օրե­րուն քաղա­քա­կան հարթակնե­րը եւ համա­ցանցը ողո­ղած ու հայ քաղա­քա­կան միտքը փողո­ցա­յին, նախա­տա­կան ու հայհո­յա­կան ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՑԵԽԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ու տիղմին ու ոլո­րապտոյտին մէջ մխրճած ու ջլա­տած բոլոր պատե­հա­պաշտնե­րը՝ այսպէս կոչուած «17ԱԿԱՆ» թէ «ՓԱՇԻՆԵԱՆԱԿԱՆ» ըլլան ՊՂՏՈՐ ՋՈՒՐի մէջ գձուձ հաշուե­յարդարնե­րու եւ ԱԹՈՌԱԿՌՈՒԻ լծուած այդ․․․ ԱՆԱՐԺԱՆՆԵ­Րը։

Բարի լոյս՝ ճակա­տա­մարտը կորսնցուցած, բայց պատե­րազմը շահե­լու ՀԱՍՏԱՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի վերա­կանգման ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ հարթե­լու համար այսօր ոտքի կանգնած հայոց բոլոր ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք զինա­դա­դա­րի քարտէ­սի ամբողջ երկայնքով՝ ԱՆՁՆՈՒՐԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄՈՎ ու ԱԶԳԱՅԻՆ ՆԵՐՈՒԺԻ ԶՕՐԱՇԱՐԺՈՎ կը նախա­պատրաստուին մեր բոլոր իրաւունքնե­րուն եւ հողե­րուն վերա­տի­րա­նա­լու ԱՆԽՈՒՍԱՓԵԼԻ ՃԱԿԱՏՈՒՄԻՆ, որպէսզի զինու զօրութեամբ պարտադրուած զինա­դա­դա­րին ընկե­րա­ցած ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱ­ՏՈՒՈՒԹԻՒՆը դատա­պարտուի երկար կեանք չունե­ցող ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ճակա­տագրին․․․

Ի վերջոյ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՎՏԱՆԳԸ աւե­լի քան երբեք ԱՅՍՕ՛Ր իր ամէ­նէն ԱՀԱՒՈՐ ՍԱՆՁԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ ժամա­նա­կը կ՚ապրի եւ մենք պարտաւոր ենք, մեր ազգա­յին, պետա­կան եւ քաղա­քա­կան բոլոր ուժե­րու վերա­նո­րոգ ԼԱՐՈՒՄՈՎ, լծուիլ մեր ՎԱՂՈՒԱՆ ՕՐը ԱՊԱՀՈՎՈՂ յաղթա­կան պատե­րազմը ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ անդուլ աշխա­տանքին՝ 21-րդ դարու ՕՐԻՆԱՉԱՓՈՒԹԵԱՄԲ։Բարի լոյս՝ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀՈՎ մէկ ծաւա­լած Հայ Մարդուն ընդվզումը ԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄի հաւա­քա­կան ու կազմա­կերպ ՈՒԺի անսպառ աղբիւրի վերա­ծե­լու ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ, որպէսզի կարե­նանք պատմա­կան այս օրե­րուն աշխարհի մեծ ու բոլոր մայրա­քա­ղաքնե­րէն ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻ տակ առնել Արցա­խի Հարցը ՏՆՕՐԻՆՈՂ եռանդամ համա­նա­խա­գա­հութեան պետութիւննե­րը, յատկա­պէս Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, որոնք իրո­ղա­պէս ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ շնորհե­ցին թուրքեւատրպէյճա­նա­կան ՆԱԽԱ­ՅԱՐՁԱ­ԿՈՒՄը ոչ միայն իր սաղմին մէջ չխեղդե­լու, այլեւ ռազմա­վա­րա­կան դաշնա­կի­ցի իր յանձնա­ռութիւնը չյարգե­լու պիղա­տո­սա­կա­նութեան։

Բարի լոյս՝ սեփա­կան ուժե­րուն ապաւի­նող եւ իր փրկութիւնը մեր ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ մէջ փնտռող Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։

Առնչվող Հոդվածներ