26.4 C
Yerevan

Նպա­տակս Տկա­րութիւն Չի Ճանչնար

Որպէսզի ԿԱՐԵՆԱՆՔ վեր կանգնիլ ՊԱՐՏՈՒԱ­Ծի եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՅԱՆՁՆԱ­Ծի ինքնա­մա­շեցման հեղցուցիչ ՃԱՀՃԱՀՈՒՏԷՆ

Ն․ Պէրպէ­րեան


Բարի լոյս՝ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԵ­ՐԱԶՄի յաջորդ ՃԱԿԱ­ՏՈՒՄին նախա­պատրաստուե­լու ԶՕՐԱ­ՇԱՐԺին զինուո­րագրուած ՄԱՐՏՈՒՆԱԿ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որուն պահու ՄԻԱԿ եւ ԱՆԴԱՌՆԱԼԻ ՆՊԱ­ՏԱԿն է՝

- Դուրս գա՛լ Հայաստա­նի եւ հայութեան ռազմա­քա­ղա­քա­կան ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ պատճա­ռած խոցե­րուն ու կորուստնե­րուն վրայ ՍՈՍԿ ՈՂԲԱԼՈՒ հեղցուցիչ այս ՏԻՂՄէն եւ սպա­ռիչ ՈԼՈ­ՐԱՊՏՈՅՏէն։

- Յաղթահարե՛լ ԱԶԳՈՎԻՆ մեր մէջ ծուա­րած ՊԱՐՏՈՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ու ՀԱՄԱ­ԿԵՐՊՈՒՄի ԱՐԱ­Տը, որ այս պահուն ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ մեր ԿԱՄՔն ու ՈՒԺը կը կրծէ եւ Ազգն ու Պետութիւնը կը ջլա­տէ՝ ռազմա­ճա­կատնե­րը լքած եւ ԹԻԿՈՒՆՔին մէջ «ՆԵՐՔԻՆ ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ» ու «ՀՈՂ ՅԱՆՁՆԱԾ ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ»․․․ փնտռե­լով։

- Հունաւորե՛լ ՅԱՌԱՋ ՇԱՐԺԵԼՈՒ մեր ուղին՝ Արցա­խի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րը ՆՈՐՈՎԻ՛, Ազգի ու Պետութեան բոլոր ուժե­րը միա­հա­մուռ ԶՕՐԱ­ՇԱՐԺի բերե­լով եւ թէ՛ արտա­քին, թէ՛ ներքին ճակատնե­րու վրայ 32 տարիէ ի վեր մեր թոյլ տուած տատա­նումնե­րուն ու վրէպնե­րուն ՍՐԲԱԳՐՈՒՄԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՎ։

Բարի լոյս՝ հայ քաղա­քա­կան մտքի ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ջահա­կիր ՅԱՌԱՋԱՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք «17ականներու» թէ «Փաշի­նեա­նա­կաննե­րու» ԻՇԽԱ­ՆԱԿՌՈՒի ԱՒԱ­ԶԱԽՐՈՒՄէն անդին ԿԸ ՍԵՒԵՌԻՆ ու ԼԾՈՒԱԾ ԵՆ վաղուան մեր ՊԱՅԾԱՌ ԳԱԼԻ­Քի նուա­ճումին անփո­խա­րի­նե­լի ԵՐԱՇԽԻՔԻՆ՝ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՈՉ-ԲՌՆԻ ԾԱՌԱ­ՑՈՒՄին, այլեւ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԵՐ ՏՈՒՆը եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ԽՐԱ­ՄԱՏՆԵ­Րը կարգի բերող ԱՆԱՐԻՒՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ վերա­նո­րոգ շղթա­յա­զերծումին։

Այսօր ՄԻԱՅՆ ԼՌԵԼՈՒ բարո­յա­կան ստի­պո­ղութեան տակ կը գտնուին ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի քաղա­քա­կան ԲԵՄին վրայ ՍՈՒՏ ու ԿԵՂԾ ԿԱՐԳԱԽՕՍՆԵՐՈՎ աղմկող, իշխա­նութեան ՂԵԿին շուրջ-բոլո­րը ԽՄԲԱ­ՊԱ­Րի ելած հին ու նոր ՎԵՐՆԱ­ԽԱՒի կամ ՎԵՐՆԱ­ՏՈՒՆի բոլոր եւ բազմա­գոյն մակա­բոյծնե­րը, որոնք ահա 30 տարիէ ի վեր մեր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՇՒՈՅՆ կը բեմադրեն ՀՈՂ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ կամ ՉՅԱՆՁՆԵԼՈՒ իրենց ԱՆԱՐԳ ՍԱԴՐԱՆՔը — փաստօ­րէն այլեւս ՍՊԱՌԱԾ իրենց ԼԱՐԱ­ԽԱ­ՂԱ­ՑՈՒԹԻՒՆը, որ պարզա­պէս ԾԱՌԱՅԵՑ ու կը շարունա­կէ ՆՊԱՍՏԵԼ իւրա­քանչիւրի անձնա­կան՝ ընկե­րա­յին-կենցա­ղա­յին պայմաննե­րու ԲԱՐԵ­ԼԱՒՈՒՄին, նոյնիսկ՝ ՅՂՓԱ­ՑՈՒՄին, ի գին մեր պետութեան ու ժողո­վուրդի ԱՂՔԱՏԱՑՄԱՆ ու ՏԿԱՐԱՑՄԱՆ։

Բարի լոյս՝ իր ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ վճռա­կա­նութեամբ առաջնորդուող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ ԻՇԽԱ­ՆԱՒՈ­Րի թէ ԸՆԴԴԻ­ՄԱ­ԴԻ­Րի հետ կամ դէմ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԵԼՈՒ ԹԱԿԱՐԴը ՄԵՐԺԵԼՈՒ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՆ վրայ խարսխած է իր ազգա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան ԶԳՕ­ՆՈՒԹԻՒՆն ու ՊԱՅՔԱՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ մարտունա­կութիւնը։

Բարի լոյս դաժան ու անհաւա­սար կռուի մէջ իյնա­լով հանդերձ վերստին ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆՈՂ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝ որուն ՆՊԱՏԱԿԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ։

Առնչվող Հոդվածներ