Ազատ բեմ

Այո’, Բայց Ոչ՝ Անմիջապէս…

Յարութ Գալայճեան

Ժողովրդավարական լայն հասկացողութիւն ունեցող երկիրներու մէջ միշտ ալ ակնյայտ եղած է, որ կուսակցութիւն մը կամ կառավարութիւն մը՝ երբ ծանր պարտութիւն կը կրէ, ինքնաբերաբար կը դիմէ իր զանգուածին կամ ժողովուրդին՝ հաշուետւութիւն տալու եւ հպատակելու  անոր վստահութեան համապատասխան վճիռին։

Հայաստանը ժողովրդավարական իր տարերային ու համատարած կռիւը սկսաւ շուրջ երեք տարի առաջ եւ առաջին անգամ ըլլալով յաջողեցաւ որոշակի ու ժողովուրդին լաւատեսութիւն ներշնչող արդիւնքներու հասնիլ ( ազատ ու անկաշառ ընտրութիւններ, դատաիրաւական բարեկարգումներ, տնտեսական մրցակցային մթնոլորտ, եւայլն…)։Այլ խօսքով, Հայաստանի ժողովրդային կռիւը ցարդ չէ հասած իր տրամաբանական լրումին։

Արցախեան 44 օրերու հերոսական ու սարսափելիօրէն անհաւասար պատերազմը աւարտեցաւ համայն հայ ժողովուրդի սիրտն ու հոգին փշրող ամօթալի Փաստաթուղթով, որ անպայման պիտի պարտադրէ ՀՀ Կառավարութիւնը Ժողովուրդին հրապարակայնօրէն հաշուետւութիւն տալու եւ ենթարկուելու անոր անբեկանելի պատասխանին։

Վերջերս, թէ Վարչապետը եւ թէ Փոխ-վարչապետ Աւինեանը յստակ ակնարկաութիւններ կատարեցին ԱԺ-ի Արտահերթ ընտրութիւններու կազմակերպման մասին ու ժողովուրդի արդար ակնկալութիւնն է, որ շուտով յայտարարուի անոնց կայացման թուականը։

Եւ սակայն, այդ թուականի յստակացումէն առաջ, հրատապ առաջնահերթութիւն է՝ որ միանգամընդմիշտ դադրի գողական արարքներու, փողոցային հրահրիչ հայհոյանքներու եւ ֆիզիքական գոյութեան սպառնալիքներու՝ ժողովրդային շարքերը պառակտող երեւոյթները։

Ցաւ ի սիրտ, ոմանք արդէն մոռցած են որ այս դժնդակ օրերուն՝ Արցախի ժողովուրդը կ՚ապրի իր ամենադաժան ժամանակահատուածը եւ անոր ընկերահոգեբանական վիճակը բարելաւելու համար հսկայածաւալ աշխատանքներու անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի հրամայական է։

Կայ նայեւ՝ Փաստաթուղթի առնչութեամբ բանակցային ծանրակշիռ յարաբերութիւններ մշակելու նոյնքան հրատապ հարցը, զոր պիտի ղեկավարէ կա’մ ներկայ կառավարութիւնը եւ կամ՝ Հայաստանի Նախագահի վերահսկողութեամբ փորձագետներէ եւ անկուսակցականներէ բաղկացած փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը։

Վերոյիշեալ կամ այլ լուծումներ որոնելու վերջնական եզրակացութիւներ բանաձեւելու աշխատանքին զուգահեռ եւ առաջնահերթաբար՝ կենսական է ստեղծել ժողովրդավարական մթնոլորտը, ուր կարելի պիտի դառնայ սահմանադրական ճամբով հանգուցալուծել  ժողովուրդի վստահութեան արժանանալու ուղին։

Պէտք չէ մոռնալ, որ քաղաքական ուժի խաղաղ փոխանցումը ժողովրդավարութիւն է։

    

One Response to “Այո’, Բայց Ոչ՝ Անմիջապէս…”

  1. Armenouhi Vahanyan Reply

    Էս ձեր ասածը շատ լաւն է, բարեկամ: Միայն մի հարց ունեմ ասվածի հետ. ինչպե՞ս կարող ենք երեւակայել, որ այս ձախողված եւ ինքն իրան ապիկար փաստած վարչախումբը կարող է նոր քայլ առնել, մեր հայրենիքին ու ժողովրդին բարիք բերել: Մենք ի՜նչ յույսերով ողջունեցինք սրանց, ինչ ակնկալիք ունեինք: Մուկից մրջյուն իսկ չծնուեց, թանկագին հողեր եւ անփոխարինելի կյանքեր կորցրինք, մեզ խաբեցին օրը ցերեկով: Ինչպէ՞ս կարելի է այսուհետ երկիրը մի օր ավելի վստահել սրանց, էս խաբեբաներին: Վարչապետին եւ նրա ձախողված խմբին հրաժարականը բանալու է նոր ճանապարհը, առանց վստահ լինելու, թէ կը հաջողվենք այս խորխորատից դուրս գալու:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *