26.4 C
Yerevan

«Եթէ Կորցնենք Արցա­խը, Կը Շրջենք Հայ Ժողովրդի Պատմութեան Վերջին Էջը»․

«ՎԱՏ ՀԱՅԵՐ ՄԻ ՓՆՏՌԷՔ՝ ՀԻԱՑԷ՛Ք ԼԱՒԵՐՈՎ»․

Անմահն ՄՈՆԹԷի ծննդեան տարե­դարձն է այսօր

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ ծանրա­գոյն հարուածնե­րու տակ իյնա­լէ ետք անգամ, այլեւ իր կրած պարտութեանց ամէ­նէն յուսալքիչ պահե­րուն մէջ իսկ վերստին ՈՏՔԻ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ, նորո­վի թափով ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌՈՒԻ իր վճռա­կա­նութիւնը ՇԱՐԺՄԱՆ ՄԷՋ ԴՆԵԼՈՒ եւ հայոց սերունդնե­րուն ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՀԵՐՈՍՆԵՐ պարգեւե­լու մեր ժողո­վուրդի ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ Արցա­խեան Ազա­տա­մարտի յաղթարշաւին ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ դարձած հայոց յառա­ջա­մարտիկնե­րէն անմահն ՄՈՆԹԷԻ, որ 1957ին լոյս աշխարհ եկած էր Նոյեմբեր 25ի այս օրը, ՕՐ՝ որ ողբերգա­կան զուգա­դի­պութեամբ մը պիտի յիշա­տա­կուի նաեւ իբրեւ Հայաստա­նի ու Հայութեան պարտադրուած՝ Մոնթէ­նե­րու ԱՐԵԱՄԲ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԱԾ հայա­պատկան Քարվա­ճա­ռը Ատրպէյճա­նի լուծին վերա­դարձնե­լու չարա­բաստիկ թուա­կան մը։

Բարի լոյս՝ հայ ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ յարա­տեւ կռուին իր գերա­գոյնը զոհա­բե­րե­լու ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ աշխարհա­մա­սեր կտրած եւ Արցախ հասած, ԱՒՕ անունով կրա­կի իր մկրտութիւնը ստա­ցած եւ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ իր արեամբ աւե­լիով սրբա­գործած 1990ականներու հերոս ֆետա­յի հրա­մա­նա­տա­րին, որ հայրե­նի հողեր բռնագրաւե­լու եւ հայասպա­նա­կան ՈՃԻ­Րը շարունա­կե­լու մոլուցքով տարուած ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՈԽԻՆ դէմ մինչեւ այսօր կը հնչեցնէ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳը՝
«ԵԹԷ ԿՈՐՑՆԵՆՔ ԱՐՑԱԽԸ, ԿԸ ՇՐՋԵՆՔ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԷՋԸ»։

*
* *

Բարի լոյս՝ Ազատ, Անկախ եւ Միա­ցեալ Հայաստա­նի տեսլա­կա­նին ԶԻՆՈՒՈՐԱԳՐՈՒԱԾ գաղա­փա­րի ԲՈԼՈՐ մարտիկնե­րուն, որոնց ԱԶԳԱՅԻՆ ԿՏԱԿԻՆ անկորնչե­լի մասը կը կազմէ ՄՈՆԹԷի խօսքե­րուն կարմիր թելը հանդի­սա­ցող պատգա­մը․

«- Բոլոր հայե­րը կեղծ անձնագրեր են կրում՝ ֆրանսիա­կան, ամե­րի­կեան․ դրանք կեղծ կը լինեն այնքան ժամա­նակ, քանի դեռ դրանք հայկա­կան չեն:
«- Իմ նպա­տակն է կռուել Արցա­խի յաղթա­նա­կի համար, յանուն որի կեանքս ալ անգամ չեմ խնա­յէ։
«- Իւրա­քանչիւր ժողովրդի յաղթա­նակ առա­ջին հերթին ազգա­յին համախմբուա­ծութեան արդիւնք է, որ պիտի կառուցուած լինի խելա­միտ հաշուարկնե­րի վրայ:
«- Իրա­կան անկա­խութեան կարե­լի է հասնել միայն ու միայն տնտե­սա­կան անկա­խութեան միջո­ցով:
«- Ղեկա­վա­րի պարկեշտ պահուածքն ու ենթա­կա­յին անձնա­կան օրի­նա­կով ուղղորդե­լու կարո­ղութիւնը մարտունակ եւ բարո­յա­պէս ամուր զինուո­րի դաստիա­րա­կութեան նախա­պայմաննե­րից են:
«- Մարդկա­յին արժէքնե­րի գնա­հատման լաւա­գոյն տարբե­րա­կը ինքնա­յարգանքն է:
«- Շատ նորմալ բան է, որ հայը գայ ու իր հայրե­նի­քը պաշտպա­նէ, իրաւունքն է բոլո­րին ու նաեւ պարտա­կա­նութիւնը: Զարմա­նա­լին այն է, որ աւե­լի շատ հայեր չեն եկած:
«- Զինուո­րը զինուոր է, երբ ունի պետա­կան մտա­ծո­ղութիւն:
«- Եթէ Սփիւռքում իրա­վի­ճա­կը պահպա­նուի այնպի­սին, ինչպի­սին եղել է, մենք երբեք յաղթա­նակ չենք տօնի: Եթէ մենք շարունա­կենք վատնել մեր ռեսուրսներն ու եռանդը՝ մեր պատմա­կան հայրե­նի­քի վրայ զինեալ ներկա­յութիւն ապա­հո­վե­լու փոխա­րէն, մենք բնաւ յաղթա­նա­կի չենք հասնի:
«- Ես երդում տուած եմ եւ կը պատկա­նեմ մէկ մարդու, այդ մարդը հայրե­նի­քի ազա­տութեան զինուորն է։
«- Ադրբե­ջա­նի կառա­վա­րութիւնը հաստատ որո­շել է հայե­րին վտա­րել, հետեւա­բար՝ դիմադրե­լուց բացի այլընտրանք չկայ: Մենք իրաւունք չունենք այս անգամ էլ պարտուե­լու: Մենք պէտք է յաղթենք:
«- Զինեա­լը երբեք չպէտք է բաւա­րա­րուի նրա­նով, ինչ արդէն գիտէ: Աւելի՛ն, զինեա­լը պէտք է մանրա­մասն ուսումնա­սի­րի իւրա­քանչիւր իրա­վի­ճակ եւ խուսա­փի ընդհանրա­ցումնե­րին վստա­հե­լուց:
«- Դժուար էր մեր ուղին, բայց նպա­տա­կը վեհ էր, իսկ դէպի վեհ նպա­տակ տանող ուղին յաղթա­նակ է»:

*
* *

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի եւ Հայութեան այսօ­րուան պարտութիւնը Մոնթէի ՊՐԻՍՄԱԿՈՎ դիտող Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք վստա­հա­բար պիտի կանգ առնեն եւ խորհրդա­ծեն Աւո­յի պատգա­մին որո­շա­կի շեշտադրումնե­րուն վրայ՝ իրենց կարգին ընդհանրա­ցումներ կատա­րե­լով եւ այսօ­րուան մեր ՕՐԱԿԱՐԳը կեանքի դաժան իրա­կա­նութեանց համա­հունչ դարձնե­լով։

Բարի լոյս՝ Արցա­խեան պատե­րազմը իր ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ հասցնե­լու ՈՒՂԻԻՆ հաւա­տարմագրուած բոլոր ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք կորուստնե­րու եւ պարտութեան այս ԱՀԱՒՈՐ ՃՆՇՈՒՄԻՆ տակ՝ Ազգի ու Պետութեան արիւնա­քամ վիճա­կը ամո­քե­լու, այլեւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺի մեր վերջին ԿՌՈՒԱՆՆԵՐը ի մի բերե­լու եւ ԶՕՐԱՇԱՐԺի լծուե­լու ԶԳՕՆՈՒԹԵԱՄԲ կը գործեն՝ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԹՇՆԱՄԻՆ դիմագրաւե­լու այս ՕՐՀԱՍը յաղթա­հա­րե­լու ՄԻԱԿ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՈՎ։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի պարտադրուած նոր սահմա­նա­գի­ծե­րուն վրայ ԱՐԹՈՒՆ ՀՍԿԵԼՈՒ, թշնա­միի նոր ոտնձգութեանց դիմագրաւման ԿՌԻՒԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼՈՒ եւ քաղա­քա­կան պայմաննե­րու ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ի խնդիր բոլոր ուժե­րով ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵԼՈՒ համազգա­յին ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻՆ։


Բարի լոյս՝ ԹՈՒՐՔԵՒԱՏՐՊԷՅՃԱՆԵԱՆ ՉԱՐԻՔին դէմ մեր ժողո­վուրդի ՍԵՓԱԿԱՆ ՈՒԺԻՆ եւ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔԻՆ մէջ փրկութեան ԵՐԱՇԽԻՔը տեսնող ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՔԱԳԾԻՆ, որուն նշա­նա­բա­նը կը հանդի­սա­նայ Մոնթէի անմո­ռա­նա­լի պատգա­մը՝ «ՎԱՏ ՀԱՅԵՐ ՄԻ ՓՆՏՌԷՔ՝ ՀԻԱՑԷ՛Ք ԼԱՒԵՐՈՎ»։

Առնչվող Հոդվածներ