ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Ժողովրդավարական Ի՜նչ Հիմքերով

Յարութ Գալայճեան

Սեպտեմբերեան պատերազմի կանխածրագրուած մեր պարտութենէն ետք՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ փոքրամասնական ձայներ սաստկացուցին իրենց իշխանափոխութեան քարոզարշաւը եւ մէջտեղ նետեցին Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութեան լոզունգը։

Եւ կարծէք ոմանք՝ մոռցած կամ գիտակցաբար անտեսման ենթարկած են այն իրականութիւնը, որ ՄԻԱՅՆ երկու եւ կէս տարի առաջ՝ հայրենի ժողովուրդը ազատօրէն եւ առանց ընտրակեղծիքներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ընտրեց այսօրուան իշխանութիւնը, որուն ընդդիմադիր թիւ մէկ խորհրդարանական թեւը յաջողեցաւ Ազգային Ժողով հասնիլ իր առաջնորդի ընտրակաշառքներով։

ՉԿԱՅ Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւն ԱՌԱՆՑ ժողովրդային խարիսխի։

Երկու եւ կէս տարի առաջ՝ մեր ժողովուրդին կողմէ մերժուածները ոչ միայն իրաւական հիմքը չունին մաս կազմելու ՇՏԱՊ կառավարութեան մը մէջ, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՈՒՆՈՎ Ազգային Համամաձայնութեան ստեղծման համար առաջարկ բարձրաձայնելու։

Հայ ժողովուրդի կրած եւ մեծապետական աղտոտ շահերով անոր կոկորդէն իջեցուած սահմռկեցուցիչ «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»ը չի կրնար իշխանափոխութեան շուկայի վերածուիլ ԱՆՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ միջոցներով։

Ու բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն՝ Արցախահայութեան ընկերահոգեբանական ահաւոր տագնապին ու սրտաճմլիկ սուգին զուգահեռ կը համարձակին պղտոր ջուրի ձկնորսութիւնը ընել՝ պիտի ստիպուին ծանր գին վճարել յառաջիկայ Արտահերթ Ընտրութիւններուն։

ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ, օրուան կառավարութիւնը ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է հրապարակել այդ ընտրութիւններու թուականը։Եւ որքան կանուխ՝ այդքան լաւ։

    

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *