20.4 C
Yerevan

Ժողովրդա­վա­րա­կան Ի՜նչ Հիմքե­րով

Յարութ Գալայճեան

Սեպտեմբե­րեան պատե­րազմի կանխածրագրուած մեր պարտութե­նէն ետք՝ Երեւա­նի փողոցնե­րուն մէջ փոքրա­մասնա­կան ձայներ սաստկա­ցուցին իրենց իշխա­նա­փո­խութեան քարո­զարշաւը եւ մէջտեղ նետե­ցին Ազգա­յին Համա­ձայնութեան Կառա­վա­րութեան լոզունգը։

Եւ կարծէք ոմանք՝ մոռցած կամ գիտակցա­բար անտեսման ենթարկած են այն իրա­կա­նութիւնը, որ ՄԻԱՅՆ երկու եւ կէս տարի առաջ՝ հայրե­նի ժողո­վուրդը ազա­տօ­րէն եւ առանց ընտրա­կեղծիքնե­րու ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեամբ ընտրեց այսօ­րուան իշխա­նութիւնը, որուն ընդդի­մա­դիր թիւ մէկ խորհրդա­րա­նա­կան թեւը յաջո­ղե­ցաւ Ազգա­յին Ժողով հասնիլ իր առաջնորդի ընտրա­կա­շառքնե­րով։

ՉԿԱՅ Ազգա­յին Համա­ձայնութեան Կառա­վա­րութիւն ԱՌԱՆՑ ժողովրդա­յին խարիսխի։

Երկու եւ կէս տարի առաջ՝ մեր ժողո­վուրդին կողմէ մերժուածնե­րը ոչ միայն իրաւա­կան հիմքը չունին մաս կազմե­լու ՇՏԱՊ կառա­վա­րութեան մը մէջ, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՆՈՒՆՈՎ Ազգա­յին Համա­մա­ձայնութեան ստեղծման համար առա­ջարկ բարձրա­ձայնե­լու։

Հայ ժողո­վուրդի կրած եւ մեծա­պե­տա­կան աղտոտ շահե­րով անոր կոկորդէն իջե­ցուած սահմռկե­ցուցիչ «ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ»ը չի կրնար իշխա­նա­փո­խութեան շուկա­յի վերա­ծուիլ ԱՆՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ միջոցնե­րով։

Ու բոլոր անոնք, որոնք այս օրե­րուն՝ Արցա­խա­հա­յութեան ընկե­րա­հո­գե­բա­նա­կան ահաւոր տագնա­պին ու սրտաճմլիկ սուգին զուգա­հեռ կը համարձա­կին պղտոր ջուրի ձկնորսութիւնը ընել՝ պիտի ստի­պուին ծանր գին վճա­րել յառա­ջի­կայ Արտա­հերթ Ընտրութիւննե­րուն։

ՄԻԱԺԱՄԱՆԱԿ, օրուան կառա­վա­րութիւնը ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է հրա­պա­րա­կել այդ ընտրութիւննե­րու թուականը։Եւ որքան կանուխ՝ այդքան լաւ։

Առնչվող Հոդվածներ