Անդրանիկ Պօղոսեան
Գիտականօրէն հնարաւոր է հիւանդին բուժել, երբ պահանջուած ախտաճանաչումը կատարուի՝ հասկնալու համար հիւանդութեան աղբիւրը եւ, ապա, երբ ձեռնարկուի անոր բուժումին՝ կանխելով հիւանդութեան խորացումը ու վերակենդանացնելով եւ փրկելով հիւանդը:
Հետեւաբար, փորձենք ախտաճանաչումը կատարել մեր ոչ-հեռաւոր անցեալին, երբ մենք ազգովին դիմագրաւեցինք ի մասնաւորի Արցախեան հողի ու Արցախի ազատագրութեան պատերազմը․- Բոլորս կը յիշենք այդ օրերը, մեր ուժերը անհաւասար էին։ Մեր դէմ պատերազմ էր յայտարարուած մեր զոյգ թշնամիներուն կողմէ, առաջինը՝ ուղղակի պատերազմելով, իսկ միւսը՝ մեզ շրջափակելով։ Լրացուցիչ կը դիմագրաւէինք ռուսական զօրքին կողմնակալ պահուածքը՝ տեղ-տեղ ալ ուղղակի տեղահանութիւններին աջակցելով:
Այս ամբողջ անսպասելի զարգացումներուն դէմ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը զգալով՝ ողջ Հայութեան ուժերուն լարումով կարելի պիտի ըլլար զսպել մեր դարաւոր թշնամիին նկրտումները, եւ մենք փորձեցինք ատիկա ընել – ինչպէս գիտենք, մենք որպէս նոր անկախացած պետութիւն անփորձ էինք ու խնդիրները բազմազան էին – համայն Հայութեան գիտական, տնտեսական, ռազմագիտական, հասարակական, ընկերային եւ այլ՝ անհատական ու կազմակերպական հնարաւորութիւնները ուղղելով ի սպաս Հայրենիքի փրկութեան ու հայոց պետականութեան կայացման գործին:
Հայութիւնը զօրակոչուեցաւ ու իր նպաստը բերաւ, սակայն կարիքները օրէ օր աւելի սուր կը դառնային.- պատերազմ, շրջափակում, տեղահանուած փախստականներ։ Անհատական միջոցներով ու կամաւոր գիտակցութեամբ բաւական չէր դիմագրաւելու երկարատեւ պատերազմի ողջ տարողութիւնը․ անհրաժեշտ էր կազմակերպուած ուժերու համախմբումը, որպէսզի հնարաւոր դառնար իշխանական ու կուսակցական լծակներու եւ հետեւորդներու ծրագրուած գործունէութեան իրականացումը։ Այստե՛ղ է, որ մենք թերացանք․- իշխանութիւնները իրենց խնդիրը կը համարէին կառավարութեան ղեկը իրենց ձեռքը պահել, իսկ կուսակցութեանց վերնախաւի ուժերը կը ձգտէին ամէն գնով այդ իշխանութեան տիրանալ, մինչ անդին եւ այդ պահուն մեր տղաներու լաւագոյն սերուցքը երկրի սահմանները կը պահպանէր՝ անհաւասար մարտերու դէմ յանդիման գտնուելով մեր ոսոխին դէմ, իրենց կեանքով երկրի ամէն մէկ գիւղն ու սահմանը պահելով, կտրուած՝ իրենց թիկունքին տիրող հիւանդագին իրականութենէն։ Այդուհանդերձ՝ մեզ յաջողուեց ճակատամարտը յաղթել, պատերազմի վերջնական լուծումը թողնելով ապագային:
1992ի Յունուարին մի քանի օրով Լիբանան՝ Պէյրութ կը գտնուէի ծնողքիս մօտ, եւ այնտեղ ես առիթը ունեցայ զգալու եւ անդրադառնալու մեր համայնքին մօտ տիրող տեղայնական հոգսերով տարուած ըլլալու, բայց նաեւ մեր ընդհանուր՝ համահայկական տարողութեամբ Հայրենիքի ու հայրենի հողի պահպանման ու հողահաւաքի գերխնդիրէն կտրուած ըլլալու փաստին։ Ինձ յատկապէս զայրոյթ պատճառեց այդ փաստը, որովհետեւ ես այդ տարիներուն ու օրերուն տեղ-տեղ մօտէն շփում ունեցած էի մեր սահմանագիծերուն վրայ գտնուող ու իրենց կեանքով սահման պահող տղոց հետ։ Երբ այն ատեն բոլորս կ՚ողբայինք մեր զոհերն ու կորսնցուցած եւ տեղահանուած գիւղերը – Գետաշէնը, Շահումեանի շրջանը, Մարտակերտը – երբ դեռ մեզ կը սպառնար ամբողջ Արցախը կորսնցնելու վտանգը եւ ոչ մէկ երաշխիք կար, որ մենք ի վերջոյ պիտի կարենայինք շրջել այդ կացութիւնը, այդ ընդհանուր տիրող իրավիճակի պայմաններուն մէջ յանկարծ կ՚իմանայի, որ այդտեղ՝ Լիբանան, սփիւռքի ափերուն, մեր հարազատ ազգակիցները՝ անհաղորդ Ազգի եւ Հայրենիքի օրհասական իրականութեան, փոխանակ բոլոր ուժերով սատար կանգնելու Արցախեան պայքարին, ինչը հնարաւոր կրնար դառնալ կուսակցութիւններու կազմակերպուած քարոզչական ու նպատակադրուած միջոցներով, փոխարէնը խնդիր դրած էին այդ օրերուն նոր մարզական մշակութային ու կուսակցական աւելի գեր-շքեղ համալիրի մը իրագործումը՝ հսկայածաւալ նիւթական միջոցներ նուիրելով այդ նպատակին, ոչ թէ Հայրենիքի պաշտպանութեան, այլ իրենց հանգիստին ու բարօրութեան ի խնդիր:
Ի տես այս եւ այլ օրինակ անտարբերութեան ու ազգային պահանջատիրութեան անյարիր մթնոլոտին, բնականաբար ես իմ մտահոգութիւնը յայտնեցի իմ գաղափարակից ընկերներուս՝ զիրենք զգաստացման հրաւիրելով մեր իրականութեան ու գերխնդիրներուն շուրջ, ու զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ոչ թէ հասարակ շարքայինները, այլ ղեկավար մարմիններ զբաղեցնողներ ուղղակի հակադրուեցան իմ կողմէս բարձրացուած խիստ անհրաժեշտ ու անյետաձգելի պահանջին։ Աւելի՛ն, անոնք հակառակը ըրին՝ բարձր բեմերէն յայտարարելով ու յորդորելով, որ «մենք պիտի շարունակենք ապրիլ ու առաւել շէնացնել ու զարգացնել, պիտի շարունակենք հանրային ու համայնքային բնականոն կեանքով ապրիլ, մինչեւ որ օր մը, երբ պահը գայ, մեզմէ պահանջուի մեր ոտքին տակէն գորգը հանել ու վաճառելով ի սպաս դնել յանուն Հայրենիքի փրկութեան»:
Աւաղ, մենք օրեր առաջ տեսանք մեր Հայրենիքի մէկ մասին կորուստը.- Ժամանակը թոյլ չտուաւ մեր ոտքի տակի գորգը վաճառելով մեր ներուժը ծառայեցնել յանուն Հայրենիքի փրկութեան:
Մենք անցնող տասնամեակներուն շարունակեցինք ապրիլ ու գործել միեւնոյն հոգեբանութեամբ եւ նեղ ու անարդիւնաւէտ գործունէութեամբ՝ քանդելով ու թուլացնելով մեր երկրի զարգացման հիմքերը, մինչեւ որ դարձեալ ազգովին դէմ յանդիման յայտնուեցանք ստեղծուած անհամաչափ ու մաշուած եւ յետադէմ ուժերով պատերազմելու հրամայականին, եւ չկարողացանք դիմագրաւել գեր-զարգացած ու նորագոյն զէնքերով սպառազինուած մեր դարաւոր թշնամիին։
Այսօր մենք ունինք բազմաթիւ շէնք ու շինութիւններ աշխարհով մէկ սփռուած՝ կանգուն կամ լքուած․․․ Փոխարէնը արդէն չունինք ՀԱՏՐՈՒԹն ու ՇՈՒՇԻՆ եւ բազմաթիւ միւս տեղահանուած հայկական գիւղերը։ Մենք պատմութեան դասերը լաւ չենք ըմբռնած․- Վկան՝ հարիւր տարի մեր աչքերուն դիմաց ցցուած ու գերեվարուած ԱՐԱՐԱՏը, եւ այժմ Արցախ Աշխարհի վրայ ու Ստեփանակերտին իշխող ՇՈՒՇԻն։
Այժմ մենք դարձեալ կը գտնուինք այն հրամայականին առջեւ, որուն դէմ յանդիման կանգնած էինք Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներուն․- Մեզմէ ամէն մէկուս անձնական ու հաւաքական ուժերով, գիտնական, տնտեսագէտ, գործարար, քաղաքագէտ ու զինուորական՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛Լ ազգային պարտքի բարձր գիտակցութեամբ զօրաշարժի ենթարկուելով։ Միայն այդպէս է, որ մենք դուրս կը բերենք մեր երկիրն ու ժողովուրդը վերջին արհաւիրքէն, փրկելով Հայրենիքը անբողջական կործանումէ, ու ստեղծելով համաշխարային ազգերու կողքին ապահով եւ արժանի տեղ զբաղեցնելու հզօրութեամբ ամրակուռ ՀԱՅՐԵՆԻՔ: