16.5 C
Yerevan

Համախմբուի’լ Ազգա­յին Պարտքի Բարձր Գիտակցութեամբ Զօրա­շարժի Ենթարկուե­լով

Անդրա­նիկ Պօղո­սեան

Գիտա­կա­նօ­րէն հնա­րաւոր է հիւանդին բուժել, երբ պահանջուած ախտա­ճա­նա­չումը կատա­րուի՝ հասկնա­լու համար հիւանդութեան աղբիւրը եւ, ապա, երբ ձեռնարկուի անոր բուժումին՝ կանխե­լով հիւանդութեան խորա­ցումը ու վերա­կենդա­նացնե­լով եւ փրկե­լով հիւանդը:

Հետեւա­բար, փորձենք ախտա­ճա­նա­չումը կատա­րել մեր ոչ-հեռաւոր անցեա­լին, երբ մենք ազգո­վին դիմագրաւե­ցինք ի մասնաւո­րի Արցա­խեան հողի ու Արցա­խի ազա­տագրութեան պատե­րազմը․- Բոլորս կը յիշենք այդ օրե­րը, մեր ուժե­րը անհաւա­սար էին։ Մեր դէմ պատե­րազմ էր յայտա­րա­րուած մեր զոյգ թշնա­մի­նե­րուն կողմէ, առա­ջի­նը՝ ուղղա­կի պատե­րազմե­լով, իսկ միւսը՝ մեզ շրջա­փա­կե­լով։ Լրա­ցուցիչ կը դիմագրաւէինք ռուսա­կան զօրքին կողմնա­կալ պահուածքը՝ տեղ-տեղ ալ ուղղա­կի տեղա­հա­նութիւննե­րին աջակցե­լով:

Այս ամբողջ անսպա­սե­լի զարգա­ցումնե­րուն դէմ զօրա­շարժի անհրա­ժեշտութիւնը զգա­լով՝ ողջ Հայութեան ուժե­րուն լարումով կարե­լի պիտի ըլլար զսպել մեր դարաւոր թշնա­միին նկրտումնե­րը, եւ մենք փորձե­ցինք ատի­կա ընել — ինչպէս գիտենք, մենք որպէս նոր անկա­խա­ցած պետութիւն անփորձ էինք ու խնդիրնե­րը բազմա­զան էին — համայն Հայութեան գիտա­կան, տնտե­սա­կան, ռազմա­գի­տա­կան, հասա­րա­կա­կան, ընկե­րա­յին եւ այլ՝ անհա­տա­կան ու կազմա­կերպա­կան հնա­րաւո­րութիւննե­րը ուղղե­լով ի սպաս Հայրե­նի­քի փրկութեան ու հայոց պետա­կա­նութեան կայացման գործին:

Հայութիւնը զօրա­կո­չուե­ցաւ ու իր նպաստը բերաւ, սակայն կարիքնե­րը օրէ օր աւե­լի սուր կը դառնա­յին.- պատե­րազմ, շրջա­փա­կում, տեղա­հա­նուած փախստա­կաններ։ Անհա­տա­կան միջոցնե­րով ու կամաւոր գիտակցութեամբ բաւա­կան չէր դիմագրաւե­լու երկա­րա­տեւ պատե­րազմի ողջ տարո­ղութիւնը․ անհրա­ժեշտ էր կազմա­կերպուած ուժե­րու համախմբումը, որպէսզի հնա­րաւոր դառնար իշխա­նա­կան ու կուսակցա­կան լծակնե­րու եւ հետեւորդնե­րու ծրագրուած գործունէութեան իրա­կա­նա­ցումը։ Այստե՛ղ է, որ մենք թերա­ցանք․- իշխա­նութիւննե­րը իրենց խնդի­րը կը համա­րէին կառա­վա­րութեան ղեկը իրենց ձեռքը պահել, իսկ կուսակցութեանց վերնա­խաւի ուժե­րը կը ձգտէին ամէն գնով այդ իշխա­նութեան տիրա­նալ, մինչ անդին եւ այդ պահուն մեր տղա­նե­րու լաւա­գոյն սերուցքը երկրի սահմաննե­րը կը պահպա­նէր՝ անհաւա­սար մարտե­րու դէմ յանդի­ման գտնուե­լով մեր ոսո­խին դէմ, իրենց կեանքով երկրի ամէն մէկ գիւղն ու սահմա­նը պահե­լով, կտրուած՝ իրենց թիկունքին տիրող հիւանդա­գին իրա­կա­նութե­նէն։ Այդուհանդերձ՝ մեզ յաջո­ղուեց ճակա­տա­մարտը յաղթել, պատե­րազմի վերջնա­կան լուծումը թողնե­լով ապա­գա­յին:

1992ի Յունուա­րին մի քանի օրով Լիբա­նան՝ Պէյրութ կը գտնուէի ծնողքիս մօտ, եւ այնտեղ ես առի­թը ունե­ցայ զգա­լու եւ անդրա­դառնա­լու մեր համայնքին մօտ տիրող տեղայնա­կան հոգսե­րով տարուած ըլլա­լու, բայց նաեւ մեր ընդհա­նուր՝ համա­հայկա­կան տարո­ղութեամբ Հայրե­նի­քի ու հայրե­նի հողի պահպանման ու հողա­հաւա­քի գերխնդի­րէն կտրուած ըլլա­լու փաստին։ Ինձ յատկա­պէս զայրոյթ պատճա­ռեց այդ փաստը, որովհե­տեւ ես այդ տարի­նե­րուն ու օրե­րուն տեղ-տեղ մօտէն շփում ունե­ցած էի մեր սահմա­նա­գի­ծե­րուն վրայ գտնուող ու իրենց կեանքով սահման պահող տղոց հետ։ Երբ այն ատեն բոլորս կ՚ողբայինք մեր զոհերն ու կորսնցուցած եւ տեղա­հա­նուած գիւղե­րը — Գետա­շէ­նը, Շահումեա­նի շրջա­նը, Մարտա­կերտը — երբ դեռ մեզ կը սպառնար ամբողջ Արցա­խը կորսնցնե­լու վտանգը եւ ոչ մէկ երաշխիք կար, որ մենք ի վերջոյ պիտի կարե­նա­յինք շրջել այդ կացութիւնը, այդ ընդհա­նուր տիրող իրա­վի­ճա­կի պայմաննե­րուն մէջ յանկարծ կ՚իմանայի, որ այդտեղ՝ Լիբա­նան, սփիւռքի ափե­րուն, մեր հարա­զատ ազգա­կիցնե­րը՝ անհա­ղորդ Ազգի եւ Հայրե­նի­քի օրհա­սա­կան իրա­կա­նութեան, փոխա­նակ բոլոր ուժե­րով սատար կանգնե­լու Արցա­խեան պայքա­րին, ինչը հնա­րաւոր կրնար դառնալ կուսակցութիւննե­րու կազմա­կերպուած քարոզչա­կան ու նպա­տա­կադրուած միջոցնե­րով, փոխա­րէ­նը խնդիր դրած էին այդ օրե­րուն նոր մարզա­կան մշա­կութա­յին ու կուսակցա­կան աւե­լի գեր-շքեղ համա­լի­րի մը իրա­գործումը՝ հսկա­յա­ծաւալ նիւթա­կան միջոցներ նուի­րե­լով այդ նպա­տա­կին, ոչ թէ Հայրե­նի­քի պաշտպա­նութեան, այլ իրենց հանգիստին ու բարօ­րութեան ի խնդիր:

Ի տես այս եւ այլ օրի­նակ անտարբե­րութեան ու ազգա­յին պահանջա­տի­րութեան անյա­րիր մթնո­լո­տին, բնա­կա­նա­բար ես իմ մտա­հո­գութիւնը յայտնե­ցի իմ գաղա­փա­րա­կից ընկերնե­րուս՝ զիրենք զգաստացման հրաւի­րե­լով մեր իրա­կա­նութեան ու գերխնդիրնե­րուն շուրջ, ու զարմանքս մեծ եղաւ, երբ ոչ թէ հասա­րակ շարքա­յիննե­րը, այլ ղեկա­վար մարմիններ զբա­ղեցնողներ ուղղա­կի հակադրուե­ցան իմ կողմէս բարձրա­ցուած խիստ անհրա­ժեշտ ու անյե­տաձգե­լի պահանջին։ Աւելի՛ն, անոնք հակա­ռա­կը ըրին՝ բարձր բեմե­րէն յայտա­րա­րե­լով ու յորդո­րե­լով, որ «մենք պիտի շարունա­կենք ապրիլ ու առաւել շէնացնել ու զարգացնել, պիտի շարունա­կենք հանրա­յին ու համայնքա­յին բնա­կա­նոն կեանքով ապրիլ, մինչեւ որ օր մը, երբ պահը գայ, մեզմէ պահանջուի մեր ոտքին տակէն գորգը հանել ու վաճա­ռե­լով ի սպաս դնել յանուն Հայրե­նի­քի փրկութեան»:

Աւաղ, մենք օրեր առաջ տեսանք մեր Հայրե­նի­քի մէկ մասին կորուստը.- Ժամա­նա­կը թոյլ չտուաւ մեր ոտքի տակի գորգը վաճա­ռե­լով մեր ներուժը ծառա­յեցնել յանուն Հայրե­նի­քի փրկութեան:

Մենք անցնող տասնա­մեակնե­րուն շարունա­կե­ցինք ապրիլ ու գործել միեւնոյն հոգե­բա­նութեամբ եւ նեղ ու անարդիւնաւէտ գործունէութեամբ՝ քանդե­լով ու թուլացնե­լով մեր երկրի զարգացման հիմքե­րը, մինչեւ որ դարձեալ ազգո­վին դէմ յանդի­ման յայտնուե­ցանք ստեղծուած անհա­մա­չափ ու մաշուած եւ յետա­դէմ ուժե­րով պատե­րազմե­լու հրա­մա­յա­կա­նին, եւ չկա­րո­ղա­ցանք դիմագրաւել գեր-զարգա­ցած ու նորա­գոյն զէնքե­րով սպա­ռա­զի­նուած մեր դարաւոր  թշնա­միին։

Այսօր մենք ունինք բազմա­թիւ շէնք ու շինութիւններ աշխարհով մէկ սփռուած՝ կանգուն կամ լքուած․․․ Փոխա­րէ­նը արդէն չունինք ՀԱՏՐՈՒԹն ու ՇՈՒՇԻՆ եւ բազմա­թիւ միւս տեղա­հա­նուած հայկա­կան գիւղե­րը։ Մենք պատմութեան դասե­րը լաւ չենք ըմբռնած․- Վկան՝ հարիւր տարի մեր աչքե­րուն դիմաց ցցուած ու գերե­վա­րուած ԱՐԱՐԱՏը, եւ այժմ Արցախ Աշխարհի վրայ ու Ստե­փա­նա­կերտին իշխող ՇՈՒՇԻն։

Այժմ մենք դարձեալ կը գտնուինք այն հրա­մա­յա­կա­նին առջեւ, որուն դէմ յանդի­ման կանգնած էինք Արցա­խեան առա­ջին պատե­րազմի տարի­նե­րուն․- Մեզմէ ամէն մէկուս անձնա­կան ու հաւա­քա­կան ուժե­րով, գիտնա­կան, տնտե­սա­գէտ, գործա­րար, քաղա­քա­գէտ ու զինուո­րա­կան՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻ՛Լ ազգա­յին պարտքի բարձր գիտակցութեամբ զօրա­շարժի ենթարկուե­լով։ Միայն այդպէս է, որ մենք դուրս կը բերենք մեր երկիրն ու ժողո­վուրդը վերջին արհաւիրքէն, փրկե­լով Հայրե­նի­քը անբողջա­կան կործա­նումէ, ու ստեղծե­լով համաշխա­րա­յին ազգե­րու կողքին ապա­հով եւ արժա­նի տեղ զբա­ղեցնե­լու հզօ­րութեամբ ամրա­կուռ ՀԱՅՐԵՆԻՔ:

Առնչվող Հոդվածներ