Ն․ Պէրպէրեան
«Բարի լոյս՝ կէս գիշերը անց տակաւին ԱՐԹՈՒՆ հսկող այն դաշնակցականներուն, որոնց ՑԱՒ-ը մեծ է ու ծանր եւ դժուարութիւն ունին ՀԱՆԳԻՍՏ ՔՆԱՆԱԼՈՒ, որովհետեւ բոլորիս աչքին առջեւ կ՚ոտնակոխուի ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ամէնէն ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ վերջին Մոհիկանը՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ-ը։
Բարի լոյս՝ Դաշնակցութիւնը ԱՆՁԵՐ-էն եւ կառոյցներէն վեր դասող ԳԱՂԱՓԱՐ-ի յանձնառու ԵՐԴՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՊԱՏՐԱՍՏ են իրենց ԳԵՐԱԳՈՅՆ-ը նուիրաբերելու Հայ Ժողովուրդի եւ Հայաստանի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԻՆ։
Բարի լոյս՝ յատկապէս ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴ-ի դաշնակցական գաղափարապաշտ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք արդարօրէն կ՚ընդվզին, երբ ազգային կենսագրութիւն չունեցող քաղաքական թէ պետական այրեր կը փորձեն նախատել Դաշնակցութիւնը։
Բարի լոյս՝ մանաւա՛նդ մինչեւ վերջին շունչ Դաշնակցութեան մէջ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ անկորնչելի ՆԵՐՈՒԺ-ը յայտնագործած եւ կեանքի գնով սրբագործած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց դէմ այսօր ծաղրի ու նախատինքի անարգ արշաւ մը շղթայազերծուած է նորօրեայ անդիմագիծ «դաշնակցականներու» կողմէ։
Բարի լոյս չեմ կրնար ըսել իմ հասցէիս ամէնէն փողոցային հայհոյանքները համացանցի վրայ ծածկանունով թէ բուն անունով ստորագրած՝ ինծի անծանօթ ՉԱՐԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ, որոնց գռեհկագոյն գրառումները ահա ժամ մըն է կը ջնջեմ դիմատետրի իմ էջէս, որպէսզի մեր երկիրն ու ժողովուրդը թալանած Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, Ռոբերտ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ, ի միջի այլոց, Հրանդ Մարգարեաններու ԹՈՅՆՈՎ խեղդամահ չըլլայ Հայ Քաղաքական Միտքը։
Բայց անպայման բարի լոյս կ՚ըսեմ Հայ Քաղաքական Մտքի բոլոր ՀԱՒԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք վերջին երեսուն տարիներուն ականատեսը եղան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԽԵՂՃԱՑՆԵԼՈՒ, այլեւ նոյնինքն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՉՔԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԱԶՐԿԵԼՈՒ այն ահաւոր ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ, որուն ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ Հրանդ Մարգարեանի օրինակով Դաշնակցութեան հաշւոյն յղփացած ձրիակերներուն, որոնք 1990-ի Մայիս մէկին Հայաստան առաքուեցան տասնըհինգ հազար տոլար արժողութեամբ տունի տէր դառնալու եւ ամսական երեք հարիւր տոլար ռոճիկ ստանալու երաշխիքով․․․ յատկացում մը՝ որ տարիներու ընթացքին շահագործուեցաւ եւ նոյնինքն մեր կուսակցութիւնը արատաւորող շահատակութեանց այլասերած «վարքագիծ»ի վերածուեցաւ։
Բարի լոյս՝ նաեւ ու մանաւանդ ազգային-քաղաքական արթնամտութեան ջատագով բոլոր դաշնակցականներուն, որոնք Դաշնակցութեան ՎԱՐԿԱԶՐԿՄԱՆ ՏԱԳՆԱՊ-ը չեն պայմանաւորեր վերջին տարիներու ձախողութիւններով, մանաւանդ՝ Նիկոլ Փաշինեանի վարչապետութեան հետ երեւան եկած կամ շեշտուած դժուարութիւններով։ Մեր ժողովուրդին վստահութեան արժանանալու եւ կուսակցութեան արժանահաւատութիւնը վերականգնելու լուրջ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ-ի առջեւ կանգնած է Դաշնակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ կազմակերպական մեր վեր ընձիւղման առաջին իսկ շրջանէն։
Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հունաւորած բոլոր ՑԵՆԶԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր պատասխանատուութեան վրայ գտնուին կամ ոչ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ-ը ոգի ի բռին կը պահպանեն ու կը պաշտպանեն նոր օրերու ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐՈՒՆ եւ անոնց նորընծայ ձայնակցողներուն դէմ»։