24.7 C
Yerevan

ԸՆԴԴԷՄ ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․

Ն․ Պէրպէ­րեան

Բարի լոյս՝ ձեռքը սրտին դրած եւ Հայաստա­նի այսպէս կոչուած ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ կողմէ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ուղղուած Երեքշաբթի օրուան ՎԵՐՋՆԱԳԻՐԻՆ վիճա­կուած ՎԱԽՃԱՆԻՆ անձկութեամբ սպա­սող հայ մարդոց, որոնք ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ՈՍՈԽԻՆ խլած հողե­րու եւ կեանքե­րու կորուստին վրայ չեն ուզեր գումա­րուած տեսնել ու ապրիլ նաեւ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆը հայոց միջեւ եղբայրասպան ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ բախումնե­րու։

Բարի լոյս՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ մեր Ազգի ու Հայրե­նի­քի, Հայաստան Պետութեան եւ Հայոց Բանա­կի ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ, ԶՈՀԱԲԵՐՄԱՆ ու ԸՆԿՐԿՈՒՄԻՆ Խոցն ու Ցաւը ծայր աստի­ճան ծանրութեամբ տանող ԻՐԱՒԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, որ գոնէ իր քաղա­քա­կան-կուսակցա­կան ուժե­րէն ԱՐԴԱՐՕՐԷՆ եւ ԻՐԱՒԱՄԲ կը սպա­սէ ու կը պահանջէ խնա­յել ՆԵՐՔԻՆ ԱՐԻՒՆԱՔԱՄՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐԻՔը եւ Հայաստանն ու Հայութիւնը դուրս հանել ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՒԱԶԱԽՐՈՒՄի այս ահաւոր ԱՂԷՏԷՆ։

Բարի լոյս՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻՈՎ օրհա­սա­կան այս ՃԳՆԱԺԱՄին մէջ ամէն կարգի եւ գոյնի ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԹՈՌԱԿՌԻՒԸ ՄԵՐԺՈՂ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ահա­զանգ կը հնչեցնեն Հայաստա­նի ու Հայութեան ՋԼԱՏՈՒՄԻՆ միտող, կեղտոտ ջուրի մէջ ձուկ որսա­լու սադրանքին լծուած գձուձ ու կործա­նա­րար ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ։ ԱՅՈ՛, ազգո­վին եւ պետա­կա­նութեամբ կը դիմագրաւենք հայու ձեռքե­րով հրահրուած պատե­հա­պաշտ սադրանք մը՝ որ կը նպա­տա­կադրէ ՀԱՅԱՍՏԱՆը վերա­ծել իրա­րու կոկորդ սեղմե­լու ելած «ԴԱՒԱՃԱՆՆԵՐ» յայտնա­բե­րող, բեմադրող եւ խաղարկող ԱՅԼԱՆԴԱԿ ԿՐԿԷՍի մը, ուր մեր ժողո­վուրդը դատա­պարտուած պէտք է ըլլայ միայն դիտե­լու, իր ՀԱՄԱԿՐԱՆՔը կամ ԹՇՆԱՄԱՆՔը հայհո­յանքով գոռա­լու եւ, ի վերջոյ, այս կան այն «ԴԱՒԱՃԱՆԻՆ» միջեւ ընտրանք կատա­րե­լու ՄՂՁԱՒԱՆՋԻՆ։

Բարի լոյս՝ համա­ցանցի եւ դիմա­տետրի, այլեւ մեր մտքի եւ սրտի բոլոր լուսա­մուտնե­րը ԱՄԲՈԽԱՅԻՆ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ պառակտիչ նետարձա­կումնե­րուն եւ թունաւոր հրձի­գութեանց ԴԷՄ ու ԱՌՋԵՒ ամրօ­րէն ՓԱԿՈՂ Հայու ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ։

Ի վերջոյ ՍՈՒՏին ու ՅԵՐԻՒՐԱՆՔին, Պառակտումի Թոյնին եւ Թշնա­մանքի Լուտանքին դէմ՝ Ազգն ու Հայրե­նի­քը պէտք ունին ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ղօղանջնե­րը անվերջ հնչեցնող Անլռե­լի Զանգակատուններու։Ի վերջոյ ոճրա­յին փորձ կը կատա­րուի մեր ժողո­վուրդէն խլե­լու ԱԶԳԱՅԻՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆը՝ յատկա­պէս նորա­հաս սերունդնե­րը ենթարկե­լով ՀԱՅԱԼՔՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵՂԱԼՈՒԱՑԻՆ, որմէ անդին միայն ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՆԴՈՒՆԴՆ Է․․․ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀԻ։

Բարի լոյս՝ հայոց ՍՐԲՈՒԹԵԱՆՑ բոլոր ԱՐԹՈՒՆ ՊԱՀԱԿՆԵՐՈՒՆ, որոնք ուխտած են եւ կազմ ու պատրաստ ոտքի կանգնած են՝ ՀԱՅ ՄՏՔԻ ՏԱՃԱՐԸ մաքրե­լու Հայաստա­նի ու Հայութեան գաղա­փա­րա­կան ԱՐԺԷՔՆԵՐՆ ու ԴՐՕՇՆԵՐԸ փերե­զա­կութեան առքուվա­ճառքի հանած, այլեւ միայն ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԿԱՆԴԱԿի «սրբութեան» հաւա­տարմագրուած բոլոր մակա­բոյծնե­րէն, անխտի՛ր։

Առնչվող Հոդվածներ