24.7 C
Yerevan

Ոգի ի Բռին Պահպա­նել ու Պաշտպա­նելՀայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւն ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ‑ը

Ն․ Պէրպէ­րեան

«Բարի լոյս՝ կէս գիշե­րը անց տակաւին ԱՐԹՈՒՆ հսկող այն դաշնակցա­կաննե­րուն, որոնց ՑԱՒ-ը մեծ է ու ծանր եւ դժուա­րութիւն ունին ՀԱՆԳԻՍՏ ՔՆԱՆԱԼՈՒ, որովհե­տեւ բոլո­րիս աչքին առջեւ կ՚ոտնակոխուի ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ամէ­նէն ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԴՐՕՇԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ վերջին Մոհի­կա­նը՝ ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ-ը։

Բարի լոյս՝ Դաշնակցութիւնը ԱՆՁԵՐ-էն եւ կառոյցնե­րէն վեր դասող ԳԱՂԱՓԱՐ-ի յանձնա­ռու ԵՐԴՈՒԵԱԼՆԵՐՈՒՆ, որոնք ՊԱՏՐԱՍՏ են իրենց ԳԵՐԱԳՈՅՆ-ը նուի­րա­բե­րե­լու Հայ Ժողո­վուրդի եւ Հայաստա­նի ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՏԻՆ։

Բարի լոյս՝ յատկա­պէս ՆՈՐԱՀԱՍ ՍԵՐՈՒՆԴ-ի դաշնակցա­կան գաղա­փա­րա­պաշտ ՋԱՀԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք արդա­րօ­րէն կ՚ընդվզին, երբ ազգա­յին կենսագրութիւն չունե­ցող քաղա­քա­կան թէ պետա­կան այրեր կը փորձեն նախա­տել Դաշնակցութիւնը։

Բարի լոյս՝ մանաւա՛նդ մինչեւ վերջին շունչ Դաշնակցութեան մէջ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ եւ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ անկորնչե­լի ՆԵՐՈՒԺ-ը յայտնա­գործած եւ կեանքի գնով սրբա­գործած ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՄԱՐՏԻԿՆԵՐՈՒՆ, որոնց դէմ այսօր ծաղրի ու նախա­տինքի անարգ արշաւ մը շղթա­յա­զերծուած է նորօ­րեայ անդի­մա­գիծ «դաշնակցա­կաննե­րու» կողմէ։

Բարի լոյս չեմ կրնար ըսել իմ հասցէիս ամէ­նէն փողո­ցա­յին հայհո­յանքնե­րը համա­ցանցի վրայ ծածկա­նունով թէ բուն անունով ստո­րագրած՝ ինծի անծա­նօթ ՉԱՐԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ, որոնց գռեհկա­գոյն գրա­ռումնե­րը ահա ժամ մըն է կը ջնջեմ դիմա­տետրի իմ էջէս, որպէսզի մեր երկիրն ու ժողո­վուրդը թալա­նած Լեւոն Տէր-Պետրո­սեա­նի, Ռոբերտ Քոչա­րեա­նի, Սերժ Սարգսեա­նի եւ, ի միջի այլոց, Հրանդ Մարգա­րեաննե­րու ԹՈՅՆՈՎ խեղդա­մահ չըլլայ Հայ Քաղա­քա­կան Միտքը։

Բայց անպայման բարի լոյս կ՚ըսեմ Հայ Քաղա­քա­կան Մտքի բոլոր ՀԱՒԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք վերջին երե­սուն տարի­նե­րուն ակա­նա­տե­սը եղան ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԽԵՂՃԱՑՆԵԼՈՒ, այլեւ նոյնինքն ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՉՔԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿԱԶՐԿԵԼՈՒ այն ահաւոր ՍԱԴՐԱՆՔԻՆ, որուն ամբողջա­կան պատասխա­նա­տուութիւնը կը ծանրա­նայ Հրանդ Մարգա­րեա­նի օրի­նա­կով Դաշնակցութեան հաշւոյն յղփա­ցած ձրիա­կերնե­րուն, որոնք 1990‑ի Մայիս մէկին Հայաստան առա­քուե­ցան տասնը­հինգ հազար տոլար արժո­ղութեամբ տունի տէր դառնա­լու եւ ամսա­կան երեք հարիւր տոլար ռոճիկ ստա­նա­լու երաշխի­քով․․․ յատկա­ցում մը՝ որ տարի­նե­րու ընթացքին շահա­գործուե­ցաւ եւ նոյնինքն մեր կուսակցութիւնը արա­տաւո­րող շահա­տա­կութեանց այլա­սե­րած «վարքագիծ»ի վերա­ծուե­ցաւ։

Բարի լոյս՝ նաեւ ու մանաւանդ ազգա­յին-քաղա­քա­կան արթնամտութեան ջատա­գով բոլոր դաշնակցա­կաննե­րուն, որոնք Դաշնակցութեան ՎԱՐԿԱԶՐԿՄԱՆ ՏԱԳՆԱՊ-ը չեն պայմա­նաւո­րեր վերջին տարի­նե­րու ձախո­ղութիւննե­րով, մանաւանդ՝ Նիկոլ Փաշի­նեա­նի վարչա­պե­տութեան հետ երեւան եկած կամ շեշտուած դժուա­րութիւննե­րով։ Մեր ժողո­վուրդին վստա­հութեան արժա­նա­նա­լու եւ կուսակցութեան արժա­նա­հաւա­տութիւնը վերա­կանգնե­լու լուրջ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ-ի առջեւ կանգնած է Դաշնակցութիւնը՝ Հայաստա­նի մէջ կազմա­կերպա­կան մեր վեր ընձիւղման առա­ջին իսկ շրջա­նէն։

Բարի լոյս՝ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ հունաւո­րած բոլոր ՑԵՆԶԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ, որոնք այսօր պատասխա­նա­տուութեան վրայ գտնուին կամ ոչ՝ Հայ Յեղա­փո­խա­կան Դաշնակցութիւն ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔ-ը ոգի ի բռին կը պահպա­նեն ու կը պաշտպա­նեն նոր օրե­րու ՎՆԱՍԱԿԱՐ ՏԱՐՐԵՐՈՒՆ եւ անոնց նորընծայ ձայնակցողնե­րուն դէմ»։

Առնչվող Հոդվածներ