Յարութ Գալայճեան
Քաղաքական այն լոզունգները, որոնք գաղափարական ենթահող չունին՝ դատապարտուած են պարտութեան։
Անցնող եօթը շաբաթներուն, Երեւանի հրապարակներուն եւ փողոցներուն վրայ հնչեցուած լոզունգները («Նիկոլ Հեռացիր», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» եւ այլն…) ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԱԾ ժողովրդականութիւն ստեղծել պարզ այն պատճառով, որ «Կուսակցական Համախմբում»ը (բացի ՀՅԴ-էն) կը տառապի գաղափարախօսական բացայայտ դատարկաբանութենէ։
Թէ ի՜նչ գործ ունի ՀՅԴ-ն այդտեղ՝ ա՛յլ գրառումի նիւթ է։
ԵՒ ՍԱԿԱՅՆ, մէկ բան կանխատեսելի է, որ այս ընթացքով ու ժողովրդականութեան իմաստով՝ այդ Համախմբումին մէջ ամենացաւոտ եւ գուցէ անդառնալի կորուստը քաղաքական դաշտէն ներս պիտի արձանագրէ ՀՅԴ-ն։
1980-ականներու վերջերուն, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արցախեան Գոյամարտով հնչեցուած ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կարգախօսը գետին գտաւ ու համահայկական զօրակցութիւն ապահովեց՝ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ այդ սրբազան լոզունգը ունէր գաղափարաբանական ՀԻՄՔ, որ ամրագրուած էր Զէյթլեանական գաղափարական մարտունակութեամբ, Մարուխեանական քաղաքական մտածողութեամբ եւ Տասնապետեանական մարդկայնասլաց բարոյականութեամբ։
Եւ այդ գաղափարական ամբողջութիւնը խարսխուած էր՝ ԳՈՐԾԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ վերածող ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԵԱՆ աւանդին վրայ։
ԵՒ ԱՀԱՒԱՍԻԿ, այդ բոլորն են, որոնք անպայմանօրէն յաջողութեան կ՚առաջնորդեն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ. եւ վերջին հաշուով անոնք են՝ այդ գործին կենսական ՀԱՄԵՄՈՒՆՔԸ։
Վերոյիշեալ ԵՐԵՔ անձնաւորութիւններուն հետ ինծի պէս անձամբ մօտ եղած են հարիւրաւորներ, որոնք շփուած ու Երբեմն բանավիճած են այդ ՄԵԾԵՐՈՒՆ ներկայութեան. բայց միշտ ալ անոնցմէ ներշնչուած են գաղափարականօրէն ու գօտեպնդուած՝ կազմակերպչականօրէն։
Դժբախտաբար, յատկապէս վերջին տարիներուն ակնյայտ է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստանեան իր կերպարանափոխուած դիմագծով կ՚ապրի իր բովանդակ պատմութեան ամենավտանգաւոր հանգրուանը։
ԲԱՅՑ ԶԳՈ՜ՅՇ, թող ոչ ո՛ք կասկածի, որ այդ հարիւրաւորները, ՀՅԴ-շարքերէն ներս թէ դուրս, Հայաստանի գաղափարապաշտ երիտասարդութեան մէջ թէ այլուր, ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ՝ պիտի կասեցնեն 130ամեայ կազմակերպութեան վրայ տապանաքար դնելու ճղճիմ եւ անյոյս փորձերը։
Այլ խօսքով՝ Նոր Տարուան Պահանջը «հին» ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ վերադարձն է ու վերաշխուժացումը։
Նախ ինձ համար ամենահետաքրքրող հարցը մնում է, թէ ինչ գործ ունի ՀՅԴն 16ի մէջ և կը մնայ մինչև մէկը լուսաբանի ճշմարտութիւնը: Երկրորդ՝ «հին» Դաշնակցութեան վերադարձը պայմանաւորուած է միայն ներկայ կազմի կազմալուծման ու Բ.ի ներկայացուցչի փոխուելու հետ: Թէ ինչպէ՞ս: Իմ կարծիքով, առաջինի խնդիրը կը լուծի գալիք ընտրութիւնները, քաղաքական պրակտիկայով (Պարտուածը այլևս անելիք չունի իր տեղում) , իսկ երկրորդինը, ով ինքնաբերաբար դասուելու է պարտուածների շարքին, կախուած է Սփիւռքի շրջանների պահանջների հետ: