20.4 C
Yerevan

Գաղա­փա­րա­կան Համե­մունքը

Յարութ Գալայճեան

Քաղա­քա­կան այն լոզունգնե­րը, որոնք գաղա­փա­րա­կան ենթա­հող չունին՝ դատա­պարտուած են պարտութեան։

Անցնող եօթը շաբաթնե­րուն, Երեւա­նի հրա­պա­րակնե­րուն եւ փողոցնե­րուն վրայ հնչե­ցուած լոզունգնե­րը («Նիկոլ Հեռա­ցիր», «Առանց Նիկոլ Հայաստան» եւ այլն…) ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԱԾ ժողովրդա­կա­նութիւն ստեղծել պարզ այն պատճա­ռով, որ «Կուսակցա­կան Համախմբում»ը (բացի ՀՅԴ-էն) կը տառա­պի գաղա­փա­րա­խօ­սա­կան բացա­յայտ դատարկա­բա­նութե­նէ։

Թէ ի՜նչ գործ ունի ՀՅԴ‑ն այդտեղ՝ ա՛յլ գրա­ռումի նիւթ է։

ԵՒ ՍԱԿԱՅՆ, մէկ բան կանխա­տե­սե­լի է, որ այս ընթացքով ու ժողովրդա­կա­նութեան իմաստով՝ այդ Համախմբումին մէջ ամե­նա­ցաւոտ եւ գուցէ անդառնա­լի կորուստը քաղա­քա­կան դաշտէն ներս պիտի արձա­նագրէ ՀՅԴ‑ն։

1980-ականնե­րու վերջե­րուն, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արցա­խեան Գոյա­մարտով հնչե­ցուած ԴԷՊԻ ԵՐԿԻՐ կարգա­խօ­սը գետին գտաւ ու համա­հայկա­կան զօրակցութիւն ապա­հո­վեց՝ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ այդ սրբա­զան լոզունգը ունէր գաղա­փա­րա­բա­նա­կան ՀԻՄՔ, որ ամրագրուած էր Զէյթլեա­նա­կան գաղա­փա­րա­կան մարտունա­կութեամբ, Մարուխեա­նա­կան քաղա­քա­կան մտա­ծո­ղութեամբ եւ Տասնա­պե­տեա­նա­կան մարդկայնասլաց բարո­յա­կա­նութեամբ։

Եւ այդ գաղա­փա­րա­կան ամբողջութիւնը խարսխուած էր՝ ԳՈՐԾԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ վերա­ծող ՔՐԻՍՏԱՓՈՐԵԱՆ աւանդին վրայ։

ԵՒ ԱՀԱՒԱՍԻԿ, այդ բոլորն են, որոնք անպայմա­նօ­րէն յաջո­ղութեան կ՚առաջնորդեն ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸ. եւ վերջին հաշուով անոնք են՝ այդ գործին կենսա­կան ՀԱՄԵՄՈՒՆՔԸ։

Վերո­յի­շեալ ԵՐԵՔ անձնաւո­րութիւննե­րուն հետ ինծի պէս անձամբ մօտ եղած են հարիւրաւորներ, որոնք շփուած ու Երբեմն բանա­վի­ճած են այդ ՄԵԾԵՐՈՒՆ ներկա­յութեան. բայց միշտ ալ անոնցմէ ներշնչուած են գաղա­փա­րա­կա­նօ­րէն ու գօտեպնդուած՝ կազմա­կերպչա­կա­նօ­րէն։

Դժբախտա­բար, յատկա­պէս վերջին տարի­նե­րուն ակնյայտ է, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը Հայաստա­նեան իր կերպա­րա­նա­փո­խուած դիմագծով կ՚ապրի իր բովանդակ պատմութեան ամե­նավտանգաւոր հանգրուա­նը։

ԲԱՅՑ ԶԳՈ՜ՅՇ, թող ոչ ո՛ք կասկա­ծի, որ այդ հարիւրաւորնե­րը, ՀՅԴ-շարքե­րէն ներս թէ դուրս, Հայաստա­նի գաղա­փա­րա­պաշտ երի­տա­սարդութեան մէջ թէ այլուր, ՈՒՇ ԿԱՄ ԿԱՆՈՒԽ՝ պիտի կասեցնեն 130ամեայ կազմա­կերպութեան վրայ տապա­նա­քար դնե­լու ճղճիմ եւ անյոյս փորձե­րը։

Այլ խօսքով՝ Նոր Տարուան Պահանջը «հին» ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ վերա­դարձն է ու վերաշխուժա­ցումը։

Առնչվող Հոդվածներ