16.9 C
Yerevan

ԽՕՍՈՂԸ ՈՒԺՆ Է

Րաֆֆի Տուտագլեան

Արցա­խի հողե­րը Ադրբե­ջա­նին տալը արդա­րացնողնե­րը, որոնք ի դէպ, ոչ միայն այսօ­րուան իշխա­նութիւննե­րու շրջա­նակնե­րէն են, այլ նաեւ՝ «Մատրիտ» եւ «Կազան» բանակցած նախկիննե­րէն, շարունա­կա­բար կը պնդեն, որ կարե­լի չէ «դէմ գնալ» միջազգա­յին օրէնքին եւ պարտադրա­բար փոխել միջազգայնօ­րէն ճանչուած սահմաննե­րը։ Միջազգա­յին հանրութիւնը, կ՚ըսեն անոնք, պիտի չընդունի ոեւէ փոփո­խութիւն եւ ոչ մէկ աջակցութիւն պիտի տրա­մադրէ Հայաստա­նին, որովհե­տեւ օրէնքը Ադրբե­ջա­նի կողմն է։Սա, ի հարկէ, ունի ինչ որ տրա­մա­բա­նութիւն։ Բայց Հայաստա­նին չօգնե­լու, Ադրբե­ջա­նի յարձա­կումնե­րուն եւ ոճիրնե­րուն առջեւ աչք փակե­լու միջազգա­յին հանրութեան ոչ-հայանպաստ կեցուածքը միայն «միջազգա­յին օրէնքո՞վ» պայմա­նաւո­րուած է: Բնա­կա­նա­բար՝ ոչ։

Օրէնքը մեր դէմ կամ մեզի ի նպաստ կը գործա­ծուի՝ երբ այդպէս կը պահանջեն մեծ ուժե­րու շահե­րը։ Օրէնքի անունով խօսող մեծ պետութիւննե­րը այս պատե­րազմին Ադրբե­ջա­նի կողմն էին, պարզա­պէս որովհե­տեւ այդպէս կը պահանջէին իրենց շահե­րը։ Մնա­ցա­ծը՝ օրէնք, միջազգա­յին սահմաննե­րու անձեռնմխե­լիութիւն եւայլն, պատրուակներ են, ուրիշ ոչինչ։

Միջազգա­յին խաղե­րու ոտնա­տակ չերթա­լու միակ ճամբան ռազմա­կան եւ տնտե­սա­կան հզօր ուժ ըլլալն էր։ Ադրբե­ջա­նը անցնող 20 տարի­նե­րու, իր նավթով եւ գազով դարձաւ տնտե­սա­կան կարեւոր գործօն, կրցաւ նաեւ ապա­հո­վել ռազմա­կան մեծ ուժ։ Իսկ Հայաստա­նը անցնող 25 տարի­նե­րուն ի՞նչ իրա­գործեց՝ բաղդա­տած Ադրբե­ջա­նի։ Ո՞ր երկիրնե­րու համար դարձաւ տնտե­սա­կան անփո­խա­րի­նե­լի գոծօն, որքա՞ն մեծ ռազմա­կան ուժ ունե­ցաւ, ո՞ր երկիրնե­րը կարիք ունէին Հայաստա­նի արտադրութիւննե­րուն, ո՞ր երկիրնե­րը ռազմա­կան մեր ուժին առջեւ կը դողա­յին։

Թուրքիան 1974-էն ի վեր գրաւած կը պահէ Կիպրո­սի մէկ կարեւոր մասը, իսկ ի՞նչ կրցած է ընել միջազգա­յին հանրութիւնը վերա­կանգնե­լու համար Կիպրո­սի իրաւունքներն ու տարածքա­յին ամբողջա­կա­նութիւնը։ Ըրած են ոչինչ։ Պարզա­պէս որովհե­տեւ միջազգա­յին օրէնքը կոպտօ­րէն խախտած Թուրքիան հսկայ ուժ է եւ անփո­խա­րի­նե­լի գործընկեր՝ մեծ ու փոքր բազմա­թիւ պետութիւննե­րու համար։

Իսրա­յէ­լը բռնակցած է սիրիա­կան Կոլանն ու Պաղեստի­նը, եւ ու՞ր են միջազգա­յին օրէնքի պաշտպաննե­րը, ի՞նչ կ՚ընեն ամէն օր ամէն տեսա­կի բռնա­բա­րումնե­րու ենթարկուող պաղեստինցի ժողո­վուրդի միջազգայնօ­րէն ճանա­չուած իրաւունքնե­րու պաշտպա­նութեան համար։ Ոչինչ կ՚ընեն, որովհե­տեւ այդպէս կը պահանջեն մեծե­րու շահե­րը։

Արեւմուտքը Քոսո­վոն անջա­տեց Սերբիա­յէն, մոռնա­լով միջազգա­յին սահմաննե­րու անխախտե­լիութեան սկզբունքը, անտե­սե­լով Ռուսաստա­նի բողոքներն ու սպառնա­լիքնե­րը։ Ով ի՞նչ կարո­ղա­ցաւ ընել։

Ռուսաստա­նը բռնակցեց Աբխա­զիան եւ Օսե­թիան, ով ի՞նչ ըրաւ միջազգա­յին օրէնք պահպա­նե­լու համար։ Ռուսաստա­նը մտաւ Ուքրա­նիա եւ բռնագրաւեց Խրի­մը։ Եղան բողոքներ եւ պատժա­մի­ջոցներ, իսկ յետո՞յ…

Իսկ 1991-ին, երբ Սատտամ Հուսէյն ներխուժեց Քուէյթ, Ամե­րի­կան անմի­ջա­պէս միջազգա­յին կոա­լի­ցիա ստեղծեց Իրա­քի դէմ, որովհե­տեւ այդպէս կը պահանջէին արեւմուտքի շահե­րը։ Իսկ 2001-ին, ի՜նչ սուտեր ըսես չխօ­սե­ցան ամե­րի­կա­ցի­նե­րը՝ դարձեալ Իրաք ներխուժե­լու համար։ Մասսա­յա­կան բնաջնջման զէնքեր, աթո­մա­յին ռումբ ու հազար այլ պատրուակնե­րով՝ մտան Իրաք ու ոչ ոք հաշիւ պահանջեց, երբ ջուրի երես ելան ամե­րի­կեան սուտե­րը։ Ինչու՞, պարզ մէկ պատճա­ռով՝ Ամե­րի­կան հզօ­րա­գոյն ուժ է եւ հետը խաղ չըլլար…

Օրէնք, իրաւունք եւ այլ այսպէս քաղցր բառեր սիրուն են, բայց վերջաւո­րութեան ուժն է խօսո­ղը, շահն է թելադրո­ղը։

Իսկ մենք 1994-էն ի վեր որու՞ համար դարձած ենք անփո­խա­րի­նե­լի շահ ներկա­յացնող պետութիւն։ Տարա­ծաշրջա­նի մէջ որքա՞ն հզօր ռազմա­կան ուժ դարձած ենք։ Ո՞ր երկի­րը կախեալ եղած է մեր տնտե­սութե­նէն, մեր արտադրութիւննե­րէն…

Հիմա աւե­լորդ-պակաս խօսե­լու փոխա­րէն, աջ ու ձախ զիրար մեղադրե­լու փոխա­րէն, աշխարհի բոլոր մեղքե­րը այս կամ այն կողմին, այս կամ այն մարդու ուսե­րուն վրայ դնե­լու փոխա­րէն, ճիշդ կ՚ընենք եթէ նստինք եւ վերլուծենք թէ ինչու՞ տարա­ծաշրջա­նին մէջ մենք չկրցանք դառնալ անփո­խա­րի­նե­լի ռազմա­վա­րա­կան արժէք, նկա­տա­ռե­լի ուժ, տնտե­սա­կան գործօն… Այլ ձեւ կարե­լի՞ էր զարգա­նալ։ Ու՞ր սխա­լե­ցանք եւ ի՞նչ կրնա­յինք իրա­գործել, որ չըրինք։ Եթէ մենք մնանք քաղա­քա­կան վէճի մանկա­պարտէ­զա­յին այս մակարդա­կին վրայ, եթէ մեր նպա­տա­կը վենտե­թան է եւ աթոռ խլե­լը կամ պահե­լը, մոռնանք ուրեմն ամէն ինչ։ Որովհե­տեւ շուտով մեր ներքին վէճե­րը պիտի դառնան արտա­քին ուժե­րու շահարկման առարկայ։ Եթէ չեն դարձած արդէն…

Եւ մենք պիտի մնանք փոքր, մանկա­պարտէ­զի մակարդա­կի քաղա­քա­կան ղեկա­վա­րութեամբ՝ իշխա­նութեան մէջ եւ իշխա­նութե­նէն դուրս։

facebook.com

Առնչվող Հոդվածներ