16.9 C
Yerevan

Ինչու Սերժ Սարգսեա­նը (Չ)Ընդունեց Լաւրո­վի Ծրա­գի­րը

Րաֆֆի Դուդագլեան

Հիմա որոշ քաղա­քա­կան գործիչներ կը պնդեն, որ եթէ Փաշի­նեան ընդունէր Արցա­խի տագնա­պը լուծե­լու Լավրո­վի ծրա­գի­րը, այսինքն՝ 5+2 շրջան Ադրբե­ջա­նին վերա­դարձնե­լու եւ Արցա­խի կարգա­վի­ճա­կը անո­րոշ ժամա­նա­կով յետաձգե­լու առա­ջարկը, այդ ատեն պատե­րազմ տեղի չէր ունե­նար եւ մենք մարդկա­յին եւ հողա­յին այլ կորուստներ չէինք ունե­նար։

Հիմա, բնա­կա­նա­բար, հարց կը ծագի, թէ ինչո՞ւ Սերժ Սարգսեան չընդունեց 2016‑ի սկիզբէն ի վեր կողմե­րուն ներկա­յա­ցուած այս ծրա­գի­րը։ Չէ՞ որ այդպէ­սով կանխած կ՚ըլլար պատե­րազմը։ Թէ՞ կը մտա­ծենք, որ կարե­լի էր յաւերժօ­րէն ձգձգել հարցի լուծումը եւ խաբել թէ՛ Ռուսաստա­նին, թէ՛ անհամբեր դարձած եւ Երեւանն ու Սեւա­նը գրաւել սպառնա­ցող Ադրբե­ջա­նին եւ թէ ԵԱՀԿ-ին։ Կամ ինչո՞ւ չի հերքուիր այն տեղե­կութիւննե­րը, թէ 2016‑ի Ապրի­լեան պատե­րազմին Սերժ Սարգսեան ընդունած է Լաւրո­վի ծրա­գի­րը եւ փոխա­րէ­նը ստա­ցած զինա­դա­դար։ Կամ ինչո՞ւ չի հերքուիր Արցա­խի խորհրդա­րա­նի նախորդ նախա­գահ Արթուր Թովմա­սեա­նի այն յայտա­րա­րութիւնը, թէ Սերժ Սարգսեան 2016 Յուլի­սին հանդի­պած էր Արցա­խի ղեկա­վա­րութեան եւ պահանջած էր ընդունիլ հողե­րը վերա­դարձնե­լու ռուսա­կան առա­ջարկը։

Թէ՛ քաղա­քա­կան բանակցութիւննե­րու, թէ՛ վերջին աղի­տա­լի պատե­րազմի ընթացքին մասին շատ բան մութ կը մնայ եւ շատ մանրա­մասնութիւններ յայտնի չեն հանրութեան։

Միայն ամբողջա­կան, անկողմնա­կալ, անա­չառ եւ առարկա­յա­կան քննութիւնը կրնայ բացա­յայտել ճշմարտութիւնը եւ յանգիլ ճիշդ եւ ուսուցա­նող եզրա­կա­ցութիւննե­րու։

Իսկ այս օրե­րուն, երբ քաղա­քա­կան ղեկա­վարնե­րը, իշխա­նութիւն եւ ընդդի­մա­դիր, կ՚առաջնորդուին «կամ իմ հետ ես, կամ իմ դէմ ես» սկզբունքով, կարե­լի՞ է ակնկա­լել անա­չառ եւ անկողմնա­կալ, առարկա­յա­կան քննութիւն։ Դժուար թէ։ Հիմա միայն արտօ­նուած է հայհո­յել այս կամ այն կողմին։ Արտօ­նուած է ըլլալ կա՛մ միայն թշնա­մի, կամ միայն դաշնա­կից։ Ընդդի­մութիւն եւ իշխա­նութիւն նոյն մետա­լի տարբեր երեսներն են, անհանդուրժող եւ սեփա­կան կարծի­քը Աստուծոյ խօսքէն ալ աւե­լի բարձր համա­րող։

Այս պայմաննե­րուն տակ, մոռնանք առարկա­յա­կան ոեւէ քննութիւն, ուրեմն նաեւ մոռնանք ուսուցա­նե­լի ոեւէ դաս, որ կրնա­յինք սորվիլ մեր աղի­տա­լի փորձա­ռութիւննե­րէն։

Այս գրա­ռումս ոեւէ ձեւով չի նսե­մացնէր Նիկոլ Փաշի­նեա­նի պատասխա­նատւութիւնը՝ վերջին աղի­տա­լի պատե­րազմին եւ խայտա­ռակ փաստա­թուղթի ստո­րագրման մէջ։ Ոչ ալ կը նսե­մացնէ Արցա­խի հարցը չկա­րե­նալ լուծե­լու նախկիննե­րու 1994-էն սկսած քաղա­քա­կա­նութիւնը, որ յանգե­ցուց Ադրբե­ջա­նի շարունա­կա­կան զինումին, բոլոր խաղա­ղա­րար առա­ջարկնե­րը մերժե­լու Բաքուի անզի­ջող կեցուածքին, 2016‑ի քառօ­րեայ պատե­րազմին եւ ազա­տագրուած հողե­րը վերա­դարձնե­լու Սերժ Սարգսեա­նի խոստումին։

Դեռ մենք երկար պիտի սպա­սենք արդար, անկողմնա­կալ եւ անա­չառ վերլուծութիւննե­րու։ Եւ այդպէս ալ դաս պիտի չքա­ղենք մեր փորձութիւննե­րէն եւ փորձա­ռութիւննե­րէն, այնքան ատեն որ քաղա­քա­կան դաշտը ենթա­կայ կը մնայ այս տեսա­կի իշխա­նութիւննե­րու եւ այս տեսա­կի ընդդի­մութեան մենաշնորհին։

Առնչվող Հոդվածներ