24.7 C
Yerevan

Հայրե­նի Պետա­կա­նութեան Հաստատման Եւ Հզօ­րացման Հինգ Տուեալներ

Ռազմիկ Շիրի­նեան

Հայ ազգի եւ հայրե­նի պետա­կա­նութեան գոյութեան ու զարգացման հարցն է հիմնա­կան մեր մտա­հո­գութիւնը յետ-պատե­րազմեան այս փուլին։ Հիմա ժամա­նա­կը չէ յանցաւորներն ու սխալ գործողնե­րը հաշուե­տուութեան կանչե­լու. անի­կա անպայման տեղի կ՛ունենայ մօտ ապա­գա­յին։

Սակայն, տարօ­րի­նա­կը մեր մէջ այն է, որ պարտուած իշխա­նութիւնը տակաւին չի հետեւիր պետա­կա­նութեան տրա­մա­բա­նութեան ու չի հեռա­նար իր դիրքէն, որպէսզի առիթ տայ նոր իշխա­նութեան մը ձեւաւորման, նոր սկիզբի, նոր ռազմա­վա­րութեան, գոյա­տեւման եւ զարգացման նոր երաշխի­քի‘ հայրե­նի ժողո­վուրդին համար։

Յետ-պատե­րազմեան ներկայ կացութեան մէջ, հայ ժողո­վուրդը դէմ յանդի­ման կը գտնուի հիմնա­կան այն հարցե­րուն, որոնց անդրա­դարձը, քննարկումն ու լուծման գործադրումը հայրե­նի պետա­կան գոյութիւնը կը պայմա­նաւո­րեն։ Թէ՛արտաքին-քաղաքական եւ թէ մանաւանդ ներազգա­յին ինքնա­հաստատման ու ընկե­րա­քա­ղա­քա­կան զարգա­ցումնե­րու իր ընթացքը նորոգ հաշուեքննող հարցեր են ասոնք, որոնք խոր ուսումնա­սի­րութեան, ծրագրումի ու գործադրումի կը կարօ­տին եւ կ՛ամփոփուին հետեւեալ հինգ անյե­տաձգե­լի միտքե­րուն մէջ.

1.- Հայկա­կան ինքնութեան վերա­նո­րո­գումն ու հաստա­տումը։ Այս միտքը կ՛ընդարձակէ պատկա­նե­լիութեան գործուն գիտակցութիւնը ժողո­վուրդի բոլոր խաւե­րուն մէջ։ Հայ անհա­տը իր մասնա­կի (ընկե­րա­յին կամ քաղա­քա­կան խմբաւո­րում, կուսակցութիւն, եւ այլն) պատկա­նե­լիութե­նէն անդին ազգա­յին իր պատկա­նե­լիութիւնը կ՛ապրի ու կ՛արտայայտէ՝ իբրեւ հաւա­քա­կան կեանքի գերա­գոյն պատկա­նե­լիութիւն։ Պետա­կա­նութիւնը ազգին հաւա­սա­րեցնող հիմնա­կան երաշխի­քը կու տայ այս հարցին լուծումը։ Ինքնութեան հաստատման այս ընթացքին մէջ, երբ պետա­կա­նութիւնը (կառոյցը) կը նոյնա­նայ ազգին (ենթա­կա­ռոյցին) հետ՝ ազգա­յին գաղա­փա­րա­խօ­սութիւնը քաղա­քա­կան ամբողջա­կան իմաստ եւ արժէք կը ստա­նայ։

2.- Պետա­կան հեղի­նա­կութեան օրի­նա­կա­նա­ցումը։ Հոս կ՛ապահովուի ժողո­վուրդին անվե­րա­պահ ու յօժա­րա­կամ հաւա­նութիւնը պետա­կան իրաւա­կան կառոյցնե­րուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ՝ երկրին մէջ տեղ գտած առօ­րեայ քաղա­քա­կան կիրարկումնե­րուն եւ օրի­նաւո­րութիւննե­րուն հանդէպ։ Նման հարցի մը լուծումը կ՛ենթադրէ ուղղա­հա­յեաց շաղկա­պուա­ծութեամբ մը ժողովրդա­յին պահանջնե­րուն ամբողջա­կան արտա­յայտութիւնը պետա­կան որո­շումնե­րուն ու մշա­կոյթին մէջ։

Այլ խօսքով՝ որքան ժողովրդա­յին շարժումներն ու ընտրա­նի մշա­կոյթը միակցուին, այնքան բանա­կա­նա­ցուած ու տրա­մա­բա­նուած ընթացք կ՛առնեն ազգ-պետութեան գոյա­ռումն ու զարգա­ցումը։

3.- Մասնակցութիւնը ժողովրդա­յին բոլոր խաւե­րուն երկրի քաղա­քա­կան կեանքին։ Այս միտքը կ՛իրագործուի թէ՛ քուէարկութեամբ եւ թէ առօ­րեայ քաղա­քա­կան կամ սովո­րա­կան յարա­բե­րութիւննե­րով։ Քաղա­քա­կան կուսակցութիւններն ու այլ կազմա­կերպութիւններ կարեւոր դեր կը խաղան ժողովրդա­յին մասնակցութեան այս ընթացքին մէջ։ Հոս, խնդրոյ առարկայ հարցը ժողովրդա­վա­րութիւնն է,  որ անհա­տի քուէի իրաւունքով չ՛երաշխաւորուիր միայն, այլ նոյնքան կը պայմա­նաւո­րուի իշխա­նութեան եւ կազմա­կերպութիւննե­րու միջեւ գործուն յարա­բե­րութիւննե­րով։ Հարցե­րու տրա­մա­խո­հա­կան ու կշռա­դա­տուած զարգա­ցումն է, որ կ՛առաջնորդէ իշխա­նութիւն-կազմա­կերպութիւններ յարա­բե­րութիւննե­րը։ Հետեւա­բար, թէ՚՛ անհա­տի քուէի իրաւունքը եւ թէ իշխա­նութիւն-կազմա­կերպութիւններ գործուն յարա­բե­րուրութիւնը հաւա­սա­րա­պէս կ՛երաշխաւորեն ժողո­վուրդին մասնակցութիւնը քաղա­քա­կան կեանքին։

4.- Իրաւա­հաւա­սար բաշխումը արտադրութեան եւ երկրի բնա­կան հարստութեան։ Այս միտքին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն նաեւ ընկե­րա­յին զարգա­ցող արժէքնե­րը, կամ մշա­կութա­յին հարստութիւնն ու ազգա­յին աւանդնե­րը՝ իբրեւ կեանքի շարունա­կա­կան բարգաւաճման ու յառաջդի­մութեան կայուն գործընթաց։ Անհրա­ժեշտ է ընդգծել, որ ցարդ հայրե­նի ժողո­վուրդին համար ազա­տա­կան ազգայնա­կա­նութիւնը, իր զուտ շահարկման ու մասնա­կի բաշխման իրա­գործումով՝ եղած է ներհակ ու հակոտնեայ միտք պետա­կա­նութեան գոյառման այս կէտին մէջ։  Ազա­տա­կան ազգայնա­կա­նութեամբ ինքզինք արդա­րա­ցուցած է երկրի ընտրա­նին ու ինքն իր շահե­րը ապա­հո­վող վերնա­խաւը, որ իր առանձնաշնորհումնե­րը պաշտպա­նող օրի­նաւո­րութիւննե­րով անտե­սած է ու թերի պահած է երկրին զանգուա­ծա­յին իրաւա­հաւա­սար բաշխումը։ Հետեւա­բար, բաշխումը հայ իրա­կա­նութեան մէջ քաղա­քա­կան արժէք ունի ոչ-ազա­տա­կան ազգայնա­կա­նութեան, այլ իրաւա­հաւա­սար ու զանգուա­ծա­յին տարածքով գործադրումին մէջ։ Այլ խօսքով՝ անի­կա արժէք ունի Հայաստա­նի ու հայ ժողո­վուրդի պատմա­կան (ներա­ռեալ կրօ­նա­կան), մշա­կութա­յին ու բնա­տուր բազմա­թիւ հարստութեամբ բաղադրուած ու համա­հաշտ ազգայնա­կա­նութեան մէջ։

5.- Պետա­կան արժէքնե­րու, գործընթա­ցի եւ ազդե­ցութեան թափանցումը երկրի ամբողջ տարածքին եւ ծայրա­մա­սե­րուն։ Այս միտքը կը պայմա­նաւո­րէ պետա­կան համա­կարգի ու գործունէութեան ազդե­ցութիւնն ու արդիւնքը բոլոր քաղա­քա­ցի­նե­րուն համար։ Բարե­բախտա­բար, Հայաստան՝ իբրեւ երկիր-պետութիւն,  աշխարհագրա­կան իր սահմա­նումը ունի եւ տակաւին նպաստաւոր ազդե­ցութիւն կրնայ ունե­նալ ազգա­յին պետա­կա­նութեան կառուցման ներկայ գործընթա­ցին մէջ։ Ընդունինք, որ աշխարհա­քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղութիւնը տակաւին տիրա­կան ներկա­յութիւն է քաղա­քա­կան ներքին թէ արտա­քին յարա­բե­րութիւննե­րու միջազգա­յին նորմե­րուն մէջ։ Հետեւա­բար, թափանցումը հայրե­նի աշխարհա­մա­սի ամբողջ տարածքին կ՛ենթադրէ հաստա­տումը անհրա­ժեշտ այն ենթա­կա­ռոյցնե­րուն, որոնց վրայ կ՛ամրապնդուի պետա­կա­նութիւնը։

Վերջին հաշիւով, կարեւոր է, որ հայ քաղա­քա­կան միտքը հանդարտի ու երկար շունջ առնէ։ Սկսի մտա­ծել պետա­կա­նութեան կառուցման վերո­յի­շեալ հինգ տուեալնե­րուն մասին։ Ծարագրէ անոնց իրա­գործման միջոցնե­րը հեռաւոր ապա­գա­յին համար, որպէսզի, ի վերջոյ, հայը ապրի իր ազատ ու հաստա­տուած հայրե­նի­քին մէջ։

Asbarez.com

Առնչվող Հոդվածներ