24.7 C
Yerevan

Քանդել Միջա­կութեան Պարիսպնե­րը

Ի վերջոյ մեր ժողո­վուրդին ձեռնարկած թաւշեայ յեղա­փո­խութիւնը ահա կը դիմագրաւէ միջա­կութեան, տգի­տութեան եւ անգի­տութեան պարիսպնե­րը քանդե­լու եւ փլա­տա­կե­լու Սեւա­կի կանխա­տե­սած վճռո­րոշ փուլը։

 Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

Ամէն մի ճշմա­րիտ ու մեծ արուեստա­գէ­տի մէջ ննջում է յեղա­փո­խա­կա­նը։

Ստեղծել… Ստեղծել նշա­նա­կում է քանդել միջա­կութեան պարիսպնե­րը (քանդել եւ ոչ թէ գրաւել), փլա­տա­կել տգի­տութեան ու անգի­տութեան պարիսպնե­րը (փլա­տա­կել եւ ոչ թէ վերա­շի­նել), այլա­պէս ասած‘ շարունա­կել մի պայքար, որ մարդ արա­րա­ծը մղում է հեռու-հեռաւոր օրուա­նից, ինչ սկսել է… մտա­ծել։

Հարկաւոր է կրել իր մէջ ժամա­նա­կը, սակայն կրել նրա ԿՇԻՌԸ եւ ոչ թէ ԲԵՌԸ, պահել նրա ԱՐԺէ­ՔԸ եւ ոչ թէ ԳԻՆԸ, ունե­նալ նրա ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ ոչ թէ ԱՊՐԱՆՔԸ, լինել նրա ՍՆՈՒՆԴԸ եւ ոչ թէ եւրո­պա­ցի­նե­րի ասած պարտա­դիր ԱՍՈՐՏԻՄԵՆՏԸ։

Բանաստեղծը ծնւում է խօսե­լու ԻՐ ԲԵՐԱՆՈՎ, բայց ԲՈԼՈՐԻ ԱՆՈՒՆԻՑ, իր կենսագրութիւնից, որ կենսագրութիւնն է հասա­րա­կութեան ու դարաշրջա­նի։

…Օրէնքնե­րը չեն ստեղծում մարդկանց, մարդիկ են օրէնքներ ստեղծում։ Ու երբ պարզւում է, որ այս կամ այն օրէնքը այլեւս չի համա­պա­տասխա­նում նրանց ապրե­լա­կերպին ու մտա­ծե­լա­կերպին, ապա մարդիկ այդ օրէնքը փոխում են մէկ այլ օրէնքով, եւ դա կոչւում է բարե­նո­րո­գում կամ յեղա­փո­խութիւն։

Երբ կեանքն ստի­պում է դաւա­նել նոր հաւա­տի, ապա երէ­կուայ կուռքե­րին չհե­տեւե­լը ոչ նրանց անտե­սումն է, ոչ էլ սրբապղծութիւն, այլ նրանց գոյութեան շարունա­կութիւնը՝ նոր պայմաննե­րում, նոր կենսընկալմամբ…

Ժխտել աւանդոյթը նոյնն է, ինչ ժառանգութեան ժխտումը, ոչ միայն յիմա­րութիւն է, այլեւ՝ խելա­գա­րութիւն։

Արուեստի բնա­գաւառ մտնել եւ չփնտռե­լը նոյնն է, ինչ որ որսի գնալ ու շուրջը չնա­յել։ Բայց ամէն դէպքում կարեւո­րը ՈՐՍԱԾՆ է եւ ոչ թէ ՇՈՒՐՋԸ ՆԱՅԵԼԸ, ինչպէս որ կարեւո­րը ԳՏՆԵԼՆ է եւ ոչ թէ ՓՆՏՌԵԼԸ։

** *

Յունուար 24ի ծնունդ է հայ մտքի եւ գրա­կա­նութեան անլռե­լի զանգա­կա­տունը՝ անմահն Պայրոյր Սեւա­կը (1924–1971), որուն արա­րե­լու եւ խոկա­լու, սիրե­լու եւ նորա­նա­լու վարար շունչով թող թարմա­նայ մեր կեանքի նորա­բաց այս օրը։

Բարի լոյս՝ որքան յուզա­կան եւ երաժշտա­կան, նոյնքան եւ խոհա­կան ու յեղա­փո­խա­կան անսանձ թռիչքով յագե­ցած Սեւա­կեան ԱՒԱՆԴին։

Պարոյր Սեւակ ոչ միայն երգ ու ղօղանջ տուաւ ՀԱՅՈՒՆ, ոչ միայն ափի մէջ բերաւ եւ լուսարձա­կի տակ առաւ ՄԱՐԴն ու անոր հոգւոյն խորը խայտա­ցող, եռեւե­փող եւ պոռթկումի ժայթք կուտա­կող գաղա­փարնե­րու ԱՇԽԱՐՀը, այլեւ՝ ինչպէս իր խորհրդա­ծութիւննե­րէն մէջբե­րուած վերեւի քաղուածքը կը վկա­յէ, ուղի լուսաւո­րող եւ երթ հունաւո­րող ԱՌԱՋՆՈՐԴի վերա­ծեց իր ԴԱՐԱՇՐՋԱՆԻՆ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ իրաւութեամբ ու արժա­նաւո­րութեամբ տէր կանգնող ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ։

Բարի լոյս՝ Ազատն Սեւա­կի կենսուրախ շունչով ազգա­յին ու քաղա­քա­ցիա­կան աւանդոյթի պահպանման ու վերա­նո­րոգման այո՛ ըսե­լու, բայց անցեա­լի ժառանգութեան նկատմամբ ինքնանպա­տակ ծիսա­պաշտութեան ո՛չ ըսե­լու, այլեւ՝ նոր արժէք չարա­րող ու սոսկ վերարտադրման ծառա­յող ՍՆԱՊԱՐԾՈՒԹԻՒՆը յեղա­փո­խա­կա­նօ­րէն մերժե­լու հաւա­տարմութեամբ։

Ի վերջոյ մտա­հան չենք կրնար ընել մեր ժամա­նա­կաշրջա­նի հայոց հանճա­րեղ բանաստեղծին ՊԱՏԳԱՄը՝«Ամէն ճշմա­րիտ գրող իր ժողովրդի անձնա­գիրն է կամ իր ժողովրդի «դատա­կան գործը»։

Ի վերջոյ մեր ժողո­վուրդին ձեռնարկած թաւշեայ յեղա­փո­խութիւնը ահա կը դիմագրաւէ միջա­կութեան, տգի­տութեան եւ անգի­տութեան պարիսպնե­րը քանդե­լու եւ փլա­տա­կե­լու Սեւա­կի կանխա­տե­սած վճռո­րոշ փուլը։

Բարի լոյս՝ Հայաստա­նի ու հայութեան ՎԵՐԱՊՐԵԼՈՒ ՈԳՈՐՈՒՄԻՆԱՐԺԱՆԻ՛ ԸԼԼԱԼՈՒ մարտահրաւէ­րին։

Ինչպէս Պարոյր Սեւակ կտա­կեց՝«Այո՛ դասա­կաննե­րից պէտք է սովո­րել, բայց առա­ջին հերթին պետք է սովո­րել նրանց նորա­րա­րա­կան «խեւութիւնը»։

Առնչվող Հոդվածներ