16.9 C
Yerevan

Սեփա­կան Ոտքին կրա­կե­լու Նուրբ Արուեստը

Րաֆֆի Տուտագլեան

Անցեալ տարի, պատե­րազմէն մօտ երկու շաբաթ առաջ, դիմա­տետրի էջիս տեղադրած էի հետեւեալ գրութիւնը՝

«Այս իշխա­նութիւննե­րը իրենք իրենց ոտքին կրա­կե­լու բացա­ռիկ կարո­ղութիւն ունին։ Այն, ինչ երկուսուկէս տարուայ ընթացքին իրենց սեւ քարոզչութեամբ չկրցան ընել սերժա­կաննե­րը, քոչա­րեա­նա­կաննե­րը, ՀՅԴի անունով գործողնե­րը եւ միւս «հակա»ները, այս իշխա­նութիւննե­րը ըրին ընդա­մէ­նը մի քանի օրուայ ընթացքին՝ Ամուլսա­րի խնդրով եւ Սահմա­նադրա­կան դատաւո­րի մը ընտրութեամբ։

Ես եթէ նախկիննե­րուն տեղը ըլլամ, սեւ քարոզչութեան եւ ֆէյքե­րու վրայ պարապ դրամ չեմ ծախսեր։ Պէտք չկայ յոգնե­լու, քանզի այս իշխա­նութիւննե­րը լաւ կը տիրա­պե­տեն սխալ որո­շումնե­րով սեփա­կան բարձր վարկա­նի­շին հարուած հասցնե­լու նուրբ արուեստին…»

Պատե­րազմը վրայ հասաւ եւ արդէն բոլո­րին համար պարզ ու յստակ էր, որ պարտուո­ղա­կան, խայտա­ռակ յայտա­րա­րութիւն ստո­րագրած իշխա­նութիւննե­րը, օրէնսդրա­կան որոշ բարե­փո­խումնե­րէ եւ երկրի կայունութիւնը ապա­հո­վե­լէ ետք՝ օր առաջ պէտք է հրա­ժա­րին եւ տեղի ունե­նան արտա­հերթ ընտրութիւններ:

Պատե­րազմը իր ահաւոր հետեւանքով ցոյց տուաւ, որ այս իշխա­նութիւննե­րուն ղեկա­վարման մեթո­տը (կամ անոր բացա­կա­յութիւնը) ոչ միայն սեփա­կան ոտքին կրա­կել էր, այլեւ՝ ամբողջ հայ ժողո­վուրդի երազնե­րուն, յոյսե­րուն եւ հաւատքին հասցուած մեծա­գոյն հարուած, որուն տակէն դժուար թէ դուրս գան ոչ միայն այս պատե­րազմը «ղեկա­վա­րած» ռազմա­քա­ղա­քա­կան ղեկա­վարնե­րը, այլ նաեւ՝ արցա­խեան խնդրի ձգձգումը լուծում համա­րած, բանա­կը 80-ականնե­րու մէջ թողած եւ պետութեան հարստութիւնը դրա­մատնա­յին սեփա­կան հաշիւնե­րու եւ ապա­րանքնե­րու վերա­ծած նախկին չընտրուած, բայց իրո­ղա­պէս երկի­րը ղեկա­վա­րած իշխանութիւնները…Այս մասին հանգա­մա­նօ­րէն դեռ անպայման պէտք է խօսիլ ու դատավճիռ արձա­կել պատե­րազմի ղեկա­վարման ընթա­քին, անոր նախորդող տարի­նե­րու ռազմա­կան (չ)պատրաստութեանց եւ խայտա­ռակ պայմա­նագրի ստո­րագրութեան հանգա­մանքնե­րուն մասին, բայց միայն անա­չառ, արդար եւ անկողմնա­կալ քննութե­նէ ետք:

Անցնող շաբաթնե­րուն հազար անգամ ըսուե­ցաւ արդէն, որ Փաշի­նեա­նի ղեկա­վա­րած իշխա­նութիւնը ունի միայն մէկ գլխաւոր առա­ջադրանք՝ ապա­հո­վել կառա­վա­րա­կան ինստի­տուտնե­րու անարգել եւ արդիւնաւէտ աշխա­տանքը, կատա­րել օրէնսդրա­կան բարե­փո­խումներ, հանդարտեցնել կիրքե­րը եւ կայունութեան երաշխաւորման համար համա­խո­հութիւն առա­ջացնել եւ ամե­նա­կարճ ժամա­նա­կա­մի­ջո­ցին կազմա­կերպել արդար եւ ազատ արտա­հերթ ընտրութիւններ:

Իսկ հիմա, անհասկնա­լի է թէ ինչու՞ իշխա­նութիւննե­րը, փոխա­նակ արտա­հերթ ընտրութիւննե­րուն նախա­պատրաստա­կան աշխա­տանքնե­րը աւարտին հասցնե­լու, կ’ո­րո­շեն, որ ամէն ինչ «business as usual» է Հայաստա­նի մէջ եւ Ամե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նահանգնե­րու նոր դեսպա­նի նշա­նա­կումով կը զբա­ղին: Աւելի՛ն, դեսպան կ’ուզեն նշա­նա­կել մէկը, որ նորեկ է դիւա­նա­գի­տա­կան կեանքին մէջ եւ առ հասա­րակ որեւէ գործունէութիւն չէ ունե­ցած արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան ոլորտին մէջ, բացի խորհրդա­րա­նա­կան մի քանի պատուի­րա­կութիւննե­րու մաս կազմե­լէ: Ես իրաւունք չունիմ, չեմ ալ ուզէր կասկա­ծի տակ դնել դեսպա­նի թեկնա­ծուին՝ ինծի համար անծա­նօթ Լիլիթ Մակունցի կարո­ղութիւններն ու կարո­ղա­կա­նութիւնը (պոտենցիա­լը): Կրնայ ըլլալ, որ Մակունց բացա­ռիկ հմտութիւններ ունե­ցող, քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան կեանքին մէջ մեծ ապա­գայ խոստա­ցող անձնաւո­րութիւն է: Բայց Ուա­շինկթը­նը փորձարկումնե­րու դաշտ չէ, ոչ ալ նորեկնե­րու համար քաղա­քա­կան-դիւա­նա­գի­տա­կան դպրոց, կամ՝ պրակտի­կանտնե­րու գործա­տե­ղի: Մա՛նաւանդ այս օրե­րուն, երբ յետ-թրամփեան ԱՄՆի մէջ տեղի կ’ունե­նան արտա­քին քաղա­քա­կա­նութեան մշակման նոր խմո­րումներ, Ուա­շինկթը­նի մէջ Հայաստա­նի ներկա­յա­ցուցի­չի փորձա­ռութիւնը, Գոնկրէ­սի միջանցքնե­րու եւ պետքարտուղա­րութեան գրա­սե­նեակնե­րու անցուդարձե­րուն քաջա­տե­ղեա­կութիւնը ոչ միայն անհրա­ժեշտութիւն են, այլ նաեւ՝ նախա­պայման: Դեռ չեմ ուզէր խօսիլ հայկա­կան համայնքնե­րուն, լոբբիստա­կան կազմա­կերպութիւննե­րուն, ազդե­ցիկ հայ անհատնե­րու հետ յարա­բե­րութեանց նրբութիւննե­րուն տիրա­պե­տե­լու կարեւո­րութեան մասին: Մակունցի թեկնա­ծութիւնը ու՞ր քննարկուած է, արտա­քին գործե­րու նախա­րա­րութեան համա­պա­տասխան գերատեսչութիններու՞ն, Քաղա­քա­ցիա­կան Պայմա­նա­գիր կուսակցութեան վարչութեա՞ն, թէ՞ վարչա­պե­տի գրա­սե­նեա­կին մէջ: Արդեօ՞ք հաշուի առնուած են վերոնշեալ նուա­զա­գոյն պահանջնե­րը, արդեօ՞ք խորհրդակցութիւններ տեղի ունե­ցած են նոյն այս իշխա­նութեան մէջ գործող եւ Ամե­րի­կա­յէն եկած, ամե­րի­կեան քաղա­քա­կա­նութեան ծանօթ բարձրաստի­ճան պաշտօ­նեա­նե­րու հետ, արդեօ՞ք նկա­տի առնուած են հայաստա­նեան եւ սփիւռքեան մասնա­գի­տա­կան շրջա­նակնե­րու կարծիքնե­րը, թէ՞ սա ընդա­մէ­նը, ըստ սովո­րութեան, քաղա­քա­կան նեղ շրջա­նա­կի մը որո­շումն է:

Ժամա­նակն է, որ այս իշխա­նութիւննե­րը վերա­տե­սութեան ենթարկեն ոչ միայն դեսպա­նի նշա­նակման հարցը, այլեւ՝ իրենց ամբողջ գործե­լա­ձեւը, գոնէ մինչեւ նոր ընտրութիւններ, որոնք յոյսով ենք տեղի պիտի ունե­նան մօտիկ ապա­գա­յին: Կարկի­նը առանց լայն բանա­լու, ոչ-ներա­ռա­կան, այլեւ նեղ շրջա­նա­կի մէջ առնուած որո­շումնե­րը, այն ալ սեփա­կան ուժերն ու կարո­ղութիւննե­րը գերագնա­հա­տող իշխա­նութիւննե­րու կողմէ, ողջունե­լի չեն ու չեն կրնար ըլլալ: Այս իսկ պատճա­ռով, սեփա­կան ոտքե­րուն կրա­կե­լու նուրբ արուեստին տիրա­պե­տած այս իշխա­նութիւննե­րէն առա­ջին հերթին կ’ակնկա­լուի ազատ եւ արդար արտա­հերթ ընտրութիւննե­րու կազմա­կերպում: Մնա­ցեալ նշա­նա­կումնե­րը՝ յաջորդիւ:

ՍԻՎԻԼՆԵԹ, 3 ՓԵՏՐՈՒԱՐ, 2021

Առնչվող Հոդվածներ