26.4 C
Yerevan

…Ժողո­վուրդը Անպա­տիժ Չի Ձգեր Իր Վստա­հութիւնը Չարա­շա­հողնե­րը

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Նազա­րէթ Պէրպէ­րեան

«- Ես անգամ մը տեսայ այն շունը,- կատա­ղութե­նէն ֆշշա­լով պատմեց երի­տա­սարդ մը,- Համուտ Աղի Ղշլա­յի առջեւ կանգնած էր ոստի­կաննե­րու հետ։ Զիս տեսնե­լուն՝ հեգնօ­րէն ծիծա­ղե­ցաւ ու զիս մօտը կանչեց.-

Սենեա­կի մէջ Հաւա­քուած պատա­նի­նե­րու փսփսուքը դադրե­ցաւ։ Շունչերնին բռնած մտիկ կ’ընէին։

- «Լակոտնե՛ր»,- ըսաւ ինծի՝ ատրճա­նա­կը ձեռքին մէջ խաղցնե­լով,- «իմ մասին գէշ բաներ կը գրէք ձեր աշա­կերտա­կան թերթին մէջ։ Խելքերնիդ գլուխնիդ հաւա­քե­ցէք, ինծի հետ կատակ ընել չըլլար, ինծի Դհերցի Դաւօ կ՚ըսեն, ձեր խերը կ’անիծեմ… Անգամ մ’ալ որ տող մը գրէք, ձեզ բոլորդ ալ կը փտեցնեմ բանտի մէջ: Ամէնքդ ալ կը ճանչնամ։ Այսպէս խապար տար ընկերնե­րուդ։ Տէ՛, կորսուէ աչքիս առջեւէն, շան լակոտ… ձեզ բոլորդ ալ պիտի փտեցնեմ»,- ու առանց խօսեցնե­լու՝ վռնտեց զիս։

Օրուան ամե­նա­կա­րող Դաւո­յի իրենց հասցէին ուղղած սպառնա­լի­քը ծանր թաթով չոքե­ցաւ սենեա­կի մէջ։ Ոմանք սարսա­փե­ցան, շատեր ալ բռունցքնին սեղմած՝ կատա­ղութեամբ լռե­ցին։ Ի՜նչ ըսես չէր կրնար ընել Դաւօն, որ մէկ օրէն միւսը դաւա­ճա­նութեան գնով դարձած էր կառա­վա­րութեան աչքի լուսը, ամե­նա­կա­րող գործա­կա­լը, որու խօսքը գետին չէր իյնար։ Միշտ շրջա­պա­տուած ոստի­կաննե­րով ու բազմա­թիւ զինուորնե­րով՝ Դաւօն Խաչ Փողա­նի վրայ կ’երեւէր, աջ ու ձախ սպառնա­լիքներ թափե­լով։

Տաճա­տը, որ նոյնպէս ուշադրութեամբ մտիկ ըրած էր, կամաց մը Պարգեւի կողը մխթեց։ Յայտնի էր, որ կ’ուզէր հարցում մը տալ պատմո­ղին, բայց չէր համարձա­կեր։

- Հը՛, Տաճատ, ի՞նչ է:

- Բան չկայ, Պարգեւ, միայն կ’ուզէի գիտնալ, թէ…

- Էդ ի՞նչ կը խօսիք էդ անկիւնը,- հարցուց պատմող պատա­նին՝ Տաճա­տի իրեն յառած աչքե­րէն կռա­հե­լով, որ իր մասին կը խօսին։

- Հի ՛չ, բան չկայ․․. դուն քովդ ատրճա­նակ ունէի՞ր։

- Հա, ի՞նչ կայ որ…

Տաճա­տի վայրագ աչքե­րը վայրկեան մը խաղա­ցին իրենց բունին մէջ եւ առանց պատասխա­նե­լու՝ գլուխը անդին դարձուց։

Տաճա­տի պատասխան չտալն ու գլուխը անդին դարձնե­լը զայրա­ցուց վերի անկիւնը նստած պատա­նիին…

- Ծօ՛, խլլոտ, ի՞նչ ըսել կ’ուզես…

- Հէ՛չ,- չոր կերպով պատասխա­նեց Տաճա­տը։

- Ինծի նայէ,- մատը թափա­հա­րե­լով սպառնաց պատա­նին,- կօշի­կէդ վեր մի՛ ելլեր… տեղդ նստիր ու քիթդ մի կոխեր տղա­մարդու գործի մէջ։

- Ինծի՞ կ’ըսես։

- Հա՛, քեզի․․.

Շուրջի ընկերնե­րը միջամտե­լով՝ հանդարտե­ցուցին երկու կռուողնե­րը, որոնք զայրա­ցած տեղերնէն բարձրա­ցած էին: Անա­խորժ միջա­դէ­պը մոռցնե­լու մտօք, հաւա­քուած պատա­նի­նե­րէն Գալուստը սկսաւ Դաւո­յի մէկ ուրիշ քաջա­գործութեան մասին պատմել։

- Կէս գիշե­րը անցած էր, երբ յանկարծ չորս կողմէն շրջա­պա­տե­ցին մեր դրա­ցի Էրկան Կարո­յենց տունը։ Նախ քան Կարո­յենց տունը մտնելնին, շրջա­պա­տի բոլոր տնե­րու տանիքնե­րը բռնուե­ցան զինուորնե­րու կողմէ։ Ատոնցմէ 5–6 զինուոր ալ մեր տան տանի­քը բարձրա­նա­լով՝ դիրք բռնե­ցին։ Ես աղմուկէն արթնցած էի։ Մօտե­ցայ պատուհա­նին ու վարա­գոյրի ծայրը բարձրացնե­լով՝ սկսայ դիտել փողո­ցի անցուդարձը։ Պայծառ լուսի­նը ցերե­կուան նման կը լուսաւո­րէր։ Որոշ կերպով կարե­լի էր տեսնել, նոյնիսկ ճանչնալ մարդի­կը։ Տունը շրջա­պա­տող զինուորնե­րը դիրքեր բռնած՝ կը սպա­սէին։ Ինչպէս կ’երեւէր, կը սպա­սէին մէկու մը գալուն։ Մէկ ալ փողո­ցը գտնուող զինուորնե­րու մէջ շարժում մը սկսաւ։ Փողո­ցի վերի կողմէն երեւցան խումբ մը մարդիկ, որոնք արագ քայլե­րով կը մօտե­նա­յին։ Սիրտս սկսաւ մուրճի պէս զարնել։ Ամբողջո­վին տեսո­ղութիւն կտրած էի։ Հասան մեր դրան մօտ ու կանգ առին Կարո­յի դրան քով։ Գրե­թէ միա­հա­սակ մարդիկ էին, միա­ձեւ հագուստնե­րով, ու բոլո­րի գլուխներն ալ պաշլուխով փաթթուած՝ այնպէս որ ոչ մէկու դէմքը կարե­լի էր տեսնել։

- Այդ՝ դաւա­ճա­նի սովո­րա­կան ծպտումն է,- Գալուստին ընդմի­ջեց Արսէ­նը,- գիշե­րա­յին խուզարկութիւննե­րու ժամա­նակ, Դաւօն ինքնութիւնը ծածկե­լու համար, զինուո­րի համազգեստով կը պտը­տի միշտ բազմա­թիւ հետեւորդնե­րով։

- Ա՜խ, երա­նի անգամ մը դէմ դիմաց հանդի­պէի այդ սրի­կա­յին,- հոգոց հանե­լով փսփսաց Պարգեւը Տաճա­տի ականջին․

- Ես գիտեմ թէ ի՜նչ կ՚ընէի․․․

Տաճա­տը ատամնե­րը սեղմած՝ նայե­ցաւ ընկե­րո­ջը, քիթը տրո­րեց բռունցքով, աչքե­րը պսպղա­ցին ու գլուխը շարժեց, որպէս թէ ըսել ուզէր՝ ես ալ գիտեմ թէ ի՛նչ կ՚ընէի:

* * *

Մալխա­սի հանրա­յայտ «Զարթօնք» յուշագրա­կան վէպէն առնուած է վերեւի հատուա­ծը, որ վանե­ցի յեղա­փո­խա­կան պատա­նի­նե­րու հանդիպման մասին հպանցիկ, այլեւ հոգե­հա­րա­զատ պատումով՝ ակնարկ մը կը նետէ Հայկա­կան Յեղա­փո­խութեան տխրահռչակ մատնիչնե­րէն ԴԱՒԱՃԱՆ ԴԱՒՕ-ի մասին։

Վանի դաշնակցա­կան գործիչնե­րէն էր դհերցի Դաւոն, որ Փետրուար 5‑ի օրը՝ 1908 թուա­կա­նին, թուրք ոստի­կա­նութեան մատնեց աւե­լի քան տասնա­մեակ մը Վանի հայութեան կուտա­կած ու գաղտնի թագստոցնե­րու մէջ պահած ինքնա­պաշտպա­նութեան զէնքե­րու եւ զինամթերքի պահեստա­նոցնե­րը։

Դաւա­ճան Դաւօ իր ազգա­դաւ յանցա­գործութեան համար նոյնինքն ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ որո­շումով ենթարկուե­ցաւ մահա­պա­տի­ժի՝ Մալխա­սի յուշա­վէ­պով նկա­րագրուած պատա­նի ՏԱՃԱՏ-ի (Թերլե­մէ­զեան) ձեռամբ:

Յուշա­տետրի առանձին էջով՝ ներկա­յա­ցուած է սեւ ու ամօ­թա­լի դրուա­գը դհերցի Դաւո­յի ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ։

Բարի լոյս՝ իր ծոցին մէջ դիակ չպա­հող մեր ժողո­վուրդին եւ անոր յեղա­փո­խա­կան յաղթարշաւին, որ միշտ ալ գիտցաւ ազգա­յին մեր ՇԱՂԱԽ-էն հեռացնել ԱՐԻՒՆՈՏ ԹԹԽՄՈՐ‑ը , օգտա­գործե­լով Աւե­տիս Ահա­րո­նեա­նի հռչա­կաւոր պատմուածքին խորագրի պատկե­րաւոր բնութագրումը։

Բարի լոյս ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԵԱՆ՝ հայ ժողո­վուրդի ԱՐԻՒՆ-ը ծծող ու ՔՐՏԻՆՔ-ը վատնող ցեցե­րէն ու վնա­սա­կար տարրե­րէն մեր երթը մաքրե­լու։

Դիւրին է որեւէ ժողո­վուրդի վստա­հութեան տիրա­նալ պատե­հա­պաշտութեամբ։ Դիւրին է նաեւ ժողո­վուրդի վստա­հութիւնը իբրեւ սանդուխ օգտա­գործել՝ իշխա­նութեան գահե­րու վրայ բարձրա­նա­լու համար։ Բայց զգո՜յշ՝ որեւէ ժողո­վուրդ տրա­մա­դիր չէ եղած անպա­տիժ ձգե­լու իր վստա­հութիւնը չարա­շա­հողնե­րը։

Հայ ժողո­վուրդի ազգա­յին-ազա­տագրա­կան պայքա­րին հերո­սա­պա­տումը յագե­ցած է ոչ միայն հայութեան թշնա­մի­նե­րը, այլեւ ներքին մակա­բոյծներն ու տզրուկնե­րը խստա­գոյնս պատժե­լու ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԵԱՄԲ։

Հայաստա­նի վերանկա­խա­ցումէն եւ հայոց Հանրա­պե­տութեան վերա­կանգնումէն ասդին՝ մեր ժողո­վուրդի ամբողջա­կան ազա­տագրումի պայքա­րը թէեւ նոր ժամա­նակնե­րու հունով յառաջ կը շարժի, այդուհանդերձ՝ այսօր եւս կը դիմագրաւէ ՔԱՂՑԿԵՂ‑ը սեփա­կան ժողո­վուրդին վստա­հութիւնը չարա­շա­հել փորձող ԽԼՈՒՐԴ-ներու։

Բարի լոյս՝ ազգա­յին ինքնա­մաքրման ուղին միշտ բաց, այլեւ անարգել պահե­լու մարտունա­կութեան։

Բարի լոյս՝ հաւա­տաւորնե­րուն, եւ արթուն պայքար՝ ընդդէմ մերօ­րեայ հայ մարդու միտքն ու կամքը ամէն կարգի կաշառքի եւ շահա­տա­կումի թոյնով ջլա­տե­լու պատե­հա­պաշտութեան»։

Առնչվող Հոդվածներ