28.6 C
Yerevan

«Քաղա­քա­կան Հիւանդութեան Դէմ Պատվաստ Չկայ»

Րաֆֆի Տուտագլեան

Մօտ շաբաթ մը առաջ մեր հայրե­նա­դարձ ընկերնե­րէն Մատլէ­նը տեղե­կա­ցուց, որ Կովիտ-19‑ի դէմ պատուաստումնե­րը պիտի սկսին շուտով: Տարեցներն ու քրո­նիկ հիւանդութիւններ ունե­ցողնե­րը եթէ կ’ուզեն պատուաստուիլ, պէտք է հեռա­ձայնեն Հիւանդութիւննե­րու Կանխա­գիլման Ազգա­յին Կեդրոն (ՀԿԱԿ) եւ գրանցուին, ըսաւ Մատլէն:

Անմի­ջա­պէս զանգե­ցի ՀԿԱԿ եւ բացատրե­ցի, որ սրտի անկա­նոն զարկ եւ բարձր ճնշում ունիմ եւ կ’ուզեմ իմա­նալ, թէ ե՞րբ կրնամ պատուաստ ստա­նալ: Բացատրե­ցին, որ ռուսա­կան Sputnik V պատուաստնե­րը շուտով կը հասնին Հայաստան, եւ ես պէտք է սպա­սեմ իրենց հեռա­խօ­սա­զանգին: «Մենք ձեզ կը զանգենք ու կը հրաւի­րենք պատուաստման», ըսաւ ՀԿԱԿ‑ի պաշտօ­նեան:

Երեկ երե­կո­յան անծա­նօթ համա­րէ մը հեռա­խօ­սա­զանգ ստա­ցայ: Զարմա­ցայ, երբ  զանգո­ղը տեղե­կա­ցուց, որ զիս «կ’անհանգստացնէ» ՀԿԱԿ‑ի բժիշկը: «Կարո՞ղ էք պատուաստման համար վաղը ժամը 12-ին գալ Ազգա­յին Կենտրոն»: Այո պատասխա­նե­ցի եւ հասցէն ու հեռա­խօ­սա­հա­մա­րը կրկին անգամ ստուգե­լէ ետք, ժամադրութիւնը գրանցե­ցի հեռա­խօ­սիս համա­պա­տասխան բաժնին մէջ:

Ժամը 12 չեղած արդէն ՀԿԱԿ էի: Զիս ուղարկե­ցին լաւ նորո­գուած, մաքուր եւ լաւ լուսաւո­րուած շէնքի կողքի մուտքը: Ինծմէ առաջ քանի մը հոգի արդէն մտած էին պատուաստումնե­րու սենեակ: Բուժքոյրը դուրս եկաւ եւ բացատրեց, որ առա­ջին հերթին կանայք պիտի պատուաստուին եւ ապա ներս պիտի հրաւի­րեն տղա­մարդոց: Մինչ առանձին կը սպա­սէի, ներս մտան տարեց կին մը եւ իր ամուսի­նը: Կնոջ հրաւի­րե­ցին սենեակ, մնա­ցինք ես ու տղա­մարդը եւ սկսանք զրուցել աջէն ու ձախէն: Այս օրե­րուն կը խուսա­փիմ մարդոց հետ քաղա­քա­կա­նութիւն խօսե­լէ, որովհե­տեւ տրա­մա­բա­նութե­նէ աւե­լի կիրքն է, որ կը խօսի մարդոց մօտ:  Բայց այս զրուցա­կիցս՝ Արշա­կը, զարգա­ցած, կատա­կա­սէր եւ բանի­մաց մարդ մըն էր եւ ուրեմն առանց վարա­նե­լու սկսանք խօսիլ ամէն ինչի մասին: Քիչ ետք, պատուաստ ստա­ցած կանայք սենեա­կէն դուրս եկան եւ բուժքոյրը մեզի ներս հրաւի­րեց, եւ մեր առողջութեան մասին քանի մը հարցում հարցնե­լէ ետք, իւրա­քանչիւրիս տուաւ թուղթի վրայ տպուած՝ SputnikVպա­տուաստի մասին տեղե­կութիւններ: Կարդա­ցինք եւ ստո­րագրե­ցինք:

«Դե հիմա արդէն կարաք մեզ չիփաւո­րէք», կատա­կեց Արշակ: «Բայց ասեմ, շատ փող չունեմ, ոչ էլ քաղա­քա­կան ամբի­ցիա­ներ, ուրեմն էդ չիփը ոչ մի բան էլ ձեզ չի տալու», ըսաւ ան: 

«Ոչինչ, մենք էդ չիփով ապա­գան էլ ենք կարդում: Կը կարո­ղա­նանք գուշա­կել թէ՛ փող ունե­նա­լու, թէ էլ ձեր պատգա­մաւոր ընտրուե­լու օրը», ծիծա­ղե­լով պատասխա­նեց բժշկուհին: Խնդա­ցինք ու մեր թեւե­րը յանձնե­ցինք մեզ «չիփաւո­րողնե­րուն»:

Բժշկուհին ցոյց տուաւ սառնա­րա­նէն նոր բերուած սրուա­կը եւ բացատրեց, թէ Sputnik V պատուաստը նոյնպէս սառցա­րա­նի մէջ կը պահուի եւ պէտք է խստօ­րէն հետեւիլ պահպանման կանոննե­րուն: Առա­ջին սրսկումէն 21 օր ետք պէտք է գանք կեդրոն եւ ստա­նանք երկրորդ սրսկումը, ըսաւ ան: Մինչ այդ, մինչեւ երեք օր եթէ տաքութիւն, մկա­նա­յին ցաւ կամ թուլութիւն ունե­նանք, կրնանք սովո­րա­կան ցաւազրկող խմել: Իսկ երեք օր «չի կարե­լի ալկո­հոլ օգտա­գործել», եզրա­փա­կեց բժշկուհին:

Պատուաստումէն ետք Արշակ դարձեալ սկսաւ կատա­կել: «Մեր հայրե­նա­դարձ եղբայրը ուզում ա իմա­նալ, թէ արդեօ՞ք պատուաստում էք նաեւ մեր երկրում օրէ օր շատա­ցող աթո­ռա­մոլ քաղա­քա­կան հիւանդնե­րին», հարցուց բժիշկին:

«Ցաւօք, էդ հիւանդութիւնը անբուժե­լի է, եւ ոչ միայն մեր երկրում…: Դրա համար դիմէք Աստծոյ միջամտութեան: Չգի­տեմ, նա կը կարողանա՞յ աթո­ռա­մո­լութեան պատուաստը ստեղծել…», ժպտա­լով պատասխա­նեց բժշկուհին:

Ցտե­սութիւն ըսե­լէ առաջ ուզե­ցի հասկնալ, թէ որքա՞ն պիտի վճա­րենք պատուաստումի համար: 

«Վճա­րում չկայ, ռիսկա­յին խմբե­րի պատուաստման ծախսը հոգում է պետութիւնը», ըսաւ բժշկուհին: Շնորհա­կա­լութիւն յայտնե­ցինք ու բժշկուհիի խորհուրդով քիչ մըն ալ սպա­սե­լէ ետք, վերա­դարձանք մեր աշխա­տանքին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

Civilnet.am

Առնչվող Հոդվածներ