16.9 C
Yerevan

Այլընտրանքի Մը Ինքնա­հաստատման Պահը

ԳՇ‑ի Վարչա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նը պահանջող հակա­սահմա­նադրա­կան քայլով՝ երկի­րը տեղադրուե­ցաւ պետա­կա­նավնաս նոր հարցա­կաննե­րու դէմ յանդի­ման

Յարութ Գալայճեան

Այսօր, Ժողովրդա­յին Յեղա­փո­խութե­նէն 3 տարի ետք, Հայաստա­նի քաղա­քա­կան դաշտը ներքին եւ արտա­քին պատճառնե­րով կը շարունա­կէ մնալ երկբեւե­ռայնութեան շրջա­նա­կին մէջ։Արձանագրելով հանդերձ, որ վերջին 2 նախա­գահնե­րու եւ իրենց լծա­կից կուսակցութիւննե­րու Արցա­խավնաս Գործուէութիւնը եւ անոնց բռնա­տի­րա­կան դերա­կա­տա­րութեամբ մեր պետա­կան կառա­վարման բոլոր կառոյցնե­րու աւա­տա­պե­տա­կա­նա­ցումը ծանրօ­րէն խոչընդո­տե­ցին՝ երկի­րը ժողովրդա­վա­րա­կա­նացնե­լու եւ համա­կարգա­յին բարե­փո­խումնե­րով յեղա­փո­խա­կա­նացնե­լու գործընթա­ցը. ՓԱՍՏՕՐԷՆ՝ յեղա­փո­խա­կան խոստումնե­րը մեծ մասամբ մնա­ցին օդին մէջ։

Անցնող տարուան Սեպտեմբե­րի 27-ին, արտա­քին (եւ գուցէ ներքին) ուժե­րու կողմէ բեմադրուած Արցա­խեան պատե­րազմի մարդկա­յին եւ տարածքա­յին մեր ահաւոր կորուստնե­րը եւ յատկա­պէս՝ անոնց նկատմամբ կարգ մը անհայրե­նա­սէրնե­րու պատե­հա­պաշտ շահա­գործումնե­րը յաւե­լեալ պղտո­րութիւն սրսկե­ցին քաղա­քա­կան երկբեւեռ աւա­զա­նին մէջ։

Պատե­րազմէն առաջ թափ առած եւ վերջին 6 ամիսնե­րուն մեր ժողո­վուրդին կողմէ մերժուածնե­րու Փողո­ցա­յին Ընդդի­մութեան ամբո­խա­վա­րա­կան պայքա­րը նոր լիցքաւո­րում ստա­ցաւ ԳՇ‑ի Վարչա­պե­տի հրա­ժա­րա­կա­նը պահանջող հակա­սահմա­նադրա­կան քայլով՝ ու երկի­րը տեղադրուե­ցաւ պետա­կա­նավնաս նոր հարցա­կաննե­րու դէմ յանդի­ման։

Միւս կողմէ, անհրա­ժեշտ է արձա­նագրել, որ ժողովրդա­յին ջախջա­խիչ մեծա­մասնութեան համար՝ Փողո­ցա­յին Ընդդի­մութեան ակնյայտօ­րէն կը պակսին իշխա­նութեան հասնե­լու բազում նախադրեալներ. այդուհանդերձ, միա­ժա­մա­նակ իրո­ղութիւն է, որ փոքրա­քա­նակ ու լրա­տուա­նիւթա­կան անհա­մե­մատ աղբիւրնե­րով զինուած զանգուա­ծով այդ բեւե­ռը՝ ցարդ յաջո­ղած է որո­շա­կիօ­րէն կայունազրկել ներքին քաղա­քա­կան կեանքը։

Փողո­ցա­յին Ընդդի­մութեան յաջո­ղութեան հասնե­լու յոյսե­րը դեռեւս կը մնան անհաւա­նա­կան սահմաննե­րէն ներս. որովհե­տեւ՝ ժողովրդա­վա­րութեան հանդէպ արհա­մարհանքը, քաղա­քա­կան սեփա­կան օրա­կարգի բացա­կա­յութիւնը եւ վիրաւոր ու ազգա­դաւ անցեա­լը իշխա­նութեան վերա­դարձով գերեզմա­նե­լու փորձը կրնան միայն ու միայն երկա­րաձգել ճգնա­ժա­մը։ ՆՈՅՆԻՍԿ, ԳՇ‑ի կասկա­ծե­լի օժանդա­կութեամբ ժամա­նա­կաւոր «յաղթա­նակ» մը ծունկի պիտի գայ ժողովրդա­յին անխուսա­փե­լի ապստամբութեան դիմաց։

Վերջին վիճա­կագրութիւննե­րը ցոյց կու տան, որ իշխա­նութեան ժողովրդա­յին վարկա­նի­շը որո­շա­կի անկում կրած է. շատ աւե­լի անկում ունի երկրորդ բեւե­ռի վարկա­նի­շը։ Ցայտուն փաստ է նաեւ՝ լուռ ու գերակշիռ բեւե­ռի մը ներկա­յութիւնը, որ միանգա­մայն՝ դժգոհ է երկուքէն։

Ի վերջոյ, դժուար չէ կանխա­տե­սել, որ այսօ­րուան երկբեւե­ռա­յին պայքա­րէն որեւէ յաղթա­նա­կող կողմ՝ իր ժխտա­կան անդրա­դարձը պիտի ունե­նայ 3‑րդ Այլընտրանքին վրայ, որ դեռեւս իր ժողովրդա­յին խարիսխը չէ բացայայտած։Եւ վերջա­պէս, ինքնա­խա­բէութիւն է կասկա­ծիլ, որ մերժուածնե­րու թէկուզ ժամա­նա­կաւոր յաղթա­նա­կով՝ պիտի ճզմուի ամէն ընդդի­մա­խօ­սութիւն. իսկ Նիկո­լա­կան յաղթա­նա­կով՝ պիտի չունե­նանք հաւա­սա­րակշռուած եւ ուժակշիռ իշխա­նութիւն։ ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ, մեր պետա­կա­նա­շի­նութեան հրա­մա­յա­կանն է, որ Արտա­հերթ Ընտրութիւննե­րէն ՎԱՅՐԿԵԱՆ ԱՌԱՋ՝ կայա­նայ 3‑րդ Այլընտրանքին Ինքնա­հաստա­տումը։

Առնչվող Հոդվածներ